80-Ամեայ Այնճար Հայաւանը Տոհմիկ Երեկոյի Ընթացքին Գրկաբաց Ողջունեց Իր Աշխարհասփիւռ Զաւակները
16 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2019 – ԼԻԲԱՆԱՆ – ՀԱՅԱՒԱՆ – ՄՈՒՍԱ ԼԵՌ ԱՅՆՃԱՐ:
Հովանաւորութեամբ Մուսա լեռ-Այնճարի հիմնադրութեան 80-ամեակի յոբելենական մարմինին եւ ԼՕԽ-Ի Շրջանային վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի վարչութեան ուրբաթ, 14 Սեպտեմբեր 2019-ի երեկոյեան ժամը 8:30-ին ընթացք առաւ Այնճարի տոհմիկ երեկոն:
Լիբանանեան, հայկական եւ ՀՕՄ-ի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, օրուան հանդիսավար Անի Տիւքենճեան ողջունելով ներկաները սեղմ տողերու մէջ ներկայացուց յայտագիրի գլխաւոր կէտերը: «Մեր պապերէն մեզի հասած արժէքներն են, որոնք ժամանակի կնիքով կ՛արժեւորեն մեր գոյութիւնը, սնունդ կու տան մեր ներկայի ձեռքբերումներուն, եւ անոնցմէ յառնող ոգին է, որ մեզ կ՛ապրեցնէ իբրեւ իւրայատուկ դիմագիծի տէր անմեռ ժողովուրդ», ըսաւ Տիւքենճեան եւ աւելցուց. «Ահաւասիկ այս խորհուրդն է, որ կը կրէ մեր տոհմիկ երեկոն, խորհուրդ մը, որով կը բաբախէ մեր սիրելի 80-ամեայ գիւղին յաւերժ երիտասարդ սիրտը»: Ան ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի վարչութեան անունով բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն:
Այս առիթով ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի ատենապետ եւ նշեալ յոբելենական մարմինի անդամ Ռիթա Լաքիսեան, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան անունով` Նազելի Աւագեան, Կիպրոսի Լառնաքա քաղաքի հոգեւոր հովիւ Մաշտոց քհնյ. Աշգարեան, օրուան նախագահ ամոլէն` Ռեպա Քենտիրճեան-Փիլիպպոսեան եւ ազգային բարերար Կայծակ Զէյթլեան:
Ռիթա Լաքիսեան ողջունելով ներկաները պատմական յետադարձ ակնարկով մը սեղմ գիծերու մէջ ներկայացուց ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի հիմնադրութեան պայմանները, նպատակը, գործունէութեան ընթացքն ու ծաւալումը եւ ցարդ արձանագրած իրագործումները: «1942-ին Մուսա լերան հերոսամարտի ղեկավար Մովսէս Տէր Գալուստեանի, օրուան պատկան մարմիններուն եւ կարգ մը ազգայիններու ջանքերով հիմը կը դրուի օգնութեան խաչի Այնճարի մասնաճիւղին», ընդգծեց Լաքիսեան եւ աւելցուց. «Նորակազմ մասնաճիւղը իր հիմնադիր ժողովը կը գումարէ 1943-ին եւ կ՛ընտրէ իր վարչութիւնը. հայ օգնութեան սուրբ գործին ուխտեալ ընկերուհիները այդ նախնական տարիներուն, հիւանդութեան եւ գաղթականութեան դժուարին պայմաններուն մէջ կը սկսին իրենց գործունէութեան, յարգա՛նք ու օրհնութիւն անոնց յիշատակին»: «Մենք ուխտեալներն ենք հայ օգնութեան սուրբ գործին, մեր ժամանակը, աշխատանքը, գաղափարները միշտ պատրաստ ենք դնելու ի սպաս մեր հաւատացած ՀՕՄ-ի ծրագիրներուն, սակայն այս հսկայ գործը պէտք է յարատեւէ, առ այդ` պէտք ունի նիւթական քաջալերանքի եւ զօրակցութեան, ինչպէս նաեւ` կ՛ուզենք բարոյական աջակցութիւն` նոր ուխտեալներ, ծառայելու ժողովուրդին», շեշտեց Լաքիսեան: Ան իր խօսքի աւարտին յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէին, Այնճարի քաղաքապետութեան, այս ձեռնարկի նախագահ տէր եւ տիկին Գրիգոր եւ Ռեպա Փիլիպպոսեաններուն, ճաշարան «Արեւ»-ի տնօրէնութեան, տէր եւ տիկին Պօղոս եւ Վարդուկ Զէյթլեաններուն, նուիրատուներուն եւ ԼՕԽ-ի անդամներուն:
ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան խօսքը արտասանեց Նազելի Աւագեան, որ յայտնեց, թէ որեւէ հաւաքականութեան համար դիւրին չէ հարկադրաբար լքել իր հարազատ միջավայրը եւ հաստատուիլ այլ տարածքի մէջ: «104 տարիներ առաջ մուսալեռցիները մատնուեցան նման կացութեան, երբ դէմ դրին թրքական յարձակումներուն, քառասուն օր շարունակ պատուաբեր խիզախութեամբ մարտնչեցան թշնամիին դէմ եւ իրենց կեանքը զոհաբերեցին յանուն հողի պաշտպանութեան», ըսաւ ան` նշելով, որ ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղին կազմակերպած աւանդական տոհմիկ այս օրը ունի յատուկ բնոյթ, որովհետեւ կը համընկնի Այնճար հայաւանի հիմնադրութեան 80-ամեակին: «ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղն ալ Այնճար հայաւանի հիմնադրութեան եւ անոր ութսուն տարիներու պատմութեան շղթային օղակներէն մէկն է», դիտել տուաւ Աւագեան:
«Աւանդական տոհմիկ օրը նաեւ առիթ մըն է բոլորիս, որպէսզի համախմբուինք, իրարմով գօտեպնդուինք, յանձնառութեամբ շարունակենք մեր ուսերուն պարտք դրուած նուիրական առաքելութիւնը», եզրափակեց ան իր խօսքը` շնորհաւորելով Մուսա լեռ-Այնճարի հիմնադրութեան 80-ամեակը եւ բարձր գնահատելով այս հայաւանի ծաղկումին ի խնդիր մուսալեռցիներու թափած բոլոր ճիգերը, շրջանի հոգեւոր հայրերուն, պատկան մարմիններուն, միութիւններուն, եւ «Աղթամար» մասնաճիւղի ընկերուհիներուն` ազգին մատուցած ծառայութիւնները:
Օրուան նախագահ ամոլէն` Ռեպա Քենտիրճեան-Փիլիպպոսեան իր խոր գոհունակութիւնը յայտնեց, որ իր ամուսնոյն աջակցութեամբ յաջողած է իրականացնել իր տարիներու երազը` իր մեծ հօր` Վահան Ա. քհնյ. Քենտիրճեանի կիսանդրին զետեղելով Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ բակին մէջ. եկեղեցւոյ շինարարական աշխատանքներուն մէջ մեծ ներդրում ունեցած էր տէր հայրը: Ռեպա Փիլիպպոսեան այս առիթով շնորհակալութիւն յայտնեց իր զարմիկներուն` Զարեհին, Մանասին եւ Սերժին, որոնց օժանդակութեամբ իրականացաւ նշեալ կիսանդրիի պատրաստութիւնը ձեռամբ` արուեստագէտ Յակոբ Ճամպազեանին: «Մեզի համար շատ հաճելի է ձեզի հետ բաժնեկցիլ այս ուրախութիւնը, ես ինքս հետեւելով մօրս ու մեծ մօրս` արդէն անդամ եմ ՀՕՄ-ի Տիթրոյիթի «Ցոլիկ» մասնաճիւղին», ընդգծեց Ռեպա Փիլիպպոսեան:
Ապա խօսք առաւ Կիպրոսի Լառնաքա քաղաքի հոգեւոր հովիւ Մաշտոց քհնյ. Աշգարեան, որ հիմնական երեք կէտերով անդրադարձաւ Հայ կարմիր խաչի խորհրդանիշին` բանաստեղծ Եդուարդ Պոյաճեանէն մէջբերումով եւ Մուսա լերան հերոսամարտի 18 նահատակներու պատգամով: «Իբրեւ խաչապաշտ ժողովուրդ ճերմակ սաւանի վրայ կարմիր խաչը փրկութիւն եղաւ Մուսա լերան հերոսամարտի ընթացքին, եւ մենք իբրեւ քրիստոնեայ խաչապաշտ ժողովուրդ, կրցած ենք ազդել մեզմէ զօրաւոր թշնամիին վրայ», ըսաւ Մաշտոց քհնյ. Աշգարեան եւ մէջբերելով բանաստեղծ Եդուարդ Պոյաճեանի խօսքերը, թէ ինչպիսի՛ տաժանակիր պայմաններու տակ գտնուած եւ ապա վերականգնած է Մուսա լերան ժողովուրդը, մաղթեց, որ նոյն ոգիով շարունակէ նաեւ նոր սերունդը: 18 նահատակներու պատգամին գծով տէր հայրը շեշտեց, որ Այնճարը միայն այնճարցիներուն չի պատկանիր, անիկա առաքելութիւն է, հայութեան մէկ մասնիկին Այնճարի մէջ համախումբ ապրիլը ինքնի՛ն առաքելութիւն է: Ան թելադրեց յաճախ կրկնել նման ձեռնարկներ, «որոնց ընթացքին տիրող ոգին ամսուան մը դասընթացքէ աւելի կ՛ազդէ»: Մենք այսօր ուրիշ տեսակի պայքար ունինք մղելիք, լինելութեան եւ սերտ ապրելու գոյապայքար», ընդգծեց տէր Մաշտոց քհնյ. Աշգարեան:
Իր սրտի խօսքը ուղղեց յատուկ այս առիթով Միացեալ Նահանգներէն եկած Կայծակ Զէյթլեան, որ ողջունելով ներկաները վերահաստատեց, որ հակառակ Այնճարէն դուրս գտնուելուն, Այնճարը իր եւ իր նմանններուն սրտին մէջ է, այնպէս ինչպէս որ Այնճարի եւ Մուսա լերան ժողովուրդը հայրենիքի մէջ չ՛ապրիր, բայց հայրենիքը մուսալեռցիներու եւ այնճարցիներու հոգիներուն մէջ միշտ բարձր է եւ այդպէս պիտի մնայ: Այս առիթով ան կոչ ուղղեց մուսալեռցիներուն` վերանորոգելու Այնճարը պահելու իրենց երդումը` յանուն հայրենիքի պայծառ ապագային: Զէյթլեան կատակով յիշեցուց իր երբեմնի խօսքը, թէ Մեծն Տիգրանի երկրին սահմանները Այնճարէն աւելի անդին կ՛անցնին, ու մենք այսօր Մեծն Տիգրանին երկրին սահմաններուն մէջ կ՛ապրինք, թելադրելով հայրենիք գացող այնճարցիներուն` մնալու հոն մաղթելով նման ձեռնարկներ կազմակերպել նաեւ մայր հայրենիքի մէջ:
«Մենք Խաչվերացը տօնած ենք Մուսա լերան գագաթին եւ ինչու չէ` օր մը պիտի տօնենք, յիշատակենք Մասիսի գագաթին», ընդգծեց Կայծակ Զէյթլեան: Ան այս առիթով յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց ձեռնարկը կազմակերպող յոբելենական մարմինին, «Կարմիր լեռ» կոմիտէին, ԼՕԽ-ին, Այնճարի ՀՄԸՄ-ին եւ Համազգայինին: Նմանապէս` ան բարձր գնահատեց նախորդ օր Համազգայինի կազմակերպած գեղանկարչական ցուցահանդէսը` խոստանալով քաջալերել ու պահել «Այնճար արթ կալըրի»-ն` Այնճարի ներկայ եւ ապագայ արուեստագէտներուն քաջալերանքին եւ անոնց երազներու իրականացման համար:
Մինչեւ շաբաթ առաւօտեան կանուխ ժամերը տեւած այս տոհմիկ երեկոյի ընթացքին մերթ ընդ մերթ ներկայացուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, որուն ընթացքին հայրենի երգչուհի Նարէ Գէորգեան ելոյթ ունեցաւ ազգային երգերով, երաժիշտ Սեդօ Պաղտասարեան եւ երգչուհի Կասիա խանդավառեցին մթնոլորտը ազգային-գաւառական երգերու փունջով, ԼՕԽ-ուհի Վիքթորի Քեչէճեան Մուսա լերան բարբառով մեներգեց «Հարսնցուին հրաժեշտի երգը»: Նմանապէս` պատանիներ Փաթիլ Թասլաքեան եւ Լոռի Հերկելեան Թովմաս Հապեշեանի` Մուսա լերան բարբառով պատրաստուած աշխատասիրութենէն կենդանի պատկեր մը ներկայացուցին: Իսկ ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի անդամներ հանդէս եկան ութսուն մոմերու լուսավառութեամբ` խորհրդանշելով Այնճար հայաւանի հիմնադրութեան 80-ամեակը: Նաեւ` տոհմիկ երեկոյի բացօթեայ հանդիսավայրի մէկ անկիւնը զարդարուած էր բնիկ մուսալեռցի, այժմ Հայաստան հաստատուած Ազատիկ Թասլաքեանի պատրաստած Այնճարի աւանդական ձեռային աշխատանքներով, մինչ վաստակաւոր ատաղձագործ Յակոբ Ճապրայեան եւ Աղաւնի Ադամեան ձեռնարկի տեւողութեան տեղւոյն վրայ պարզեցին ասեղնագործութեան եւ աթոռ հիւսելու իրենց հմտութիւնները:
Նշենք, որ այս առիթով Այնճար հայաւանին մէջ կը տիրէր աշխուժ ու խանդավառ մթնոլորտ, ամէնուրեք կեանք ու եռանդ կը բուրէր: Ազգային կառոյցներու գրեթէ բոլոր միաւորները լծուած էին մեղուաջան աշխատանքի` իւրաքանչիւրը ի՛ր ոճով նշելու հայաւանի 80-ամեակի այս յատուկ առիթը եւ իր յարգանքը ցուցաբերելու նախորդներու վաստակին եւ ոգեկոչելու նահատակներու յիշատակը: Հրապարակին մէկ կողմը կը ժպտար «դալար անկիւնը», այլ տեղ մը` ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի կազմակերպած ցուցահանդէս-վաճառքը, կանաչութեան մէջ` ՀՅԴ Այնճարի պատանիներու ձեռնարկը: Այս ծիրին մէջ ուշագրաւ էր նաեւ Այնճարի քաղաքապետութեան նախաձեռնած եւ ՄԱԿ-ի զարգացման ծրագիրի (Եու.Էն.Տի.Փի.) զօրակցութեամբ իրագործուող «կրպակներու շուկայ»-ի խիստ շահեկան քայլը:
yerakouyn.com/2019/09/16/80-ամեայ-այնճար-հայաւանը-տոհմիկ-երեկոյի/