Մինչ ՏԱՀԵՇ Մօտալուտ Յարձակումով Կը Սպառնայ Ռուսիոյ. «Ուաշինկթըն Սուրիական Վարչակազմը Տապալելու Համար Իր Գրաւը Դրաւ ՏԱՀԵՇ-ի Կարողութեան Վրայ» Ըսաւ Զախարովա

13 նոյեմբեր 2015
Մարիա Զախարովա
Մարիա Զախարովա
«Ռոյթըրզ» երէկ հաղորդեց, որ ՏԱՀԵՇ կը սպառնայ Ռուսիոյ դէմ մօտալուտ յարձակում մը գործել:

Աւելի ուշ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա նշեց, որ «Ուաշինկթըն սուրիական վարչակազմը տապալելու համար իր գրաւը դրաւ ՏԱՀԵՇ-ի կարողութեան վրայ եւ ասիկա ամերիկեան աւանդական գործելաոճ է»` աւելցնելով. «Ուաշինկթըն մէկէ աւելի անգամ փորձեց վարչակարգեր փոխել, եւ մենք գիտենք, թէ որուն նպատակն է աշխարհի կայունութիւնը խաթարել»:

Ան կոչ ուղղեց Սուրիոյ մէջ գործող ահաբեկչական կազմակերպութեանց միացեալ ցանկի մը շուրջ համաձայնութիւն գոյացնելու:

«Դամասկոսի կողմէ խաղաղութեան հաստատման ուղղութեամբ որեւէ քայլ քաոսի ծիրին ընդլայնումով հետաքրքրուած ուժերուն հակադարձութեան կ՛արժանանայ», նշեց Զախարովա:

«Մոսկուա կը մերժէ Վիեննայի բանակցութեանց մասնակիցները հիմնական եւ երկրորդական մասնակիցներու բաժնել», ըսաւ ան:

Զախարովա յայտարարեց, որ Սինայի մէջ ռուսական օդանաւին ջախջախումէն ետք Ռուսիա իր քաղաքացիները պաշտպանելու համար միջոցառումներ որդեգրած է:

Միւս կողմէ, «Սքայ Նիուզ» հաղորդեց, որ բրիտանական ուժերը քրտական ուժերուն կողքին առաջին գիծի վրայ մասնակից դարձած են Իրաքի մէջ գտնուող Սինճար շրջանի ազատագրութեան գործողութեան:

ԱԶԴԱԿ
http://www.aztagdaily.com/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail