Սուրիոյ Մէջ Մարդասիրական Միջանցք` Իտլիպէն Խաղաղ Բնակիչները Դուրս Բերելու Համար

Սուրիոյ Մէջ Մարդասիրական Միջանցք` Իտլիպէն Խաղաղ Բնակիչները Դուրս Բերելու Համար

16 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Սուրիոյ կառավարութիւնը մարդասիրական միջանցք տրամադրած է, ինչպէս նաեւ բացած «Ապու Տուրուր» անցակէտը` ապահովելու համար Իտլիպի լարուածութեան մեղմացման գօտիէն խաղաղ բնակիչներու եւ իրենց զէնքերը վար դնելու ցանկութիւն յայտնած զինեալներու անխոչընդոտ հեռացումը: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Սուրիոյ մէջ պատերազմող կողմերու հաշտեցման ռուսական կեդրոնի ղեկավար զօրավար¬գնդապետ Ալեքսէյ Պաքին:

Ան նշած է, որ զինեալ խմբաւորումներու վերահսկողութեան տակ գտնուող Իտլիպի տարածքը լքողներուն համար կը գործէ բժշկական շտապ օգնութեան կէտ, ինչպէս նաեւ անոնց կը տրամադրուին ըմպելի ջուր, տաք սնունդ եւ առաջին անհրաժեշտութեան պարագաներ:

Պաքին աւելցուցած է, որ մարդասիրական միջանցքով դուրս եկող քաղաքացիներուն համար բերուած են նաեւ փոխադրամիջոցներ` զանոնք անվտանգ վայրեր տեղափոխելու համար:

aztagdaily.com/archives/458138

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail