Արթուր Վանեցեան. «Իմ Հրաժարականս Թող Ըլլայ «Կանգ Ա՛ռ»-ի Սթափեցնող Քայլ»
17 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2019 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՊԱՇՏՊԱՆԱԿԱՆ ՀԱՐՑԵՐ:
Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) տնօրէն Արթուր Վանեցեան ներկայացուց իր հրաժարականը եւ յայտարարեց, որ ստեղծուած ներկայ իրավիճակին եւ յառաջիկայի ընդհանուր պարունակին մէջ այս քայլը Հայաստանի Հանրապետութեան եւ ժողովուրդին ծառայելու ամէնէն նախընտրելի եւ ամէնէն հիմնաւորուած տարբերակն է:
«Այս որոշումը ես տուած եմ նոյնքան վստահ, որքան այն, երբ մեր երկրի համար բախտորոշ փուլին համաձայնեցայ ստանձնել Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէնի պաշտօնը: Մէկուկէս տարուան իմ գործունէութիւնս միշտ բոլորիդ աչքին առջեւ եղած է, եւ ամէն քայլ առած եմ մէկ սկզբունքով` հայրենիքն ու սպայի պատիւը վեր են ամէն ինչէ:
«Պետականաշինութիւնը իր տրամաբանութիւնը ունի` որոշումներու տարերայնութիւնը, գործողութիւններու յախուռնութիւնը, առաջնայինը երկրորդականէն, իսկ անցողիկը մնայունէն չզանազանելու գործելաոճը այն ուղին չէ, որ կը տանի դէպի նպատակներու իրականացում: Ասիկա ընդհանուր ոչինչ ունի սպայի արժանապատուութեան հետ. սպայի ուսադիրն ու զարգացումներու նման ընթացք անհամատեղելի են: Իմ հրաժարականս թող ըլլայ «Կանգ ա՛ռ»-ի սթափեցնող քայլ, մնացած բոլոր տարբերակներուն պիտի յաղթանակէ հայրենիքի հանդէպ պարտքը: Խաղաղութիւն ու անվտանգութիւն մեր երկրին», յայտնեց ան:
Այս մասին խօսելով` Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հաստատեց, որ ինք ստորագրած է Վանեցեանը աշխատանքէն զերծ կացուցելու միջնորդագիր, որուն վերաբերող հրամանագիր ստորագրեց նախագահ Արմէն Սարգսեանը:
Ն. Փաշինեան յայտնեց, որ այդ մէկը տեղի ունեցած է քանի մը քննարկումներու ընթացքին ԱԱԾ-ի տնօրէնին հետ եւ փոխադարձ համաձայնութեամբ: «Մենք քննարկած ենք Ա. Վանեցեանի հետագայ գործունէութեան քանի մը տարբերակներ, եւ անոնք պիտի քննարկուին յընթացս: Այս պահուն, կը կարծեմ, պարոն Վանեցեանը պիտի կեդրոնանայ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը Եւրոպայի ախոյեանութեան եզրափակիչ հասցնելու շատ կարեւոր, ազգային եւ պետական խնդիրի լուծման վրայ», դիտել տուաւ վարչապետը:
aztagdaily.com/archives/458253