Սեդօ Պոյաճեան – ՍՓԻՒՌՔԸ ՊԱՌԱԿՏՄԱՆ ՎԱՅՐ ՉԷ – Սփիւռքի մէջ բաժանումներ առաջացնելու աշխատանքը նորութիւն չէ
ՍՓԻՒՌՔԸ ՊԱՌԱԿՏՄԱՆ ՎԱՅՐ ՉԷ
Սեդօ Պոյաճեան
Սփիւռքի մէջ բաժանումներ եւ կողմեր առաջացնելու աշխատանքը նորութիւն չէ։ Սովետական միութիւնը իր ամբողջ համակարգով եւ ուժով փորձեց կատարել զայն, եւ ձախողեցաւ։
Երբեմն որոշ Արեւմտեան պետութիւններ փորձեցին ճակատներու բաժնել մեր գաղթօճախները, եւ ձախողեցան։
Վերանկախացած հայրենիքի առաջին նախագահը, հետեւելով իր պոլշեւիկ պապերու մարտավարութեան, փորձեց նոյն բանը, եւ ձախողեցաւ։
Տակաւին կան հայրենի պետական այրեր, որոնք Սփիւռքի պառակտման պոլշեւիկեան ախորժակները վառ կը պահեն։ Ասոնք եւս պիտի ձախողին։
Պիտի ձախողին, քանի որ Սփիւռքը պառակտման վայր չէ։
Սփիւռքի պառակտումը որոճացող բոլո՛րը, բոլո՛րը, միշտ պիտի ձախողին, որովհետեւ «Ազգին համար սփիւռքահայութիւնը ունի բարոյական եւ քաղաքական անժամանցելի արժէք ու կարեւորութիւն։
Հիմնականին մէջ իբրեւ Հայոց Ցեղասպանութեան հետեւանք տարագիր դարձած հայերու անհատական եւ հաւաքական վերականգնումը, ինքնակազմակերպումը եւ քաղաքականացումը ազգային պատմական իրագործում է։
Սփիւռքեան համայնքները կերտած են քաղաքական, տնտեսական եւ կազմակերպական իւրայատուկ ներուժ, որ պէտք է հունաւորուի դէպի Հայաստանի հզօրացումը եւ համայն հայութեան ինքնահաստատումը։» (ՀՅԴ 33-րդ Ընդհանուր Ժողով, Յունուար 2019, Ստեփանակերտ, Արցախ)
Հետեւաբար, ինչպէս անցեալին, նաեւ ներկայիս ու ապագային, Սփիւռքի պառակտման փորձերը միշտ պիտի շիջանին։
Նաեւ, կէտ մը եւս։ Սփիւռքը յեղափոխականացնելու համար արձակուած փուչիկները ժամանակավրէպ են։
Սփիւռքը շատոնց ինքզինք թէ՛ յեղափոխականացուցած է եւ թէ՛ քաղաքականացուցած։
www.facebook.com/seto.boyadjian?