«ՀԱՊԿ-ի Մէջ Ազրպէյճանին Կարգավիճակ Տալու Հարց Չի Քննարկուիր» Կ՛ըսէ Սեմերիքով
13 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) մէջ որեւէ երկիրի գործընկերոջ, դէտի կամ անդամի կարգավիճակ տալու որոշումը կը կայացուի համախոհութեամբ: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այս մասին երէկ լրագրողներու հետ զրոյցին ընթացքին ըսաւ ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնակատար Վալերի Սեմերիքով:
Անդրադառնալով ՀԱՊԿ-ի մէջ Ազրպէյճանին կարգավիճակ տալու վերաբերեալ խօսակցութիւններուն` ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնակատարը ընդգծեց, որ Ազրպէյճանի կողմէ որեւէ դիմում չէ ներկայացուած, եւ այդ հարցը չէ քննարկուած:
«Ուրկէ՞ ծագած են այդպիսի տեղեկութիւններ: Մէկը արտայայտած է իր անձնական կարծիքը, եւ ընթացք տուած այդ հարցի քննարկումին: Կը հասկնա՞ք` ատիկա սխալ է: Գոյութիւն ունին ընթացակարգային կանոններ, պահանջներ, զորս ՀԱՊԿ-ի անդամները ընդունած են, եւ որոնք պէտք է անխտիր կատարուին: Միայն ատկէ ետք կրնայ քննարկուիլ կարգավիճակի հարցը», ըսաւ Սեմերիքով:
Ան շեշտեց, որ յատկապէս կարգավիճակի հարցը անպայման պէտք է ընդունուի համախոհութեան ամբողջական պահպանմամբ:
«Եթէ ՀԱՊԿ-ի անդամ երկիրներէն որեւէ մէկը համաձայն չըլլայ, բնականաբար, որոշում պիտի չվաւերացուի: Ատոր համար գոյութիւն ունի կանոնագիր եւ պայմանագիր, որոնցմով կ՛առաջնորդուինք: Դուք, ըստ երեւոյթին, քանի մը անգամ համոզուած էք. նոյնիսկ տեսաք` ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի նշանակման հարցը որքան տեւեց: Մինչեւ մենք համախոհութիւն չգոյացնենք, եւ բոլոր անդամ երկիրները չստորագրեն, որոշում չի կայանար», աւելցուց Սեմերիքով:
ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնակատարին համաձայն, կազմակերպութեան դռները բաց են բոլոր երկիրներուն համար, եւ իւրաքանչիւր պետութիւն կրնայ փափաք յայտնել դառնալու կազմակերպութեան գործընկեր, դէտ կամ անդամ, սակայն կան որոշ սահմանափակումներ, որոնք ներկայացուած են արժեչափային փաստաթուղթերուն մէջ:
Նշենք, որ 10-11 սեպտեմբերին Երեւանի մէջ տեղի ունեցան ՀԱՊԿ-ի անդամ պետութիւններու ռազմատնտեսական համագործակցութեան միջպետական յանձնախումբի աշխատանքային խումբի նիստերը:
aztagdaily.com/archives/457808