Լորան Ֆապիւս
«Նոր Յառաջ» կը հաղորդէ ֆրանսական կառավարութեան 2 յուլիս թուակիր շրջաբերականին մասին, որ մտահոգիչ բովանդակութիւն ունի: Փաստաթուղթը, որ ղրկուած է նահանգապետերուն, շրջանային բարձրաստիճան պաշտօնատարներուն, ստորագրուած է արտաքին գործոց եւ միջազգային զարգացման նախարար Լորան Ֆապիւսի եւ ներքին գործոց նախարար Պեռնար Քազանովի կողմէ: Շրջաբերականին մէջ կ՛ըսուի, թէ «ֆրանսական տարածքային որոշ հաւաքականութիւններ (collectivites territoriales) վերջին ամիսներուն գործակցութեան համաձայնագիրներ կնքած են ֆրանսական կառավարութեան կողմէ ճանաչում չգտած միաւորներու հետ»:
Կը նշուի նաեւ, թէ ապակեդրոնացեալ գործակցութիւնը` օրէնսդրական գետնի վրայ կը պարտադրէ հետեւեալ կէտերը. – գործակցութեան որեւէ նախաձեռնութիւն պէտք է յարգէ Ֆրանսայի միջազգային յանձնառութիւնները, յատկապէս, տեղական հաւաքականութիւնները, բացի այն պարագաներէն, որոնք նախատեսուած են օրէնքով` չեն կրնար գործակցութեան համաձայնագիր կնքել օտար երկրի մը հետ, կամ ալ այն միաւորներուն հետ, որոնք չեն ճանչցուած ֆրանսական պետութեան կողմէ, ինչպէս Լեռնային Ղարաբաղը կամ Խրիմը, կամ ալ միաւորներու հետ, որոնք կը ներկայանան իբրեւ իրենց տարածքային հաւաքականութիւնները, – հաւաքականութիւնները պարտին տեղեկութիւններ փոխանցել Ազգային յանձնաժողովին` ապակեդրոնացեալ գործակցութեան գծով արտաքին աշխարհի հետ իրենց նախաձեռնած քայլերուն մասին:
«Նոր Յառաջ» 30 Յուլիս 2015