ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ – Արամի Տան Շարունակուող Ողբերգութիւնը

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ – Արամի Տան Շարունակուող Ողբերգութիւնը

16 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2019 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ:

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ

Արդէն աւելի քան շաբաթ մըն է, որ հոս ենք, եւ մեր տան պատշգամէն մեր առջեւ կը բացուի շարունակուող ողբերգութիւնը հայ անկախ պետականութեան Հիմնադիր Հայր Արամի տան: «Հին Երեւան մոլ»-ին պատերը արդէն վաղուց բարձրացած են: Անոնք բարձրացած են արհամարհական իրականութեամբ մը եւ կանգնած են հզօր` Արամի տան աւերակին դէմ յանդիման:

Ո՛ր կողմէն որ նայիք, շուկայական այս նոր համալիրին պեթոնէ կմախքը հետզհետէ գերիշխող կը դառնայ թաղի նեղսիրտ առօրեային վրայ: Նեղսիրտ են այս փողոցները, քանի որ իրենք նախատեսուած չէին ինքնաշարժային այս խիտ ու ջղային երթեւեկին համար: Նեղսիրտ են, քանի որ կայանուած ինքնաշարժներու դիզուածքը ոչ մէկ լուսանցք կը թողու մարդկային երթեւեկին համար: Նեղսիրտ են, քանի որ կուտակուած է աղբը ամէն կողմ եւ կը մերժէ անհետանալ® Նեղսիրտ են, քանի որ թաղը անզօր է ինքնիր ճակատագիրը տնօրինելու: Թաղը արդէն վաղուց չքացած է` իր տեղը զիջելով բարձրայարկ շէնքերու անսիրտ կամայականութեան: Այդ շէնքերէն մէկուն մէջ այժմ կը բնակինք նաեւ մենք:

Հանրապետութեան հրապարակէն քայլ մը անդին` քաղաքի այս շրջանը խորհրդանշող երբեմնի անշուք եւ անսեթեւեթ բակերը իրենց մէջ-մէջի տուներու մեղուաբոյնով արդէն իսկ եղած են արմատախիլ եւ երեք նեղ գռիհներու կեանքէն ներս մտած է «Հին Երեւան մոլ»-ի գոռոզ պահանջատիրութիւնը® Այսինքն` տարիներէ ի վեր ծրագրուող այս փակ շուկան, որ պիտի տարածուի Արամ, Կողբացի եւ Բիւզանդ փողոցներու հիւսուածքէն ներս` ի սպառ ջնջելով յիշատակը երբեմնի մտերմիկ Երեւանին:

Ան պիտի ջնջէ նաեւ յիշատակը Արամի տան, եթէ հանրութեան հաւաքական խղճմտանքը դուրս չգայ իր առասպելական թմբիրէն®

Պեթոնի զանգուածները հոգի չունին: Անոնք չունին յիշողութիւն: Անոնք նոր Հայաստան մըն են, որ առնչութիւն չունի իր ժառանգութեան հետ: Անոնք կ՛ապրին` առանց ինքնութեան, առանց կապի, առանց հաղորդութեան, առանց սիրոյ: Անոնք չունին զգայարանք, չունին օրհներգ, չունին դրօշ, չունին զինանշան: Անոնք չունին լեզու, չունին ուղղագրութիւն, չունին յստակ այբուբեն: Անոնք չունին ձեռագիր, չունին հպարտ խտրականութիւն, չունին ոճ եւ ճարտարապետութիւն: Անոնք երեսպատուած են պատմութեան կեղծ որմերով եւ, հետեւաբար, չունին պատմութիւն: Չունին յանձնառութիւն իրենց ինքնութեան հանդէպ, քանի որ չունին ԻՆՔՆՈՒԹԻՒՆ: Անոնք կը պատկանին շուկայական տնտեսութեան տէրերուն: Կը պատկանին շահատէրերուն: Կը պատկանին ամենազօր օլիկարխիային, որ կ՛իշխէ ամէն եկող-գացող իշխանութեան որոշումներուն:

Երեկոյեան այս ժամուն, երբ այս պատշգամէն կը դիտեմ Արամի տան աւերակը «Հին Երեւան մոլ»-ի մոլագարութեան դէմ յանդիման, կը լսեմ անձայն կռիւը երկուքին միջեւ: Պեթոնէ պատերը իրենց անհուն տգիտութեամբ կը պոռան աւերակի երեսն ի վար` դուն ի՞նչ գործ ունիս հոս, դուն ի՞նչ իրաւունք ունիս հոս ըլլալու, ա՛յ ողորմելի® որուն ի պատասխան` աւերակը կը լռէ, ինչպէս լռած է իր ժողովուրդը արդէն դար մը ամբողջ եւ կուլ տուած` անպատուութիւնը իր գոյութեան ինքզինք դնելով իրերայաջորդ բռնատէրերու եւ անհարազատ վարչակարգերու ենթակայութեան տակ: Անդրադարձէ՛ք վերջապէս: Արամի տան աւերակը մենք ենք: Մենք ենք այդ բզքտուած արարածը 2019-ի այս սեպտեմբերին, հարիւր տարի ետք այն օրէն, երբ Արամի պարտասած մարմինը իր վերջին հրաժեշտը կու տար կեանքին այս ցաւոտ տան պատերուն միջեւ: Մենք կրնայինք ըլլալ Արա՛մը եւ ապրիլ արժանապատուութեամբ: Ապրի՛լ մեծութեամբ: Ապրի՛լ հրաշագործելու հզօր կամքով: Բայց մենք նախընտրեցինք ըլլալ այսօրուան այս աւերակը եւ ծունկի գալ շահատէրերու, վաշխառուներու եւ շահագործող ցեցերու կամքին առջեւ: Վա՛յ մեզի:

13 ٍՍեպտեմբեր 2019
Երեւան

yerakouyn.com/2019/09/16/արամի-տան-շարունակուող-ողբերգութիւն/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail