Արցախի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Խաղաղութեան Ուղի Գտնելու Հարցի Քննարկում

Արցախի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Խաղաղութեան Ուղի Գտնելու Հարցի Քննարկում

18 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2019 – ՀԱՅ ԴԱՏ:

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, որ բանակցութիւններ վարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բարձրաստիճան պաշտօնեաներու հետ` Արցախի եւ Ազրպէյճանի միջեւ ամուր եւ ժողովրդավարական խաղաղութեան ուղիներ գտնելու վերաբերեալ:

Հանդիպման մասնակցած են Կովկասի եւ շրջանային տագնապներու գործերով նախարարութեան տնօրէն Չերիլ Ֆերնանտես եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի Միացեալ Նահանգներու համանախագահ Էնտրիւ Շոֆըր: Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին կողմէ բանակցութիւններուն մասնակցած են կառոյցի ղեկավար Րաֆֆի Համբարեան եւ յանձնախումբի կառավարական հարցերու տնօրէն Թերեզա Երիմեան:

Րաֆֆի Համբարեան նշած է. «Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կը գնահատէ նախարարութեան հետ մեր բազմամեայ երկխօսութիւնը` հարցերու լայն շրջանակի վերաբերեալ եւ կ՛ողջունէ Միացեալ Նահանգներու առաւել կառուցողական կարելիութիւնները` ուղղուած խաղաղութեան, Արցախի եւ դրացի պետութիւններու քաղաքացիներու յառաջընթացին եւ բարգաւաճման աջակցութեան»:

Ըստ անոր, Միացեալ Նահանգներու եւ ԵԱՀԿ-ի մէջ իր գործընկերները նշած են, որ պէտք է ապահովեն աւելի ուժեղ առաջնորդութիւն, որպէսզի հակազդեն ազրպէյճանական սադրանքներուն եւ յարձակողական մօտեցումին:

aztagdaily.com/archives/458404

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail