11 նոյեմբեր 2015
Հազարամեակներէ ի վեր հայերու մեծամասնութիւնը ապրած է Արեւմտեան Հայաստան, իբրեւ այդ շրջանի բնիկ ժողովուրդ եւ ազգ, ուր հիմնած է կայուն եւ բարգաւաճ պետութիւն մը եւ մշակութային/ քաղաքակրթութեան առաջնակարգ արժէքներ ստեղծած:
Օսմանեան լուծին տակ հայերը մշտապէս ենթարկուած են հալածանքներու, կոտորածներու եւ բռնի տեղահանութիւններու, որոնց գագաթնակէտը, 1894թ. մինչեւ 1923թ. ցեղասպանութիւնը եղաւ՝ պատճառ հանդիսանալով երկու միլիոն զոհերու:
Հետեւաբար Արեւմտեան Հայաստանի հայերու մնացորդը ցեղասպանութենէն փրկուելով, արմատախիլ եղած են իրենց պապենական հայրենիքէն եւ սփռուած են աշխարհի զանազան կողմերը:
Առաջին աշխարհամարտի ընթացքին, 1918թ. փետրուար 2-ին ռուսական ոյժերը ազատագրած են Արեւմտեան Հայատանը, եւ Հայ Ազգային Խորհուրդը դիմած է Ֆրանսայի՝ ճանչնալու Արեւմտեան Հայաստանի անկախութիւնը («Թրքահայաստան» կամ «Տաճկահայաստան» կոչուած) իսկ 1918թ. յունուար 13-ին Ռուսիա պաշտօնական հրամանագրով մը ընդունած է Արեւմտեան Հայաստանի («Թրքահայաստան» կամ «Տաճկահայաստան» կոչուած) մինչեւ անկախութիւնը, որով Արեւմտեան Հայսաստանի հայերու իրաւունքները դրուեցան իրենց իսկ տնօրինութեան ներքոյ:
Սայքս-Փիքըթի համաձայնագիրը Կիլիկիոյ մէջ, ստորագրուած 1916թ. մայիս 9 եւ 16-ին, անձնարարագիր մը շնորհեց Ֆրանսայի՝ Տիգրանակերտի (Տիարպէքիր), Խարբերդի եւ Ատանայի գաւառներու հայերու ինքնավարութիւնը թեւարկելու, միեւնոյն ժամանակ համաձայնութեան գալով Հայ Ազգային Պատուիրակութեան ներկայացուցիչներուն հետ, որով կ’որոշուի Արեւելեան Լեգէոնի մը (հետագային՝ Հայկական զօրագունդ) ստեղծումը : Ֆրանսա հետ տվել է իր մանդատը 1921 թ. :
Սոյն կացութիւնը դարմանելու եւ իրենց խնդիրներու լուծման համար Արեւմտեան Հայաստանի ներկայացուցիչները երկու վեհաժողով կազմակերպած են Երեւանի մէջ 1917 եւ 1919 թուականներուն:
Հայաստան (Արեւմտեան Հայաստան) որպես հայկական պետութիւն ճանաչվել է « դե ֆակտո » 1920թ. հունուար 19-ին եւ « դե յուրե » 1920թ. մայիսին 11-ին:
1920թ. օգոստոս 20-ի Սեւրի դաշնագիրը, ստորագրուած մէկ կողմէն Դաշնակից տէրութիւններու ներառյալ Հայաստան պետութիւն (Արեւմտեան Հայաստան) եւ միւս կողմէն Թուրքիոյ միջեւ, պահանջած է «բանակցող կողմերէն՝ ընդունիլ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահի իրաւարարութեան ենթարկել Կարին (Էրզրում), Տրապիզոն, Վան եւ Բիթլիս գաւառներու մէջ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ սահմանագծին որոշման հարցը, ապա վաւերացնել զայն, ինչպէս եւ՝ մնացած կէտերը, զորս ճանապարհ կը հարթէին Հայաստանի՝ դէպի ծով ելք ունենալուն ու վերոյիշեալ սահմանները հատող թրքական հողամասերու ապառազմականացմանը» :
Այդ ժամանակներէն ի վեր Արեւմտեան Հայաստանի հայերը հետապնդած են արդարութեան իրենց հանգանակը աշխարհի մէջ՝ հետեւեալ իրողութիւններու հիման վրայ.
Ազգային Վեհաժողովի եւ Ազգային Պատուիրակութեան գործունէութիւններու դադարումէն յետոյ, որ տեղի ունեցաւ 1919թ. փետրուարէն մինչեւ 1920թ. յուլիս ամիսը Փարիզի մէջ, Արեւմտեան Հայաստանի հայերը երբէ՛ք յաջողեցան կարգելու ըստ պատշաճին ընտրուած Ներկայացուցչութիւն մը, որ պաշտպանէր իրենց օրինական իրաւունքները.
Աշխատանքերու տարորոշ յատկացումները եւ դերերու դասաւորումները հայ ժողովուրդի արեւմտեան եւ արեւելեան հատուածներու միջեւ, ինչպէս եւ անոնց ջանքերու համադասումը, կրնային նպաստել իրենց խնդիրներու լաւագոյն լուծմանը յանգելուն.
Այսպիսով՝
Արեւմտեան Հայաստանի հայերուն՝ գործել իրենց սեփական Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Խորհուրդի (17 դեկտեմբեր 2004-ին) հովանաւորութեան ներքոյ, քանի որ միայն իրենք են, որ կրնան իրաւամբ առաջ տանիլ այդ գործունէութիւնը, զոր կը նպաստէ Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Համագումար մը կազմելուն, որու պատուիրակները ընտրուած կ’ըլլան զանազան գաղթօճախներու համայնքներէ: Արեւմտեան Հայաստանի հայերը իրենք են, որ սրբօրէն պէտք է արժէքաւորեն ինքնորոշման իրենց իրաւունքը եւ կազմեն իրաւական պետութիւն մը:
Հաստատելով, որ Արեւմտեան Հայաստանի հայերը իրենց արժանիքներով եւ իրաւունքներով հաւասար են բոլոր միւս ժողովուրդներուն՝ ընդունելով բոլոր ժողովուրդներու տարբերութիւնները, ինքզինքնին այլ ձեւով գնահատելու եւ որպէս այդպիսին յարգուելու իրաւունքը,
Հաստատելով նաեւ, որ բոլոր ժողովուրդներն ալ կը նպաստեն քաղաքակրթութիւններու եւ մշակոյթներու այլազանութեանը եւ հարստութեանը, որ համայն մարդկութեան հարստութիւնը կը կազմեն,
Հաստատելով բացի այդ, որ այն վարդապետութիւնները, ըլլան անոնք քաղաքական, թէ՝ գործնական, որոնք կոչ կ’ընեն կամ կը քարոզեն որեւէ ժողովուրդի կամ անհատի գերազանցութիւնը, հիմնուելով ազգային, ցեղային, կրօնական, ազգագրական, ցեղաբանական տարբերութիւններու վրայ, գիտական տեսանկիւնէն կեղծ են, ցեղապաշտական են եւ իրաւաբանական գետնի վրայ՝ անարժէք, բարոյապէս դատապարտելի, իսկ ընկերային առումով անարդար են,
Վերահաստատելով, որ Արեւմտեան Հայաստանի հայերը իրենց իրաւունքները կիրարկելու ընթացքին խտրականութեան ոչ մէկ դրսեւորման ենթակայ ըլլալու են,
Մտահոգ ըլլալով առ այն, որ Արեւմտեան Հայաստանի հայերը զրկուեցան մարդու իրենց իրաւունքներէն եւ իրենց հիմնական ազատութենէն եւ այլ հետեւանքներու կարգին, ենթարկուած են ջարդերու, գաղթեցուած եւ սեփականազրկուած իրենց երկրէն, հողերէն եւ բնական պաշարներէն, որը արգելք հանդիսացած է, մանաւանդ, բարգաւաճման իրենց իրաւունքը կիրարկելու՝ իրենց իսկ կարիքներուն եւ շահերուն համապատասխան,
Ընդունելով Արեւմտեան Հայաստանի հայերու իրաւունքներն ու առանձնայատկութիւնները յարգելու եւ յառաջացնելու ստիպողականութիւնը, մասնաւորապէս անոնց երկրի, հողերու եւ բնական պաշարներու իրաւունքները, զոր կը բխին անոնց քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային կառոյցներէն եւ անոնց մշակոյթէն, անոնց հոգեւոր աւանդոյթներէն, անոնց պատմութենէն, ինչպէս նաեւ անոնց փիլիսոփայութենէն,
Միմեանց շնորհաւորելով այն իրողութեան համար, որ Արեւմտեան Հայաստանի հայերը կը կազմակերպուին բարելաւելու իրենց կացութիւնը քաղաքական, տնտեսական, ընկերային եւ մշակութային ասպարէզներու մէջ՝ վերջ դնելով խտրականութեան բոլոր այն դրսեւորումներուն եւ ճնշումներուն, զորս կը պատճառուին անոնց ամենուրէք,
Համոզուած ըլլալով, որ իրենց եւ իրենց երկրին, հողերուն եւ բնական պաշարներուն վերաբերող ձեռնարկներու վրայ հսկողութիւնը Արեւմտեան Հայաստանի հայերու կողմէ թոյլ կու տայ անոնց զօրացնելու իրենց կառոյցները, մշակոյթը, իրենց աւանդոյթները եւ զարգացնելու իրենց բարգաւաճումը իրենց փափաքներուն, տենչանքներուն եւ պահանջքներուն համապատասխան,
Ընդունելով նաեւ, որ գիտելիքներու, մշակոյթներու եւ աւանդական արարողութիւններու հանդէպ յարգանքը կ’ամրապնդէ շրջապատը տեւականօրէն եւ արդարացի կերպով արժէքաւորելուն եւ անոր ճիշտ ղեկավարման,
Ընդգծելով Արեւմտեան Հայաստանի հայերու երկրի եւ հողերու ապառազմականացման անհրաժեշտութիւնը եւ այսպիսով խաղաղութեան, տնտեսական եւ ընկերային բարգաւաճման, ինչպէս նաեւ աշխարհի ժողովուրդներու եւ ազգերու միջեւ հասկացողութեան ու բարեկամական յարաբերութեանց օժանդակման անհրաժեշտութիւնը,
Ընդունելով մասնաւորապէս ընտանիքներու եւ համայնքներու՝ իրենց զաւակներու կրթութեան, ուսման, դաստիարակութեան եւ բարօրութեան իրենց վերաբերող պատասխանատւութիւնը պահպանելու իրաւունքը,
Ընդունելով նաեւ, որ Արեւմտեան Հայաստանի հայերը իրաւունք ունին ազատօրէն սահմանելու իրենց յարաբերութիւնները Պետութիւններու հետ՝ համակեցութեան, փոխադարձ շահերու եւ մեծ յարգանքի ոգով:
Նկատելով, որ Արեւմտեան Հայաստանի եւ Պետութիւններու միջեւ դաշնագրերը, համաձայնագրերը եւ այլ կարգադրութունները միջազգային մտահոգութեան եւ պատասխանատւութեան օրինական առարկայ են,
Ընդունելով, որ Միացեալ Ազգերու Սահմանադրութիւնը, տնտեսական, ընկերային եւ մշակութային իրաւունքներու վերաբերեալ միջազգային Դաշինքը, նաեւ քաղաքացիական եւ քաղաքական իրաւունքներու վերաբերեալ միջազգային Դաշինքը կը հաստատեն իրենք զիրենք տնօրինելու՝ բոլոր ժողովուրդներու իրաւունքի արմատական կարեւորութիւնը, որու հիմամբ անոնք ազատօրէն կը սահմանեն իրենց քաղաքական կարգավիճակը՝ ազատօրէն ապահովելով իրենց տնտեսական, ընկերային եւ մշակութային զարգացումը,
Նկատելով, որ ո՛չ մէկ դրոյթ կարելի չէ վկայութեան բերել՝ ուրանալու համար որեւէ մէկ ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը,
Յորդորելով Պետութիւնները՝ յարգելու եւ ի գործ դնելու միջազգային բոլոր, մասնաւորաբար,մարդու իրաւունքներու վերաբերեալ գործարքները, զորս կիրարկելի են Արեւմտեան Հայաստանի հայերուն համար՝ գործակցելով պատկան ժողովուրդներու հետ,
Ընդգծելով, որ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւնը կարեւոր դեր ունի եւ կը շարունակէ ունենալ Արեւմտեան Հայաստանի հայերու իրաւունքներու յառաջխաղացման եւ պաշտպանութեան մէջ,
Համոզուած ենք, որ կարեւոր նոր հանգրուան մըն է Արեւմտեան Հայաստանի հայերու իրաւունքները եւ ազատութիւնները ճանչնալու, այդ իրաւունքներու յառաջացման եւ պաշտպանութեան, ինչպէս եւ այս բնագաւառին մէջ Միացեալ Ազգերու կառոյցներու պատշաճ գործունէութեան զարգացման ճանապարհին,
Արեւմտեան Հայաստանի հայերու համար, որու բովանդակութիւնը հետեւեալն է. Բաղկացած հին բնագաւառներու վերաբերող, որոնք են.
ա) Արեւմտեան Հայաստանի հայերու ազատ ըլլալու իրաւունքը
բ) Ազատ ապրելու իրաւունք՝ մարմնական եւ մտային ամբողջութեամբ եւ ապահովութեամբ
գ) Լեզուի, մշակոյթի եւ աւանդոյթներու իրաւունք
դ) Չորրորդ մաս. Կրթութեան եւ դաստիարակութեան իրաւունք
ե) Զարգացման եւ ընկերային պաշտպանութեան իրաւունք
զ) Քաղաքացիական ապահովութեան, հողային եւ առողջապահական կանոնադրութեան իրաւունք
է) Քաղաքացիական եւ քաղաքական իրաւունք
ը) Միջազգային գործակցութեան եւ արտաքին յարաբերութիւններու իրաւունք
թ) Անձի արժանապատւութեան իրաւունք
http://westernarmeniatv.com/