Լաւրով. «Սուրիոյ Մէջ Պատերազմը Աւարտած Է»

Լաւրով. «Սուրիոյ Մէջ Պատերազմը Աւարտած Է»

14 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարած է, թէ Սուրիոյ մէջ պատերազմը «իսկապէս աւարտած է»: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ ան այդ մասին ըսած է «Թրուտ» պարբերաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին:

«Երկիրը հետզհետէ կը վերադառնայ բնականոն, խաղաղ կեանքի: Լարուածութեան առանձին օճախներ կը յամենան միայն այն տարածքներուն մէջ, որոնք Սուրիոյ կառավարական ուժերու վերահսկողութեան տակ չեն, ինչպէս` Իտլիպը եւ Եփրատի արեւելեան ափը», նշած է ռուսական դիւանագիտութեան պետը:

Ըստ անոր, այդպիսի պայմաններու մէջ առաջնահերթ է Սուրիոյ մարդասիրական օժանդակութիւն ցուցաբերելու եւ «ճգնաժամը քաղաքական ճամբով լուծելու խնդիրը` հասնելու յուսալի եւ երկարաժամկէտ կայունութեան` թէ՛ Սուրիոյ, թէ՛ ալ Միջին Արեւելքի ամբողջ շրջանին մէջ»:

aztagdaily.com/archives/457985

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail