Ռուսական Հալածիչներ Դէմ Դրած Են Իսրայէլեան Ռմբաձիգներու

Ռուսական Հալածիչներ Դէմ Դրած Են Իսրայէլեան Ռմբաձիգներու

13 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթը հաղորդեց, որ ռուսական հալածիչներ անցեալ երկուշաբթի օր դէմ դրած են իսրայէլեան ռմբաձիգներու, որոնք հարուածելու կը պատրաստուէին Դամասկոսի արուարձանները, ուրկէ Իսրայէլի ուղղութեամբ հրթիռներ արձակուած էին:

Իսրայէլեան բանակը երկուշաբթի օր յայտարարեց, թէ Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի «Քուտս» ջոկատին պատկանող խմբակի մը կողմէ Սուրիայէն դէպի Իսրայէլ հրթիռներու «ձախող արձակում» նկատած է` աւելցնելով, որ Դամասկոսի մօտէն արձակուած հրթիռները մուտք չեն գործած Իսրայէլ:

Իսրայէլեան բանակի բանբեր Աւիխայ Ատրահի յայտնած էր, որ «իսրայէլեան բանակը սուրիական վարչակարգը պատասխանատու կը նկատէ իր հողերէն հրթիռարձակման համար»` աւելցնելով. «Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակարգը կը զգուշացնենք, թէ սուղ գին պիտի վճարէ իրանցիներուն եւ շիի միլիսներուն իր հողերուն վրայ գործելը արտօնելուն համար, (վարչակարգը) աչք կը փակէ եւ մինչեւ իսկ անոնց հետ կը գործակցի: Ատիկա մեզմէ ծածկուած չէ: Բոլորը վկայ են, որ մենք զգուշացուցինք»:

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ հանդիպում ունենալու համար Սոչի մեկնելէ առաջ նշեց. «Սուրիական բեմը գլխաւոր բեմ է, եւ այդ մասին կը լսենք մերթ ընդ մերթ: Մեր կարծիքով` շատ կարեւոր է իսրայէլեան բանակին ու օդուժին իրանեան թիրախներու, Հըզպալլայի պատկանող եւ այլ թիրախներու դէմ ունեցած գործունէութեան ազատութեան պահպանման շարունակութիւնը: Այս այցելութեան նպատակը շարունակելն է այդ կարեւոր համակարգումը, որ արգելք կը հանդիսանայ մեր եւ ռուսական ուժերուն միջեւ բախումներու:

«Այցելութեան նպատակը նաեւ շարունակելն է աշխատանքը հասարակաց նպատակի ուղղութեամբ, որուն շուրջ համաձայնեցանք, սակայն տակաւին չէ իրագործուած, ինչպէս նաեւ տակաւին երկար ճամբայ կայ կտրելիք մինչեւ իրականանայ այդ նպատակը` Իրանը Սուրիայէն դուրս բերելը: Այդ է այցելութեան նպատակը»:

aztagdaily.com/archives/457806

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail