Հովանաւորութեամբ Արամ Ա. Կաթողիկոսին. Մուսա Լերան Հերոսամարտի 104-ամեակի Եւ Մուսա Լեռ – Այնճարի Հիմնադրութեան 80-ամեակի Ժողովրդային Տօնախմբութիւն
16 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2019 – ԼԻԲԱՆԱՆ – ՀԱՅԱՒԱՆ – ԱՅՆՃԱՐ:
Մուսա լերան հերոսամարտի 104-ամեակին եւ Մուսա լեռ – Այնճարի հիմնադրութեան 80-ամեակին առիթով կազմակերպուած եւ քանի մը օրուան վրայ երկարած ոգեկոչման ձեռնարկներուն հիմնականը հանդիսացաւ ժողովրդային տօնախմբութիւնը, որ տեղի ունեցաւ շաբաթ, 14 սեպտեմբեր 2019-ի երեկոյեան ժամը 8:30-էն սկսեալ, Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ: Ներկայ էին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի ներկայացուցիչ Նարեկ արքեպիսկոպոս` առաջնորդ Լիբանանի հայոց թեմին, Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նախագահ վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեան, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Բենիամին Պչաքճեան, զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ երեսփոխան Յակոբ Թերզեան, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ, Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային վարչութեան անդամներ, Հայաստանի Հանրապետութեան հիւպատոս Լէոնարտ Ապաճեան, Այնճարի քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեան, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան, Մուսա լերան հերոսամարտի 104-ամեակի եւ Մուսա լեռ – Այնճարի հիմնադրութեան 80-ամեակի յոբելենական մարմինի պատուոյ նախագահ տոքթ. Վարդգէս Տէր Գալուստեան, նախագահ Վարուժան արք. Հերկելեան եւ ատենապետ Արմէն Թաշճեան, ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի անդամներ, Համազգայինի, ԼՕԽ-ի, ՀՕՄ-ի եւ ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցիչներ, ազգային կառոյցներու ներկայացուցիչներ, հոգեւոր հայրեր, բարերարներ, այնճարցիներու եւ բարեկամներու խուռներամ բազմութիւն:
ՀՄԸՄ-ի Այնճարի շեփորախումբին կողմէ ժողովրդային եւ պաշտօնական դիմաւորութենէ ետք հնչեցին Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգները:
Նախքան ձեռնարկին բացումը Արմէն Թաշճեան յայտնեց, թէ Արամ Ա. կաթողիկոս, որուն հովանաւորութիւնը կը վայելէ այդ ձեռնարկը, չէ կրցած անձամբ ներկայ ըլլալ` անոր մօր` տիրամայր Լուսին Քէշիշեանի մահուան պատճառով: Ապա ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգեցին անոր յիշատակը:
Ապա տօնախմբութեան հանդիսավարներ Բալիկ Գաբրիէլեան եւ Պարոյր Ստամպուլեան ազգաշունչ ասմունքային տողերով բացումը կատարեցին ձեռնարկին: Բալիկ Գաբրիէլեան ողջունեց ձեռնարկին ներկայ հիւրերն ու անձնաւորութիւնները, նաեւ մեծաթիւ այնճարցիներն ու այս առիթով Այնճարի մէջ համախմբուած հայորդիները:
Օրուան պատգամը ուղղեց Նարեկ արքեպիսկոպոս, որ վեհափառ հօր օրհնութիւնները փոխանցեց ներկաներուն` նշելով, որ ան կամքէ անկախ եւ տիրամօր մահուան պատճառով կը բացակայէր ձեռնարկէն:
Առաջնորդ սրբազանը անդրադարձաւ երեք հիմնական խորհուրդներուն, որոնց առաջինը Մուսա լերան հերոսամարտի 104-րդ տարեդարձն է` Մուսա լերան քաջարի կեցուածքով խորհրդանշուող` աւելցնելով, որ հերոսամարտը կը շարունակուի եւ պիտի շարունակուի իբրեւ պահանջատիրութիւն, իբրեւ գոյապայքար, իբրեւ Հայ դատ: «Հերոսամարտը կու գայ մեզի ըսելու, թէ մենք այսօր Մուսա լերան մէջ չենք գտնուիր, բայց Մուսա լեռը կը գտնուի մեր հոգիներուն մէջ եւ Մուսա լեռը կը բերէ մեր պահանջատիրական կանչը եւ ընթացքը` Սիսով, Մասիսով եւ ամբողջական Հայաստանով», շեշտեց ան:
Առաջնորդ սրբազանը դիտել տուաւ, որ երկրորդ առիթը Մուս լեռ – Այնճարի հիմնադրութեան 80-ամեակն է, որ կը խորհրդանշէ մեր ժողովուրդին շինարար ոգին, ճահիճը կեանքի ովասիսի
վերածելու իրականութիւնը: Ան նշեց, որ նոյն օրը ապրուած երկու յիշատակելի պահեր` ազգագրական թանգարանի եւ Ազգային Յառաջ վարժարանի հիմնադիր տնօրէնի հարթաքանդակի նուիրագործում, եղան մեզ հերոսամարտին եւ 80-ամեակին կապող օղակներ:
Նարեկ արքեպիսկոպոս երրորդ խորհուրդը նկատեց շաբաթ մը առաջ նշուած Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 60-ամեակը, որ կը խորհրդանշէ հայ քրիստոնեայ հաւատքին մշտարծարծ ներկայութիւնը հայ կեանքին մէջ:
Ապա սրբազան հայրը շեշտեց, որ մերօրեայ կեանքին մէջ պէտք է գիտնանք ստանձնել հաւաքական պատասխանատուութիւն եւ հաւաքական ղեկավարութեամբ առաջնորդուինք` աւելցնելով, որ պէտք է որդեգրենք հետեւեալ սկզբունքը. «Ո՛չ գերագնահատել եւ ո՛չ թերագնահատել, այլ գնահատել նախ եւ առաջ կատարուածը եւ կատարուողը եւ ապա պատասխանատուութեան խոր գիտակցութեամբ մասնակցիլ եւ միաժամանակ ինքնաքննադատութեամբ, ինքնասրբագրութեան ճամբայէն ընթանալ: «Ա՛յս թող ըլլայ այսօրուան պատգամը պատմական երեք խրոխտ յիշատակումներուն», դիտել տուաւ առաջնորդ սրբազանը:
Իր խօսքի աւարտին Նարեկ արքեպիսկոպոս նշեց, թէ ինք այս բոլորին մէջ նկատած է կարմիր գոյնը, «եւ պատահականութեան արդիւնք չէ, որ Մուսա լեռը եւ Այնճարը կարմիր լեռ են մեզի համար, որովհետեւ կարմիրը մեր հերոսներուն հեղած արիւնն է եւ այդ արիւնն է, որ շրջան կ՛ընէ մեր հայորդիներու երակներուն մէջ, այ՛ն հայորդիներուն, որոնք հերոսներու ճանապարհէն կը քալեն, եւ որոնք հերոսներուն կտակը իբրեւ խաչ կը կրեն եւ կը շարունակեն հերոսական հաւաքական քայլը: Չմոռնանք, որ արիւնը ջուրի չի վերածուիր, գիտնա՛նք արժէքը այս արեան եւ քալե՛նք այս արիւնոտ ճամբայէն, մինչեւ մեր բոլոր իղձերուն իրագործումը», եզրափակեց սրբազան հայրը:
Խօսք առաւ նաեւ նշեալ յոբելենական մարմինի ատենապետ Արմէն Թաշճեան, որ հանգամանօրէն անդրադարձաւ Այնճարի 80-ամեայ գոյապայքարի զանազան փուլերուն, դիմակալած մարտահրաւէրներուն եւ արձանագրած իրագործումներուն: Թաշճեան նշեց Մուսա լերան հերոսամարտին գովքը հիւսած, «Մուսա Լերան 40 օրերը» ֆրանսատառ գիրքի հեղինակ Ֆրանց Վերֆելը` յատուկ կերպով անդրադառնալով Այնճարի գոյատեւման խորհուրդին: Ան հերքեց Այնճարի տարածքային կծկումին եւ Այնճարի բիւրեղ միատարրութեան մաշումի արհեստածին եւ դրդուած խուճապահար վիճակներու մասին խօսքերը` զանոնք նկատելով պարագայական, մասնակի եւ հակակշռելի, «այնքան ատեն որ չունի՛նք զիջումներ»: «Չարաչար կը սխալին անոնք, որոնք Այնճարը կը տեսնեն անոր նեղ սահմաններուն մէջ միայն, որովհետեւ Այնճարը պարզ աշխարհագրութիւն մը չէ՛, այլ` անկէ աւելի վե՛ր անընդհատ հոսող գաղափարի ճշմարտութիւն մըն է», ընդգծեց 80-ամեակի մարմինին ատենապետը: «Անիկա վերֆելեան սխրանքի դպրութիւն է եւ նահատակներու
հաւատարմութիւնը մշտանորոգ պահող` ծխացող խունկի բուրմունք: Այնճարը` պապենական հողին եւ երկինքին ժառանգուելու մարմինի ու հոգիի ուխտակրութիւն է, դատի պատկանելիութիւն եւ ազգային արժանապատուութեան եզակի ապրում», շեշտեց Արմէն Թաշճեան (Արմէն Թաշճեանի խօսքին ամբողջութիւնը կու տանք հետագային):
Այս առիթով ներկայացուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, ուր մերթ ընդ մերթ ելոյթ ունեցաւ Համազգայինի «Տաւիղ» համոյթը` ղեկավարութեամբ Մկրտիչ Միքայէլեանի, իսկ Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի պարախումբը ներկայացուց փունջ մը հայկական տոհմիկ պարեր` ղեկավարութեամբ գեղարուեստական ղեկավար եւ պարուսոյց Ժիրայր Քեչէճեանի:
Ձեռնարկը խանդավառեց հայրենի երգչուհի Նարէ Գէորգեան` իր ազգային-յեղափոխական սրտառուչ մեկնաբանութեամբ հմայելով ներկաները:
***
Նշենք, որ 80-ամեակի ձեռնարկները աւարտեցան կիրակի, 15 սեպտեմբերին, առաւօտեան Ս. պատարագով, զոր մատուցեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոս: Անոր յաջորդեց սիրոյ սեղան, որուն ընթացքին խօսք առին զանազան անձնաւորութիւններ: Այս ձեռնարկներու մանրամասնութեանց կ՛անդրադառնանք մեր յաջորդ թիւով:
aztagdaily.com/archives/458093