Իրան Արամքօ-ի Դէմ Յարձակումին Հարցով Թեհրանի Ուղղուած Ամերիկեան Ամբաստանութիւնները Կը Նկատէ «Կոյր Եւ Անօգուտ»

Իրան Արամքօ-ի Դէմ Յարձակումին Հարցով Թեհրանի Ուղղուած Ամերիկեան Ամբաստանութիւնները Կը Նկատէ «Կոյր Եւ Անօգուտ»

16 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ապպաս Մուսաւի` անդրադառնալով սէուտական ԱՐԱՄՔՕ քարիւղի ընկերութեան դէմ յարձակումին համար Իրանը մեղաւոր նկատող ամերիկեան ամբաստանութիւններուն, յայտնեց.«Ամերիկեան ամբաստանութիւններն ու յայտարարութիւնները կոյր են ու անօգուտ, եւ զանոնք կարելի չէ հասկնալ դիւանագիտութեան ծիրին մէջ»:

«Միջազգային յարաբերութիւններուն մէջ նոյնիսկ թշնամութիւնը նուազագոյն հաւաստիութիւն կ՛ունենայ եւ կը մնայ տրամաբանութեան ծիրին մէջ, սակայն ամերիկացի պաշտօնատարները նոյնիսկ այդ սահմանները չյարգեցին», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Այդպիսի յայտարարութիւններն ու քայլերը աւելի կը նմանին ծրագիրներուն գաղտնի կազմակերպութիւններուն եւ գաղտնի սպասարկութիւններուն, որոնք աշխատանք կը տանին աղարտելու պետութեան մը վարկը` առ ի պատրաստութիւն ապագայ քայլի մը»:

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաւատ Զարիֆ իր կարգին յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոն, Իրանի դէմ ծայրագոյն ճնշումի քաղաքականութեան մէջ ձախողելէ ետք, դիմած է ծայրայեղ խաբէութեան քաղաքականութեան:

Միւս կողմէ, «Սի.Էն.Էն.» հաղորդեց, որ ԱՐԱՄՔՕ-ի դէմ յարձակումը գործուած է Իրաքէն, սակայն Իրաքի վարչապետը անմիջապէս հերքեց այդ տեղեկութիւնը:

Նշենք, որ Եմէնի զինեալ ուժերը շաբաթ օր յայտարարեցին, թէ 10 անօդաչու թռչող սարքերով յարձակում գործած են ԱՐԱՄՔՕ-ի քարիւղի երկու գործարաններու դէմ: «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ յարձակումէն ետք նշեալ գործարաններէն սէուտական քարիւղի արտահանումը դադրած է: Սէուտական Արաբիոյ ուժանիւթի նախարարը նշեց, որ երկու գործարաններուն դէմ յարձակումին պատճառով քարիւղի արտադրութիւնը նուազած է 50 առ հարիւրով, եւ այդ բացը պիտի փոխհատուցուի ԱՐԱՄՔՕ-ի քարիւղի պահեստներէն: Այդ յարձակումներուն պատճառով սէուտական պարտատոմսերը 3 առ հարիւրի արժեզրկում կրեցին:

Միւս կողմէ, Սպիտակ տունը հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մոհամետ պըն Սալման իշխանին հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին յայտնած է, որ իր երկիրը պատրաստ է Սէուտական Արաբիոյ հետ գործակցելու վերջինիս անվտանգութեան ու կայունութեան ամրապնդման համար:

Փոմփէօ իր կարգին յայտնեց, որ Թեհրան Սէուտական Արաբիոյ դէմ 100 յարձակում կատարած է, իսկ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի եւ Զարիֆ կը ձեւանան դիւանագիտութեամբ զբաղիլ: «Մինչ բոլոր մագլցումները դադրեցնելու կոչեր կը հնչեն, Իրան այժմ աննախադէպ յարձակում գործեց աշխարհի վրայ քարիւղի մատակարարման դէմ: Չկայ փաստ, թէ յարձակումները գործուած են Եմէնէն», ըսաւ ան:

Սպիտակ տան խորհրդական Քելիան Քոնուէյ «Ֆոքս Նիուզ»-ին յայտնեց. «Միացեալ Նահանգներ պատրաստ են Սէուտական Արաբիոյ դէմ իրանեան որեւէ յարձակումի պարագային գործի լծուելու»:

«Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթը հաղորդեց, որ ամերիկացի եւ սէուտցի պաշտօնատարներ կը սերտեն այն կարելիութիւնը, թէ յարձակումները կրնան գործուած ըլլալ Իրաքէն կամ Իրանէն արձակուած թեւաւոր հրթիռներով: Նշենք, որ քուէյթեան «Ռայ» օրաթերթը հաղորդեց, որ անօդաչու թռչող սարք մը շաբաթ արշալոյսին մուտք գործած է Քուէյթի օդային տարածք:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտեց ԱՐԱՄՔՕ-ի դէմ յարձակումը` ընդգծելով կարեւորութիւնը խուսափելու սադրիչ որեւէ քայլէ, որ կրնայ վնաս հասցնել շրջանի եւ Ծոցի անվտանգութեան ու կայունութեան:

aztagdaily.com/archives/458139

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail