Փենթակոն Կը Հերքէ Սուրիոյ Հիւսիս Արեւելք 150 Զինուոր Ուղարկելու Լուրը

Փենթակոն Կը Հերքէ Սուրիոյ Հիւսիս Արեւելք 150 Զինուոր Ուղարկելու Լուրը

14 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

«Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթ կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւնը` Փենթակոնը, կը պատրաստուի շուրջ 150 ամերիկացի զինուոր ուղարկել Սուրիոյ հիւսիս արեւելք` Թուրքիոյ հետ ցամաքային միացեալ հսկողութիւն կատարելու համար:

Օրաթերթը նշեց, որ նոր ուժերու տեղակայումը մաս կը կազմէ վերջին շաբաթներուն Թուրքիոյ հետ սուրիացի քիւրտերուն նկատմամբ ամերիկեան աջակցութեան յարուցուած լարուածութիւնը մեղմացնելու Միացեալ Նահանգներու որդեգրած զինուորական ու դիւանագիտական քայլերուն:

«Նիւ Եորք Թայմզ» աւելցուց, որ նուազ քան 1000 ամերիկացի զինուորներ Սուրիոյ մէջ կը մասնակցին ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարին:

Ամերիկացի զինուորական ու դիւանագիտական պաշտօնատարներ մերժած են մեկնաբանել լուրը, եւ, ըստ ամերիկեան բանակէն պաշտօնատարներու, այդ գծով վերջնական համաձայնութիւնը կախեալ է Սուրիա-Թուրքիա սահմանին վրայ թրքական եւ ամերիկեան ուժերու ցամաքային միացեալ հսկողութեան առաջին քայլի յաջողութենէն:

Փենթակոնի բանբեր գնդապետ Շոն Ռապըրթսըն, սակայն, երէկ «Անատոլու» լրատու գործակալութեան հետ զրոյցի մը ընթացքին հերքեց այդ լուրը` նշելով. «Սուրիոյ մէջ ամերիկեան ուժերու կացութեան որեւէ փոփոխութիւն չկայ»:

«Կը շարունակենք Սուրիայէն համակարգուած կերպով հեռանալու նախագահ Տանըլտ Թրամփի ցուցմունքը գործադրելու մեր ջանքերը», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Մարտական կացութիւնը կը ճշդէ մեր ուժերուն թիւը, եւ ապահովական պատճառներով չենք ուզեր անդրադառնալ թիւի եւ ժամկէտի տուեալներու»:

«Միացեալ Նահանգներ եւ Թուրքիա արագ քայլեր կ՛որդեգրեն Սուրիոյ հիւսիս արեւելքի մէջ «ապահովական մեքանիզմ»-ի պայմաններու պատրաստութեան համար», նշեց Ռապըրթսըն:

«Անվտանգութեան գօտիի համաձայնութեան գործադրութեան գործողութիւնը կարգ մը շրջաններու մէջ երկու երկիրներուն ծրագրածէն աւելի արագ կ՛ընթանայ», յայտնեց Ռապըրթսըն` նշելով. «Մենք յանձնառու ենք մեր գործակցութիւնը, համակարգումն ու երկխօսութիւնը աւելցնելու համար մեր թուրք դաշնակիցներուն հետ սերտօրէն աշխատելու»:

aztagdaily.com/archives/457984

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail