Ազրպէյճան «Սեւ Ցուցակին» Վրայ Պիտի Ներառէ Արցախ Այցելած Ֆրանսացի Երեսփոխաններու Անունները
14 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակած է յայտարարութիւն մը, որ կը վերաբերի Արցախի Հանրապետութիւն այցելած ֆրանսացի երեսփոխաններուն:
Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանը 11 սեպտեմբերին հանդիպում ունեցած էր ֆրանսացի երեսփոխաններու հետ: Նոյն օր ֆրանսացի խորհրդականները տեսակցած էին նաեւ Արցախի խորհրդարանի նախագահ Աշոտ Ղուլեանի հետ:
Արցախ այցելած ֆրանսացի երեսփոխան Կի Թեսիէի անունը արդէն ներառուած է ազրպէյճանական «սեւ ցուցակ»-ին մէջ: Վալերի Պուայէի, Ժան-Փիեռ Քիւպերթաֆոնի, Մոհամմետ Լաքհիլայի, Դանիէլ Ղազարեանի, Կիոմ Գասպարեանի եւ ծերակուտական Փիեռ Ուզուլիասի անունները եւս պիտի ներառուին «սեւ ցուցակ»-ին մէջ:
Ազրպէյճանի մէջ Ֆրանսայի գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատարը կանչուած է արտաքին գործոց նախարարութիւն եւ անոր բողոքագիր յանձնուած:
aztagdaily.com/archives/457957