«Սի.Այ.Էյ.»-ի Գաղտնազերծուած Փաստաթուղթեր.«Արցախը Հայերունն Է»
18 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2019 – Սի.Այ.Էյ.
Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ հրապարակած է «Սի.Այ.Էյ.»-ի գաղտնազերծուած հաշուետուութիւնները Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ:
1988 թուականի` «Կովկասեան յուզումներ եւ ազգայնականութեան սպառնալիք» անունով փաստաթուղթին մէջ կը խօսուի Ղարաբաղի մէջ ազգամիջեան տագնապին մասին:
«1920-ական թուականներուն հայկական մշակութային եւ կրօնական կեդրոն Լեռնային Ղարաբաղի Ազրպէյճանին յանձնումը շարունակական, սակայն ճնշուած հիասթափութեան աղբիւր դարձաւ հայերուն համար», կ՛ըսուի փաստաթուղթին մէջ:
Փաստաթուղթին մէջ նաեւ կը նշուի, որ Ազրպէյճանի երիտասարդ բնակչութեան թիւի արագ աճը յանգեցուց երիտասարդ հանրապետութեան` երկրին առջեւ ծառացած կրթական, ընկերային խնդիրները լուծելու անկարողութեան. այդ ալ յանգեցուց բնակչութեան դժգոհութեան, որ սկսաւ արտայայտուիլ հայ բնակչութեան դէմ կատարուած յարձակումներով:
Գաղտնազերծուած փաստաթուղթին մէջ նաեւ կը նշուի, որ Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզը ստեղծուած է 1923 թուականին` հայերու բնակավայրին մէջ, ուր հայերը կազմած են մարզի բնակչութեան 89 առ հարիւրը:
aztagdaily.com/archives/458403