Ոսկանեան Ռումանիոյ Խորհրդարանին Կոչ Ըրած է Ընդունելու Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչցող Յայտարարութիւն

Ոսկանեան Ռումանիոյ Խորհրդարանին Կոչ Ըրած է Ընդունելու Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչցող Յայտարարութիւն

13 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2019 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ:

ALDE կուսակցութեան պատգամաւոր, Ռումանիոյ Հայոց Միութեան նախագահ Վարուժան Ոսկանեան Ռումանիոյ Պատգամաւորներու պալատի լիագումար նիստի ընթացքին կոչ ըրած է Խորհրդարանին Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող քաղաքական յայտարարութիւն ընդունելու:

Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմենփրես»-ը, վկայակոչելով Agerpres գործակալութիւնը, ան յայտարարութիւնը ըսած է Ռումանիոյ Հրէական պատմութեան եւ Հոլոքոսթի ազգային թանգարանի հիմնադրման մասին օրէնքի նախագիծի քննարկումներու ընթացքին։ «Մենք միաձայն դիրքորոշում ունինք Հոլոքոսթի դատապարտման հարցով: Կը խնդրեմ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը ներառել Խորհրդարանի կուսակցութիւններու օրակարգին մէջ եւ քաղաքական յայտարարութեան մէջ: Սա այն թեման է, որմէ մինչեւ հիմա Ռումանիոյ կուսակցութիւնները խուսափած են: Աշխարհի մէջ կան տասնեակ խորհրդարաններ, Եւրոխորհրդարանը եւ եւրոպական բոլոր երկիրներու խորհրդարանները, որոնք հանդէս եկած են այդպիսի յայտարարութիւններով` ճանչնալով Հայոց Ցեղասպանութիւնը», – ըսած է Ռումանիոյ Հայոց Միութեան նախագահը:

Ան յայտարարած է, որ նման ծաւալներու ոչ մէկ ողբերգութիւն «մայրենի լեզու ունի»: «Երբ կը խօսինք նման ողբերգութեան մասին, մենք միեւնոյն ատեն կը խօսինք աշխարհի բոլոր ողբերգութիւններու մասին, եւ նման ոչ մէկ ողբերգութիւն «մայրենի լեզու» ունի: Այս պատճառով է, որ կը կարծեմ, թէ Հոլոքոսթի ճանաչումը պէտք է համաչափօրէն ուղեկցուի եւ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման քաղաքական մօտեցումով, որ, թէեւ, Ռումանիոյ մէջ թանգարան չ՛ունենար, քանի որ այս Ցեղասպանութիւնը տեղի չի ունեցած Ռումանիոյ տարածքին, այլ, ընդհակառակը, Ռումանիոյ տարածքը դրախտ դարձած էր բոլոր անոնց համար, որոնք փրկուած էին Ցեղասպանութենէն, սակայն ասիկա կը բերէ մարդկութեան բոլոր նման վէրքերու հաւասար բուժման մարտահրաւէրի գաղափարը», – աւելցուցածէ Ոսկանեան:

yerakouyn.com/2019/09/13/ոսկանեան-ռումանիոյ-խորհրդարանին-կոչ/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail