Նաղդալեան Արցախի Ընտրութիւնները Օրինակելի Կը Նկատէ

Նաղդալեան Արցախի Ընտրութիւնները Օրինակելի Կը Նկատէ

14 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2019 – ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Աննա Նաղդալեան 13 սեպտեմբերին տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին անդրադարձաւ Արցախի մէջ տեղի ունեցած տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն մասին եղած մեկնաբանութիւններուն, յատկապէս` Վրաստանի եւ Ուքրանիոյ կողմէ: Ան շեշտեց, որ 1991-էն ի վեր Արցախի մէջ անխափան կերպով տեղի ունեցած են ընտրութիւններ, որոնք կը նկատուին Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու տնօրինման դրսեւորումներէն: Ըստ անոր, դիտորդները արձանագրած են, որ ընտրութիւնները կայացած են ժողովրդավարական չափանիշներուն լիովին համապատասխան: «Այս 28 տարուան ընթացքին Արցախը ձեռք բերած է ժողովրդավարական ընտրութիւններ կայացնելու լաւ փորձ, ինչ որ անգամ մը եւս լուսարձակի տակ կը բերէ Արցախի լրջութիւնն ու կարողութիւնը` կառուցելու ժողովրդավարական հաստատութիւններ եւ երաշխաւորելու մարդու ազատ կամքի արտայայտութիւնը: Այս առումով կրնամ նշել, որ եթէ անհրաժեշտութիւն կայ, Արցախը կրնայ կիսուիլ իր այդ փորձառութիւնը», շեշտեց Նաղդալեան:

Ան վկայակոչեց նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն այն յայտարարութիւնը, որ իրենք կը ճանչնան Արցախի բնակչութեան` սեփական ապագային վերաբերեալ որոշում կայացնելու դերը: Ըստ անոր, մարդու իրաւունքներու գործադրութիւնը պայմանաւորուած չէ բնակութեան վայրի կարգավիճակով:

Նաղդալեան նաեւ խօսեցաւ Ազրպէյճանին զէնքի վաճառքի հարցին առնչութեամբ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) անդամ որոշ պետութիւններու ներգրաւուածութեան վերաբերեալ Հայաստանի մտահոգութիւններուն մասին: «Մենք մնայուն կերպով կը հետեւինք այդ հարցին: Ազրպէյճանին զէնքի վաճառքի հարցին մէջ ՀԱՊԿ-ի որոշ անդամ պետութիւններուն ներգրաւուածութեան մասին մեր մտահոգութիւնները հետեւողականօրէն բարձրաձայնուած են: Մեր դիրքորոշումը այն է, որ ասիկա բացասական ազդեցութիւն ունի ինչպէս կառոյցի հեղինակութեան, այնպէս ալ համագործակցութեան վրայ: Կրնամ վստահեցնել, որ մեր մտահոգութիւնները լսելի են», դիտել տուաւ ան:

Բանբերը անդրադարձաւ Ազրպէյճանի` ՀԱՊԿ-ին մաս կազմելու մասին լուրերուն եւ ըսաւ, որ կայ ՀԱՊԿ-ի կանոնադրութիւն, ուր յստակօրէն ամրագրուած են այն չափանիշները, որոնք պէտք են ե՛ւ դիտորդին, ե՛ւ գործընկերոջ: Մասնաւորապէս դիտորդի կարգավիճակի յաւակնող պետութիւնը պէտք է դիւանագիտական յարաբերութիւններ ունենայ ՀԱՊԿ-ի անդամ բոլոր պետութիւններուն հետ: Աւելի՛ն, դիտորդի կարգավիճակի յաւակնող պետութիւնը պէտք է աջակցի տագնապներուն բացառապէս խաղաղ լուծման: Ան շեշտեց, որ կայ կանոնադրութիւն, կան յստակ ամրագրուած դրոյթներ, եւ կայ ՀԱՊԿ-ի սկզբունքը, որ որոշումները կը տրուին համախոհութեան հիման վրայ: «Ուստի, առանց Հայաստանի համաձայնութեան, որեւէ մեկնաբանութիւն, կարծիք եւ դիրքորոշում կը մնայ միայն անհիմն», ըսաւ Աննա Նաղդալեան:

aztagdaily.com/archives/457951

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail