Պատմական Հայաստանի աւանդներու հետքերով (Դ.մաս)
27 Նոյեմբեր 2017 – ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ: //azator.gr//-//ՆԱԽՈՐԴԸ//:
Յովսէփ Պարազեան
Յովսէփ Պարազեան
(Դ. մաս)
Անմխիթար մաքսատուններ ու ճամբաներ
Հայաստանէն Վրաստան եւ Վրաստանէն Թուրքիա բաժանման մաքսակէտերը զգալապէս կը տարբերին իրարմէ։ Հակառակ որ Բարվայի մաքսակէտերու վրայ Հայաստանն ու Վրաստանը նոր շէնքեր կառուցած են, տակաւին կը գործեն հիները։ Երկուքն ալ խեղճ ու կրակ վիճակի մէջ կը գտնուին, որոնք «կը համեմուին» անմարդկային ու կոշտ վերաբերումով՝ վրացական կողմի պաշտօնէութենէն։ Հայկականը՝ աւելի կիրթ, ազնիւ, բարի ու անուշ խօսքով մը կը հիւրընկալէ ճամբորդին գալուստը։
Կը մտածեմ պաշտօնէութեան վիճակը ձմրան ամիսներուն, երբ ամէն ինչ կը սառի շրջանէն ներս եւ ցուրտը կը հասնի զերոյէն վար շատ բարձր համեմատութիւններու։
Բարվայի մաքսակէտէն մինչեւ Գիւմրի, մօտ ժամ մը եւ աւելի ճամբու երկայնքին, նոյնիսկ նմոյշի համար մէկ աղօտ լապտեր չկայ, անմխիթար ճանապարհները մասամբ գէթ լուսաւորելու համար։ Չմոռնանք, հոն ալ հայրենի հող է, Հայաստանը միայն Երեւանը չէ, նաեւ սահմանն է, նաեւ սահմանագիծն է, սահմանէն ներսն ալ է։
Իսկ դէպի Ախալքալաք, Նինոծմինդա, խոտոր, ծուռ, մոլոր ու փոսերով յորդող ճանապարհը նոյնը եւ աւելի գէշ է՝ երբ առաջին անգամ անցայ 15 տարի առաջ, 7 տարի առաջ, 3 տարի առաջ։ Յղի կինը վստահաբար ինքնաշարժին մէջ կը ծնի իր զաւակը ծայր աստիճան անբարենպաստ պայմաններու տակ։ Հոս՝ հայաթափումի վրացական միտումնաւոր քաղաքականութիւնը ակնյայտ ու հիասթափեցնող է։
Կը մտածեմ. յաճախակի առիթներով Հայաստանի ու Վրաստանի ամէնաբարձր մակարդակի կառավարական հանդիպումներ տեղի կ’ունենան, հոն՝ նոյնիսկ քովնտի ակնարկութիւն մը չըլլա՞ր այս ողբալի ճանապարհաշինութեան բարելաւման ու նորոգման համար։ Արդեօք կը մտահոգուին, որ այս հարցերը արծարծելով երկու երկիրներու կապերը կրնան վնասուի՞լ, թէ ի՜նչ։ Պատասխան չեմ սպասեր. ո՛չ ալ բարձր մակարդակի չքմեղանքի քաղաքական վերլուծումներ։ Վերլուծումներէն բոլորս կշտացած ենք ալ, խաբկանքի տեղ չմնաց, ո՛չ վերլուծողին, ոչ ալ վերլուծումները լսողին համար։
Կովկասի Orient Expressըկամ Midnight Expressը
Հայաստանը քաղաքականապէս մեկուսացնելու, երեւութապէս տնտեսական, բայց խորքին մէջ ռազմավարական առումով, տարիներէ ի վեր ծրագրուած է Պաքու-Թիֆլիս-Ախալքալաք-Կարս (Նախիջեւան) քաղաքականացած երկաթուղին, որուն շինութիւնը ամբողջացած ու պաշտօնական բացումը կատարուած է խորհրդանշական թուականի մը, այն է Հոկտեմբեր 30ը՝ այսինքն այն թուականը, երբ 1920ի նոյն թուականին տեղի ունեցաւ Կարսի անկումը։
Վրացական բաժնի վերջնակայանը կը գտնուի հայաբնակ Նինոծմինդա (Պոգտանովկա) քաղաքին մէջ։
Հայաթափումի միեւնոյն քաղաքականութիւնը կը կիրարկուի Ջաւախքէն մինչեւ Ախալցխա-Ախալքալաք (Գուգարաց աշխարհ) տարածաշրջանին մէջ, հազարներով մսխեթցի թուրքեր բնակեցնելու Թուրքիոյ ճնշումներուն հետեւանքով։ Շրջանի բնակչութիւնը մտահոգ է, որովհետեւ ցամաքային ուղիներով Եւրոպան եւ Կովկասը միացնելու կեդրոնական Ասիայի ու Չինաստանի հետ այս ծրագիրը քաղաքական նպատակներ կը հետապնդէ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի գործակցութեամբ, Հայաստանի շրջափակումը եւ Հայաստանի արտածման հնարաւորութիւնները տկարացնելու համար։
Կ’ուզեմ հաւատալ, որ վրացական իշխանութիւնները ուշ թէ կանուխ պիտի անդրադառնան՝ նախ իրենց երկրին, ապա նաեւ իրենց տեղացի ազգաբնակչութեան բազմակողմանիօրէն վնաս պատճառող երկրի ժողովրդագրական պատկերը փոխելու թրքական այս ճնշումին տեղի չտալու համար։ Քաղաքական ազգայնամոլութեան գումարումով առնուած անխոհեմ այս քայլը օգուտ չի կրնար բերել Վրաստանին, ոչ ալ կը զօրացնէ իր գերիշխանութիւնը շրջանէն ներս։
Թուրքերը հայաբնակ Ջաւախքը պարպելու եւ զայն թրքացնելու իրենց քաղաքականութեան մէջ՝ քանի մը տեսակ մեքենայութիւններ գործադրած են։ Անոնցմէ մէկն ալ, կ’ըսուի տեղացիներէն, թէ գիւղերուն մէջ մեծ քանակութեամբ օձեր տարածելն էր, որպէսզի ժողովուրդը սարսափի ու փախչի շրջանէն։ Անշուշտ, օձերն ալ դիմագրաւուեցան, օձերու «նամակաբաշխներն» ալ։
Աշխարհի բոլոր մեքենայութիւնները օր կուգայ որ կը վիժին։ Ամէն ինչ ժամանակի ու հարցերը արդիւնաւոր կերպով դիմագրաւելու հարց է։
Հայրենիքներ սահմանելու այսպիսի ձեւեր քիչ մը Հոլիվուտեան խեղկատակ ու թեթեւաբարոյ արկածախնդրութիւններ կը յիշեցնեն, որու գլխաւոր դերասաններն են թուրք-ազերի ծաղրածու իշխանաւորներ ու իրենց առընթեր գործող գաղտնի սպասարկութիւններ, որոնց նշանաբանն է՝ ո՛ւր որ կաշառք կարելի չէ տալ, օձերը կրնան այդ պակասները լրացնել։
Թող զգոյշ ըլլան վրացիները։ Վաղը այդ անկոչ հիւրերը՝ օձերը, ոչ միայն հայերուն, այլ վրացիներուն ալ կրնան խայթել եւ այն ատեն անոնք կ’անդրադառնան իրենց գործած սխալներու հետեւանքներուն։ Պահակները արթուն են ու արթուն պիտի հսկեն շրջանին մէջ։
Թրքական ազգայնամոլութիւնը նաեւ հեռատեսիլէն
Հայաստան-Սփիւռք 6րդ համաժողովին առիթով, Սեպտեմբերին Հայաստան գտնուած միջոցիս, հիւրանոցի հեռատեսիլէն առիթ ունեցայ հաստատելու, թէ 17 տարբեր կայաններ կը գործեն, որոնցմէ միայն 1ը հայկական (Փա՜ռք Աստուծոյ)։ Մնացեալները՝ ռուսերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն, գերմաներէն, համապատասխան ծանօթ թէ անծանօթ միջազգային թէ տեղական կայաններով ու ծրագիրներով։
Շարունակաբար, Արեւմտեան Հայաստան այցելութեանս առիթով, 4 օրուան մէջ մօտաւորապէս 2,5-3000 քիլոմեթր տարածութիւն մը ճեղքեցի։
«Թրքապատկան» շրջաններու պանդոկի հեռատեսիլէն՝ առիթ ունեցայ հաստատելու, թէ 40է աւելի հեռատեսիլի կայաններ կը գործէին, որոնցմէ մէկը անգլերէն, երկրորդը ֆրանսերէն եւ երրորդը գերմաներէն լեզուներով։ Մնացեալը՝ բոլորն ալ թրքերէն։
Իսկ «քրտաբնակ» շրջաններու պանդոկի հեռատեսիլէն հաստատեցի, թէ կը գործեն 37 կայաններ, որոնցմէ միայն մէկը անգլերէն լեզուով, իսկ մնացեալները թրքերէն եւ տեղական իմաստով քրտերէն, որ հաւանաբար ապօրէն էր։
Ազգաբնակչագրական բնականոնացումը այսպիսի նեղմիտ ու սահմանափակ ներհայեցողական միտումներով չի կրնար յառաջդիմութիւն ստեղծել մշակոյթով քաղաքակիրթ ժողովուրդներու կապի ու յարաբերակցութեան միջեւ։
Պետութիւնները ա՞յս ձեւով պիտի հաղորդակցին ժողովուրդներուն հետ։
Իսկ Եւրոպահայութեան 4րդ համագումարին առիթով, դեռ անցեալներս Պրիւքսէլ գտնուած միջոցիս, պանդոկի հեռատեսիլի կայանը ունէր 45 տարբեր կայաններ, բոլորն ալ 10է աւելի լեզուներով։ Բազմալեզուանի բազմակարծութիւն։ Այսպէս կը կազմաւորուին երկիրներու առանցքային քաղաքականութիւնները, այլեւ օրինաչափ դիւանագիտութիւնը եւ ժողովուրդներու միջեւ զարգացող յարաբերակցութիւնն ու հաղորդակցութիւնը։
Ո՛չ փոս, ո՛չ ծակ, բայց առատ լոյս
Երբ վրացական սահմանէն դուրս կուգաս եւ 5 քիլոմեթր երկարութեամբ Չըլտըր լիճի երկայնքով կ’ուղղուիս դէպի Պատմական Արտահան, կը տեսնես թէ թուրքերը վրացական իշխանութիւններուն հետ համաձայնաբար կիսած են այդ լիճը։ Արտահանէն Կարս ճանապարհային ժամանակամիջոցը 2 ժամ է։
Թուրքիոյ տարածքին հազարաւոր քիլոմեթր երկարութեամբ ճանապարհները ունին երկու հիմնական յատկանիշներ։ Առաջինը այն է՝ որ ժամերով կը քշես ու կը քշես եւ ճանապարհներու վրայ մէկ փոքրիկ փոս մը, նուազագոյն ծակ մը չես գտներ կուպրապատուած ճանապարհներու վրայ։ Այս կը նշանակէ, թէ կպրապատման շինութեան որակին կարեւորութիւն կը տրուի եւ լուրջ պետական հսկողութիւն կայ։
Երկրորդը այն է, որ ճանապարհները լուսաւորուած են, ինչ որ մեծ դիւրութիւն կ’ընծայէ վարորդին ու ինքնաշարժին։ Նշելի է, որ բոլոր մայրուղիներուն մէջ անցարգելներ, կամ ճանապարհային տուրքի, կամ որեւէ վճարման մաքսատուն բացարձակապէս գոյութիւն չունի։
Վերեւ նշուած երկու կէտերն ալ մասամբ անտեսուած են քրտաբնակ շրջաններու մայրուղիներու եւ յարակից ճանապարհներու պարագային։ Ընդհակառակը, հարթ հաւասար են դէպի «կռիւ ու պատերազմ» տանող ճանապարհները, որպէսզի թրքական հրասայլներն ու թնդանօթները անմիջապէս կարենան հասնիլ խնդրոյ առարկայ վայրին մէջ։
Չեմ ծանրանար. այլ տեղ եւ այլ առիթներով բացատրած եմ թուրք իշխանութիւններու միտումնաւոր քաղաքականութեան, յայտնի թէ անթափանցելի վարագոյրով ծածկուած պետական կանխամտածուած ու կանխորոշուած քաղաքականութեան մասին։ Ապագան ի՞նչ կը վերապահէ այս հեռապատկերային քաղաքականութեան։ Ժամանակը պիտի տայ պատասխանները։
Հեզասահ ճանապարհային քաղաքականութիւնը յայտնապէս կը հանդիսադրուի Վրաստանի, Հայաստանի եւ դէպի որեւէ սահման տանող ճանապարհներու պարագային, ի մասնաւորի Արարատի մօտակայ եւ մերձակայ բոլոր սահմանային ուղղութիւններով, ուր ճանապարհաշինութիւնը մաս կը կազմէ Թուրքիոյ պահեստային ռազմավարական առաջնահերթ քաղաքականութեան, որեւէ տեղ շատ արագ ու մեծ դիւրութեամբ զօրք ու զինամթերք հասցնելու համար։ Այս պարագան ակնյայտօրէն կ’երեւի, մանաւա՛նդ պատմական Անիի աւերակները փոխադրող շրջանը, որ կը բաժնուի Ախուրեան գետով, որու դիմաց՝ շունչի մը տարբերութեամբ կը գտնուին ոչ միայն հայկական գիւղեր, այլ նաեւ Հայաստանի մէջ տեղակայուած ռուսական զինուորական կայանը։
Բնակավայրներու եւ բնակարանաշինութեան հեռանկարային մարտավարութիւն
Գաւառային Թուրքիան, այսինքն ծանօթ մեծ ու բնակչութեամբ հարուստ քաղաքներէն դուրս (Կոնստանդնուպոլիս, Անգարա, Իզմիր, զբօսաշրջութեամբ յորդող Անթալիան, եւայլն) զարգացնելու եւ յառաջդիմութեան ճամբուն վրայ դնելու զգալի ու շօշափելի ընթացք մը ծայր առած է վերջին տարիներուն, Էրտողանի վարչամեքենային կողմէ։
Վստահաբար բնակչագրական կեդրոնախոյս այս տարազը ապակեդրոնացնելու եւ մեծ քաղաքներու պատեանէն անդին նոր կեդրոններ ստեղծելու եւ բնակչութիւնը ամէն տեղ տեղաբաշխելու պետականօրէն յստակ ու խօսուն մարտավարական քաղաքականութիւն մը կ’որդեգրուի, երկրի աննշան համարուած ծայրամասերուն մէջ իսկ, ներկայի 80 միլիոն բնակչութիւնը տեղաւորելու նպատակով, բազմազաւակութեան աճի հոսքը մինչեւ 2030՝ 100 միլիոնի հասցնելու հեռանկարով։
Քաղաքաշինական ապակեդրոնացման մարտավարական ընտրեալ դիրքերու յատկանիշը թերեւս թուրքերը որդեգրեցին եւրոպական տարբեր երկիրներու ճարտարապետական կենսատու հանգոյցներ բազմապատկելու ոճով ու կը գործադրեն՝ տեղ-տեղ կեդրոնախոյս, տեղ-տեղ կեդրոնացիք թրքական մտայնութեամբ՝ հետեւեալ հիմունքով։
Համաձայն հեռանկարային շինութեան այս ծրագրին, նախ կ’ընտրուի հարթ ու տափարակ երկրագործական տափաստան դաշտագետին մը, որու նախապայմանը ընդհանրապէս ջրառատ՝ լիճ, բայց մասնաւորապէս հոսուն գետ մը ըլլայ, ու անոր շուրջ կը կառուցուին գեղեցիկ, ճաշակաւոր ոճով բազմայարկանիներ, որ լաւագոյն պարագային իւրաքանչիւր յարկաբաժնի 100-110 քառակուսի մեթրի համար մեծ դիւրութիւններով ու ձեռնտու վարկային դրութեամբ կը վճարես 35-40 հազար տոլարի համապատասխանատուութեամբ գումար։ Անշուշտ, նկատի ունենալով նաեւ երկրի կենսամակարդակը, ամսականները եւ շուկայական գնողական արժէքը։
Աշխարհագրականօրէն ծրագրուած պիզնեսի տարածուն դաշտը, ճարտարապետականօրէն տեղաւորուած այս նոր թաղամասերը օժտած են անպայմանօրէն մեծ գործարանով մը, որ աշխատանք պիտի հայթայթէ տեղական բնակչութեան, ելեկտրական հոսանք ապահովող արտածման կեդրոն, նախակրթարան ու միջնակարգ դպրոց եւ դիւանակալական հարցեր կարգաւորող նահանգապետական, քաղաքապետական թէ թաղապետական վարչական հաստատութիւններ։
Եթէ բոլորը օժտուած չեն այս հաստատութիւններով, կ’օգտուին մօտակայ աւելի մեծ դրացի գիւղաքաղաքներէ, թէ քաղաքային կեդրոններու կառուցային կարելիութիւններէն։
Մեծ քանակութեամբ կառուցուող նոր թաղամասերը անհրաժեշտաբար իրենց մէջ «կը հիւրընկալեն» ամբողջ երկրի կրկնօրինակը կազմող մզկիթ, ոստիկանութիւն ու զօրանոց. այս վերջինի անհրաժեշտ նախապատուութիւնը կը վայելեն քրտաբնակ շրջանները։
Թրքական նախախնամութիւնը խտրութիւն չի դներ աւանդութեան վրայ, չի սակարկեր այս վերջինը, ներքին ապահովութեան ու քողարկուած թէ յայտնի վախի պատճառներով։
Ինչո՞ւ, արդեօք օտար կը զգան այս հողերուն վրայ։
Թերեւս, ընդհանուրին մէջ այս բոլորը, գիտակցաբար թէ անգիտակցաբար, մասնաւոր բան մը չեն նշանակեր, բայց իւրաքանչիւրը անհատաբար եւ իր մանրամասնութիւններով բան մը կը նշանակէ անշուշտ, ինչպէս անցեալին՝ խորհրդային օրերուն բարդոյթներով, ներկայիս Թուրքիոյ մէջ կառուցուող սառն նոր պատերազմի մը «երկաթէ անթափանցելի վարագոյրի» կարծրատիպ նմանողութեամբ։
Պատմութիւնը ունի զարմանալի նմանութիւններ։
Այս շրջաններու ապագան յստակացնող կողմնացոյցի մը պէտք ունի։ Իսկ ներկա՞ն…
Հայերէն, ատրպէյճաներէն նշանախօսքեր եւ «անճաշակ» յուշակոթողը
Մինչեւ տարի մը առաջ, Վան քաղաքի մուտքին, խոշոր, լուսաւոր ու աղեղնաձեւ կամարին վրայ, թրքերէն, հայերէն ու անգլերէն լեզուներով «բարի եկաք» նշանախօսքով կը դիմաւորուէին այս քաղաքը մուտք գործող այցելուները։ Պետական լռելեայն ու աներեւոյթ ճնշումի հետեւանքով, հայերէնը զեղչուեցաւ կամրջակներէն եւ «բարի գալուստ»ը կը նշուի միայն երկու լեզուներով այլեւս, կառոյցի համաչափին չհամապատասխանող անհամաչափ իրողութիւն մը հանդիսադրելով։
Հայերէն լեզուով ալ վերտառութիւնը նախաձեռնութիւնն էր Վանի քաղաքապետին, որ վերջին տարիներուն ե՛ւ բառային, ե՛ւ իր կարելիութեան սահմաններուն մէջ գործնական արտայայտութիւններ դրսեւորեց հայութեան հասցէին։
Կ’երեւի հայու կաղապարեալ պատկանելիութիւնը այնքան ալ հարկադրական չէր հայ ըլլալու, կամ հայ զգալու համար…
Չմոռնանք, որ այդ նոյն շրջաններուն մէջ, մեծադիր յուշակոթող մը կանգնեցաւ, շրջանի քիւրտ քաղաքապետի նախաձեռնութեամբ, հայ եւ թուրք ժողովուրդներու ապագայ բարեկամութեան զարկ տալու համար, բայց այդ կոթողն ալ վար առնուեցաւ երկար ու յամառ հետապնդումներէ ետք, նոյնինքն այդ օրերու վարչապետ Էրտողանի ճիգերով, որ սպառնացած էր դատ բանալ վաստակաւոր արձանագործին դէմ, այդ յուշակոթողը երկու ժողովուրդներու բարեկամութեան արժանի չհամարելով, եւ այն պատճառաբանութեամբ որ արձանը «գեղեցիկ ու ճաշակաւոր» չէր, վիճելի դարձնելով ճաշակի ըմբռնումի ու վայելչութեան շնորհի վարկածի տեսութիւնը։
Հոգեկան մերժումի ու այլամերժումի պահեր կ’ապրինք, մանաւանդ երբ ճշմարտութիւնը կը վախցնէ։ Թէկուզ վարչապետին։ Ալ ո՞վ կը խօսի հայերէնով «բարի եկաք»ի նշանախօսքին համար։
Ահա՛ ցեղային խտրականութեան բացայայտ օրինակ մը, որ յառաջ կը քշուի երեւցող ու չերեւցող հազարումէկ արգելքներով։
Նշելի է, որ Իգդիրի (Ըգտըր) մէջ՝ «բարի եկաք»ի կամարաձեւ պատուանդաններէն քանի մը հատի վրայ, ատրպէյճաներէն ալ գրուած է (թրքերէն, անգլերէն ու ատրպէյճաներէն) քանի որ քրտաբնակ այդ շրջաններուն մէջ, քիւրտերու ներքին տարակարծութիւններուն պատճառով, փոխանակ մեծամասնական քիւրտերու, երկու ազերի քաղաքապետներ ընտրուած են, ոչ լիարժէք թրքական պատկանելիութեան դիմաց, լիարժէք ազերիական պատկանելիութեան յատկանիշ մը դրոշմելու խաբկանքով, անգամ մը եւս վկայակոչելով ներքին պառակտումներու ժխտական հետեւանքները եւ արժէքային համակարգերու փաստային սկզբունքները խախտելով։
Քիւրտերը կը ռմբակոծուին, լեռնագնացներն ալ Արարատ բարձրանալ կը ցանկան
Կ’արժէ հոս քանի մը խօսք ըսել Արարատի մասին, որ թուրքերը «Աղրը տաղ» կը կոչեն։ Արարատէն ճանապարհներ կ’ուղղուին դէպի Էրզրում ու Պարսկաստան։
Արարատը Վանէն 250 քիլիմեթր հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի։ Աղրը գիւղէն 60 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ կը սկսի երեւիլ լեռը իր զոյգ գագաթներով. — ձախէն՝ Մեծ Մասիսը, աջէն՝ Փոքր Մասիսը։ Հայաստանէն գագաթները բոլորովին հակառակ ուղղութիւն ունին, աջին՝ Մեծ Մասիսը, ձախին՝ Փոքր Մասիսը։ Շրջանը՝ ըստ թրքական վիճակագրութիւններու, 117 հազար բնակիչ կը հաշուէ, որ ամբողջութեամբ բնակուած է քիւրտերով։ Տրուած ըլլալով որ Արարատը «թշնամի» Հայաստանին հետ սահման կը կազմէ, եւ քանի քիւրտ մարտիկներ ապաստան կը գտնեն Արարատի լանջերուն վրայ, Թուրքիոյ զինեալ ուժերու զօրանոցները ամէն տեղ խտացած ներկայութիւն կը կազմեն։ Արարատը յաճախակիօրէն թուրք բանակի ռազմական գործողութիւններու թատերաբեմ կը դառնայ, P.K.K.ի ռազմիկներուն դէմ շղթայազերծուող օդային թէ ցամաքային լայնամաշտապ կոյր ռմբակոծումներով։
Երկու ժողովուրդ. թուրք եւ քիւրտ. երկուքն ալ կռուող. առաջինը միշտ յարձակող, վայրագ ու տմարդի. երկրորդը ե՛ւ յարձակող, ե՛ւ պաշտպանուող։ Կռուող թուրքերու կռուող սուլթանները՝ Թուրքիան վերածեցին Միջերկրականի, Միջին Արեւելքի, Պալքաններու եւ Միջին Եւրոպայի ամէնէն տարածուն կայսրութեան, որ հասաւ մինչեւ Վիեննայի դարպասները։ Բայց վերելքները վտանգներ ալ ունին. նա՛եւ անկումներ։ Թուրքիան խօսուն վկայութիւն մը կը կազմէր երէկ, նաեւ՝ այսօր։
2015ի ամրան՝ Արարատի թուրք քաղաքապետը, ապահովութեան պատճառներով արգիլեց Արարատ բարձրանալու լեռնագնացութիւնը, պատերազմական յատուկ գործողութիւններու պատճառով, լեռը եւ շրջակայ լեռնատարածքը «պատերազմական յատուկ գօտի» հռչակելով։
Արարատի կաթսան կ’երեւեփի լերան սպիտակ ձիւներու շուքին տակ։
Թուրք լեռնագնացներ, որոնց միացած են օտար երկիրներէ այս մարզի սիրահարներ՝ յայտարարութիւն մը հրատարակած են վերջերս, ուղղուած Թուրքիոյ իշխանութիւններուն, որուն մէջ կը նշեն թէ՝ 1998-2015 իշխանութիւններու թոյլտուութեամբ, արտօնուած էր լեռնագնացութիւնը Արարատի վերեւ, իսկ 2002էն ի վեր ալ լեռնագաւառն ու լեռնադաշտը բաց էր զբօսաշրջական այցելութիւններու դիմաց։ Երկու տարիէ ի վեր լերան տարածքը բոլորովին փակ է ու մագլցիլն ալ բացարձակապէս արգիլուած։
Լեռնագնացները ընդհանրապէս Արարատ կը բարձրանան երկու ուղղութեամբ՝ Իգդիրէն, դրացի Թուղլուճայէն եւ Տողու Պայազիտէն (79.000 բնակիչ)։ Իգդիրէն (որ ունէր 100 հազար բնակիչ մինչեւ 1995, կը պահպանուէին հայկական քարաշէն տուներ, որոնք քանդուեցան ու անոնց փոխարէն բազմայարկանիներ բարձրացան) դէպի Արարատի քաղաքը հեռաւորութիւնը 139 քիլոմեթր է։ Թուրքերն ու ազերիները Իգդիրէն կ’ուղղուին դէպի Սուրմալու, Պայազիտ եւ Նախիջեւան։
Սուրմալուն ծանօթ հերոսական քաղաք է, որ կը յիշեցնէ մեզ 25 Հոկտեմբեր 1920ին ճակատագրական կռիւները, որոնք յանգած էին հայոց բանակի յաղթանակին։ Այդ կռիւներուն մասնակցած էր զօրավար Դրօ (այդ օրերու Հայաստանի Հանրապետութեան պատերազմական նախարար) եւ զօրավար Սեպուհի գլխաւորած բանակը, որու կողքին կը կռուէր նաեւ Ստեփան Ծաղիկեանը։
Թրքական Իգդիրի դիմացի կողմը կը համապատասխանէ Էջմիածնի շրջանին, Արաքսի եւ Ախուրեանի միացման գիծի կողքին կը գտնուի հայկական Հոկտեմբերեանը, իսկ Կարսի յարակցութեամբ Գիւմրին։
Վերադառնանք լեռնագնացներուն։ Այս վերջիններուն խնդիրը լուծելու համար, անոնք կոչ ուղղած են թրքական տեղական իշխանութիւններուն, բանալ լեռնահովիտը իրենց առջեւ, որպէսզի կարենան դարձեալ «մագլցիլ իրենց սիրելի լեռը»։
1915ի Ցեղասպանութենէն վերջ՝ փրկուած հայերը հեռացան այդ շրջանէն։ Հայերու չթաղուած ոսկորները ո՞վ հաւաքեց։ Կ’ըսեն՝ թէ դիակներու վրայէն ոսկեղէն, թանկարժէք գանձ ու գոհարեղէն փնտռող մարդիկ կային, որ այս գործը գարշելի արհեստի վերածած էին։ Անոնց անուն մըն ալ կը տրուէր՝ «էֆիլեճիներ» (գանձագողներ), որոնք անհրաժեշտ «դիազննութիւնը» կատարելէ ետք, կ’երթային հայերու տուները եւ անոր շրջակայքի տարածքին վրայ խաչի նշաններ կը փնտռէին, հաւատալով որ հայերը հոն թաղած էին իրենց արկղները, հարստութիւնը, կամ հարստութիւնը ցոյց տուող յուսադրիչ քարտէսը։
Կը պատմեն, թէ «էֆիլեճիներու» կողոպուտի այս արշաւները, երբեմն ամիսներ, երբեմն տարիներ կը տեւէին, ու յաճախ անկէ վերադարձողները ձեռնունայն ու խելագարուած կ’ըլլային իրենց յուսախաբութեան իբրեւ արդիւնք բան գտած չըլլալուն համար։ Ասոնց լեղահամ արկածախնդրութիւններուն շուրջ գիրք մըն ալ գրուած է թրքերէնով։
Գանձագողներու վերջին հետախուզութիւնը կատարուած է քանի մը շաբաթ առաջ, երբ Վանի Արճէշ գաւառին մէջ գտնուող Արծուաբերդ վանքին մէջ գանձ գտնելու ակնկալիքով փոսեր փորուած են վանքին մէջ, որու հետեւանքով գանդուած են պատերը, պարիսպներն ու խաչքարերը։
7-8րդ դարուն կառուցուած Արծուաբերդը, որ 19րդ եւ 20րդ դարերուն ենթարկուած է թուրքերու եւ քիւրտերու յարձակումներուն, այժմ աղբակոյտի վերածուած է։ Հոն՝ եկեղեցի յիշեցնող բան չկայ։
Գանձագողներու այս օրերու թիրախ կը դառնան նաեւ Վանի Արտամէտ գիւղի Սուրբ Գէորգ եկեղեցին եւ Սուրբ Աստուածածին վանքը։ Առաջինէն՝ միայն կիսափուլ պատ մը մնացած է։
Վերջերս նաեւ Կիւմիւշհանէ (Տրապիզոնի եւ Սեբաստիոյ միջեւ. յոյները կը կոչեն Արղիրուփոլիս) հայկական Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ պեղումներ կատարուած են եւ եկեղեցին երեք մեթր բարձրութեամբ հողով լեցուած է։ Հոն գտնուած են սիւներ, զարդաքանդակներ եւ հայերէն արձանագրութիւններ։ Մինչեւ 1915 թուականը այս քաղաքը կը հաշուէր 15.000 խառն բնակչութիւն, որուն 1500ը հայեր։ Սեւծովեան այս վանքը հայերուն համար ուխտատեղի եղած էր։
Վերջին նորութիւններու համաձայն, Վանի շրջանի Պահչեսէրայ քաղաքին մէջ, քաղաքէն 7 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող Ալիաղայ գիւղին մէջ գտնուող հայկական եկեղեցին տեղական հիւրանոցի վերածուած է (հողէ տուն մը, երկու սենեակով, խոհանոցով եւ լոգարանով)։
Տեղացիները կ’ըսեն, թէ եկեղեցին լիովին ոչնչացուելու եզրին կը գտնուի։
Բռնագրաւուած ժողովուրդներուն ճակատագիրը հիմնուած կ’ըլլայ մեծ երկիրներու շահերուն, մասնաւորապէս այս շահերը չկորսնցնելու վախին վրայ։
zator.gr/?p=7682