10 նոյեմբեր 2015
Թեհրանի մէջ սկսած է Իրան-Հայաստան գործարար համաժողովը, որուն կը մասնակցի Հայաստանի տնտեսութեան նախարարին գլխաւորած պատուիրակութիւնը, որուն մէջ` 65 հայ գործարարներ:
Այցելութեան ծիրին մէջ կը նախատեսուի, որ նախարար Կարէն Ճշմարիտեան հանդիպումներ ունենայ Իրանի պետական պաշտօնեաներուն հետ, որոնց մէջ հիմնականօրէն` արդիւնաբերութեան, հանքերու եւ առեւտուրի նախարար Մոհամետ Ռեզա Նեմաթ Զատէի, Իրանի տնտեսութեան (տնտեսական յարաբերութիւններու) եւ ելեւմուտքի նախարար Ալի Թայեպնիայի, տեղեկատուական եւ հեռահաղորդակցական արհեստագիտութեան նախարար Մահմուտ Ուայեզիի, առեւտուրի, արդիւնաբերութեան, հանքերու եւ գիւղատնտեսութեան պալատի նախագահ Մոհսեն Ճալալպուրի հետ:
Իրանցի անձնաւորութիւններուն հետ պիտի քննարկուին երկու երկիրներուն տնտեսական զարգացման հեռանկարները, Հայաստանի` Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամակցութեան եւ Եւրոպական Միութեան հետ փոխգործակցութեան աշխուժացման ծիրին մէջ համագործակցութեան նոր կարելիութիւնները, տեղեկատուական արհեստագիտութեան եւ ստեղծագործական մարզին մէջ փոխադարձ հետաքրքրութիւնները, ինչպէս նաեւ տարբեր ոլորտներու ընկերութիւններու միացեալ ծրագիրներու իրականացման աջակցութեան, Իրանի հայկական ապրանքներու արտածման կարելիութիւններուն առնչուող եւ երկուստեք հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցեր:
Համաժողովին բացման հանդիսութեան խօսք առած են Իրանի արդիւնաբերութեան, հանքերու եւ առեւտուրի նախարար Մոհամետ Ռեզա Նեմաթ Զատէ եւ Հայաստանի տնտեսութեան նախարար Կարէն Ճշմարիտեան:
Գործարար համաժողովին ընթացքին տեղի պիտի ունենայ «Շրջանային հնարաւորութիւններու խաչմերուկին վրայ համագործակցութիւններու միաւորում» նիւթով քննարկում, տեղի պիտի ունենան «Իրանի գործարար միջավայրը» եւ «Հայաստանի գործարար միջավայրը» խորագիրով շնորհահանդէսներ, ինչպէս նաեւ «Առեւտուրի եւ ներդրումներու ոլորտային հնարաւորութիւնները» խորագիրով ուժանիւթի, ելեւմտական-դրամատնային, փոխադրութեան եւ այլ մարզերու վերաբերող համաժողովներ:
Գործարար համաժողովի ծիրին մէջ Հայաստանի Արտահանման ապահովագրական գործակալութիւնը եւ Իրանի արտահանման երաշխաւորութեան հիմնադրամը պիտի ստորագրեն Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ առեւտուրի եւ ներդրումներու խթանման վերաբերող համագործակցութեան փոխըմբռնման յուշագիր:
Նախատեսուած են նաեւ Հայաստանի եւ Իրանի գործարարներու անհատական հանդիպումներ:
ԱԶԴԱԿ
http://www.aztagdaily.com/