ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ – Քաղաքական Լարուածութիւններ Եւ Ուժերու Համաշխարհային Վերադասաւորումներ

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ – Քաղաքական Լարուածութիւններ Եւ Ուժերու Համաշխարհային Վերադասաւորումներ

6 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2019 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Դեռ բացորոշ կերպով հակամարտութիւններու առիթ չեն քաղաքական խորացող լարուածութիւնները, Արեւմուտք-Արեւելք-Թուրքիա, եւ անոնց հետեւանք` ուժերու համաշխարհային վերադասաւորումները, բայց անոնք ընթացքի մէջ են: Անցեալի Արեւելք-Արեւմուտք ընդունուած եւ վարժութիւն դարձած երկփեղկումը նոր քարտէս կը գծէ ազգային-քաղաքական-տնտեսական շահերու եւ մրցակցութիւններու խորքի պաստառին վրայ:

Պարզացուած բացատրութեամբ, միջազգային քաղաքական պատկերը արմատական փոփոխութիւններ կրնայ կրել Ռուսիա-Թուրքիա մերձեցումով եւ գործակցութեամբ, որ ցարդ ընդունուած խաղի օրէնքները պիտի փոխէ: Գաղտնիք չէ. Թուրքիա կը հեռանայ անցեալի իր պաշտպան եւ մատակարար դաշնակից Ամերիկայէն, ընդհանրապէս` Արեւմուտքէն: Պատճառներէն մին այն է, որ Եւրոմիութեան դռները փակ մնացին իր առջեւ, իսկ միւսը այն է, որ Ամերիկան կ’օժանդակէ Սուրիոյ քիւրտերուն, որոնց ազատագրական պայքարը վտանգ է Թուրքիոյ հողային ամբողջականութեան, հետեւաբար` անընդունելի: Պէտք չէ անտեսել նաեւ այլ պատճառ մը: Թուրքիոյ մէջ 2016-ին տեղի ունեցած պետական ձախողած յեղաշրջման կազմակերպման որպէս պատասխանատու համարուած քարոզիչ Ֆեթհիւլլա Կիւլենը միշտ կը մնայ Միացեալ Նահանգներ, եւ ամերիկացիները մերժած են զայն յանձնել Թուրքիոյ, որպէսզի ան դատուի որպէս յեղաշրջման կազմակերպիչ:

Ռուս-թուրք մերձեցումը ունի նաեւ այլ պատճառ մը. Արեւմուտքի ոչ դրական համարուած եւ քննադատական վերաբերումը Ռուսիոյ նկատմամբ. Ուքրանիոյ, Խրիմի եւ Տոմպասի հարցերը, ինչպէս նաեւ արեւմտեաններու բացայայտ զօրակցութիւնը յանուն ժողովրդավարութեան` իշխանութեան (այսինքն` Փութինի) դէմ պայքարողներուն:

Սուրիոյ պատերազմի ընթացքին Թուրքիա-Ռուսիա զինուորական գործակցութիւնը դուրս եկած է այդ սահմանափակ ծիրէն եւ յանգած է խիստ կարեւոր նոր հանգրուանի մը. այս տարի Թուրքիա Ռուսիայէն գնեց «Ս-400» գերարդիական հակաօդային հրթիռներ 2,2 միլիառ եւրօ արժողութեամբ: Արեւմուտքի եւ Ամերիկայի համար մեծապէս մտահոգիչ է նաեւ այն, որ այդ հրթիռներու ներկայութիւնը` կ’ենթադրէ ռուս մասնագէտներու ներկայութիւնը, Արեւմուտքի ռազմագիտական սահմանին վրայ: Այս նոր կացութիւնը եթէ սպառնալիք ալ չէ` Միացեալ Նահանգներու ուղղուած, մտահոգիչ է, քանի որ անոր պաշտպանութեան ցանցը կը տկարացնէ, հետեւաբար յաւելեալ ներդրումներով ան նոր միջոցներու պէտք է դիմէ: Ամերիկեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը` Փենթակոնը, չէ վարանած ըսելու, որ իրերու այս կացութիւնը կրնայ ծանրակշիռ հետեւանքներ ունենալ: Բայց Թուրքիա կը շարունակէ իր կապերը զարգացնել Ռուսիոյ հետ, եւ այդ կապերը Ռուսիայէն անդին կ’երթան, որուն զոհը կրնայ ըլլալ նոյնինքն Ռուսիան:

Պարզ է թրքական-օսմանեան հին-նոր քաղաքական վարքագիծը, որ կոչուի պասքիւլի քաղաքականութիւն, այսինքն մէկ կամ միւս կողմին կռթնելով` Թուրքիա իր անմիջական եւ հեռակայ շահերը կը հետապնդէ: Այդպէս ըրած էին սուլթանները: Այս անգամ Թուրքիա կ’ապաւինի Ռուսիոյ նեցուկին:

Հարցականներ կը ծագին Եւրոպայի եւ Միացեալ Նահանգներու համար: Թուրքիան մաս կը կազմէ Հիւսիսային Ատլանտեանի դաշնագրի կազմակերպութեան (ՕTAN կամ NATO), անդամ երկիրներէն, եւ միայն Ամերիկայէն ետք, ան ունի կազմակերպութեան ամէնէն մեծ բանակը: Թուրքիան չի կրնար այսպէս շարունակել` մէկ ոտքը ներս մէկ ոտքը դուրս, հետեւաբար ան ընտրութիւն պէտք է կատարէ, կամ այդ կազմակերպութիւնը ինքզինք պիտի վերամտածէ, եւ պիտի ստեղծուի ուժերու վերադասաւորման նոր վիճակ: Ի՞նչ կրնան ըլլալ կացութեան յստակացման հետեւանքները, մասնաւորաբար` այն երկիրներուն համար, որոնք աշխարհագրութեամբ կը գտնուին զոյգ մրցակիցներու բաժանման գիծին վրայ:

Այս կացութեան ետին կայ քաղաքական վարդապետութեան ընդհանուր հին-նոր տեսութիւն մը (doctrine politique). եւրասիական ճակատի մը հակադրումը Արեւմուտքի: Թուրքիան կրնայ միանալ (կը միանա՞յ) Շանկհայի կազմակերպութեան, որ եւրասիական զինուորական համագործակցութիւն մըն է` գլխաւորութեամբ Ռուսիոյ եւ Չինաստանի, որոնք հիմնադիր անդամներ են Ղազախստանի, Խըրխըզստանի, Տաճիկստանի եւ Իւզպեքստանի հետ, անդամ դարձած են նաեւ Հնդկաստանն ու Փաքիստանը: Պէտք է գումարել ասոնց վրայ դիտորդ երկիրները` Աֆղանիստանը, Իրանը, Մոնկոլիան եւ Պիելոռուսիան: Վիճարկումներուն մասնակից երկիրներն են` Սրի Լանքան, Թուրքիան, Քամպոտիան, Ազրպէյճանը, Հայաստանը եւ Նեփալը:

Անցեալ դարասկիզբին, կարգ մը ռուս քաղաքական մտածողներ, մասնաւորաբար` Եւրոպա ապաստանածներ, կ’ուզէին Ռուսիոյ համար աշխարհաքաղաքական ինքնութիւն մը սահմանել, որ արեւմտեան չըլլայ, չըլլայ նաեւ միայն սլաւական: Աշխարհագրագէտ եւ տնտեսագէտ Փիոթր Սաւիթսքի (1885-1968) կը խօսի «երրորդ ցամաքամաս»-ի մը մասին, զայն կը համարէ առանձին եւ տարբեր աշխարհամաս մը, Եւրասիան: Ռուսիայէն մինչեւ Չինաստան կը տարածուին անոր սահմանները, ան ունի իր բուսաբանական միութիւնը` տափաստաններով, անտառներով, (streppes, toundra, taտga), անապատներով: Այս աշխարհը վերագտնել կարելի կ’ըլլայ` անջատուելով հռոմէական-գերմանական աշխարհէն, եւ այս կը հիմնուի նաեւ այն տեսութեան վրայ, որ ռուսական եւ թրքական լեզուներու միջեւ փոխլրացուցիչ համահունչութիւններ կան (Նիքոլայ Տրուփեցքոյ, 1890-1938):

Իսկ «թրքութեան» տեսաբան Զիա Կէօքալփ կոչ կ’ընէ թուրանականութեան, այսինքն` համախմբելու Եւրոպայի եւ կեդրոնական Ասիոյ թրքախօս ժողովուրդները:

Կայ աւելի ուշագրաւը: Թուրքիան իր դիցաբանական արմատները կը կարծէ գտնել եւրասիական տափաստաններու մէջ: Այդ առասպելը կը կոչուի Էկէնէքոն, այն հովիտը, ուր առաջին թուրքերը առաջնորդուած են գորշ էգ գայլով մը (Հռոմի հետ նմանակուելու փորձ մը): Կ’ըսուի, որ Ճենկիզ Խանէն մինչեւ Թիմուրլենկ, մինչեւ այսօր, հասարակաց լեզուով մը կը միանան բազմաթիւ ժողովուրդներ, որոնց պատմութիւնը միշտ առնչուած է Ռուսիոյ:

Ասոնք քաղաքական վարդապետութիւն մը հիմնաւորող տեսական կառուցումներ են: Բայց քաղաքականութիւնը գրականութիւն չէ: Պէտք է նկատի ունենալ քաղաքական մերձեցումներու իսկական դրդապատճառները: Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ համար եւրասիականութիւնը էապէս հակարեւմտեան ճակատ մը կազմելու առաջադրանք է: Կ’օգտագործուի նաեւ այլ փաստարկ մը, ըստ որուն, եւրասիական Ռուսիոյ մէջ ուղղափառ աշխարհը հաշտ կ’ապրի թուրք-իսլամներու հետ: Թուրքիոյ բանակին մէջ եւրասիական ինքզինք չբացայայտող հոսանք մը կայ: Իշխանութեան շրջանակներուն մէջ ալ այս գաղափարը հող կը գտնէ: Հակարեւմտականութիւնը Թուրքիոյ մէջ լայն տարածում կը գտնէ, ինչ որ կ’ամրացնէ նախագահ Էրտողանի պատեհապաշտական կողմնորոշումները, որպէսզի ստիպուած չըլլայ զիջումներ ընել Արեւմուտքին: Եւ եւրասիական քաղաքական վարդապետութիւնը ոսկեղէն առիթ է իրեն համար:

Զարմանալի է, որ Ռուսիա ինքզինք վտանգուած չի զգար դեռ միգամածային կերպարանք ունեցող համաթուրանական-համաթրքական երազանքի հետեւանքներէն, որուն բեմը եղած է պատմութիւնը, իսկ Թուրքիան ե՞րբ տարբերութիւն դրած է ուղղափառի, կաթողիկէի եւ աւետարանականի միջեւ: Հարցում, որուն վկան պատմութիւնն է` ասորական, յունական, արաբական եւ հայկական ժառանգութիւնը:

Թուրքիան իր ներքին խնդիրներուն եւ Եւրոպայի կէս բաց-կէս գոց դռներէն բխած յուսախաբութիւններուն համար պիտի կարենա՞յ որպէս դարման օգտագործել եւրասիական երազանքը, թէ՞ ան պարզապէս անվնաս դեղ մըն է ամբոխները քնացնելու համար:

Բայց հարց կայ` քաղաքական ախորժակներու եւ լարուածութիւններու որպէս հետեւանք: Ինչպէ՞ս կ’ըլլան վերադասաւորումները: Չինաստանը իր սահմաններուն վրայ նոր մեծ ուժի մը ստեղծումը ինչպէ՞ս պիտի դիմաւորէ:

Այս բոլորին մէջ, Եւրոպայի հետ համագործակցող Հայաստանը, որ նաեւ «խօսակից» է Արեւմուտքին հակադրուելու կոչում ունեցող եւրասիական նկրտումներէն յառաջանալիք վերադասաւորումներուն մէջ, ինչպէ՞ս պիտի գտնէ իր անվտանգութեան եւ զարգացման ուղին:

Աւելի պարզ. այս վերադասաւորուող ուժերու համաշխարհային հոսանքներուն մէջ Հայաստանը (հայութիւնը ընդհանրապէս) ունի՞ համահայկական քաղաքական վարդապետութիւն մը` ներազգային մեծ-պզտիկ պառակտումներէն, մրցակցութիւններէն եւ աթոռամարտերէն անդին:

Ըսի` համահայկական. այսինքն` քաղաքական վարդապետութիւն մը, որուն մէջ Հայաստանի, Արցախի եւ ազգի աւելի քան կէս սփիւռք-համրանքի հայութիւնը ինքզինք տեսնէ, հարազատութիւն եւ իմաստութիւն ապրի:

3 սեպտեմբեր 2019, Նուազի-լը-Կրան

aztagdaily.com/archives/458059

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail