Ռոպերթ Քոչարեան Ազատ Չարձակուեցաւ – Ռոպերթ Քոչարեան Ազատ Չարձակուեցա

Ռոպերթ Քոչարեան Ազատ Չարձակուեցաւ – Ռոպերթ Քոչարեան Ազատ Չարձակուեցա

18 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2019 – ԳԼԽԱՒՈՐ ՆՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ – ԻՐԱՒԱԿԱՆ ՀԱՐՑԵՐ:

Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանը (Շէնգաւիթի նստավայր)` դատաւոր Աննա Դանիբէկեանի նախագահութեամբ, մերժեց Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի խափանման միջոց կալանքը վերացնելու պաշտպաններուն միջնորդութիւնը, զոր անոնք ներկայացուցած էին 7 սեպտեմբերին: Ամիսներ առաջ պաշտպանները ներկայացուցած էին նաեւ գրաւի դիմաց Քոչարեանը ազատ արձակելու միջնորդութիւնը, որուն քննարկումը չէ կատարուած ցարդ:

Դատարանին մէջ միջնորդութիւնը ներկայացնելով` Ռոպերթ Քոչարեանի փաստաբաններէն Հայկ Ալումեան յայտնեց, որ կարելի է ազատ արձակել նախկին նախագահը, մանաւանդ որ մեղադրող կողմը չի կրնար նշել որեւէ փաստ` ուղղակի կամ անուղղակի, երբ Քոչարեան փորձած է խուսափիլ քննութենէն կամ խոչընդոտել զայն: Փաստաբանը շեշտեց, որ նախորդ տարուան օգոստոս-սեպտեմբեր ամիսներուն, ազատութեան մէջ գտնուող Քոչարեան, որուն նկատմամբ տակաւին ընտրուած չէր որեւէ խափանման միջոց, ունենալով անձնագիր, ունենալով Գերմանիոյ մէջ հետազօտութեան ենթարկուելու անհրաժեշտութիւն, երկրէն դուրս չէր ելած: «Այդ պահուն ոչ մէկ օրէնք կը խանգարէր, որ Ռ. Քոչարեանը մեկնէր Գերմանիա: Այնուամենայնիւ, Գերմանիա մեկնելու անհրաժեշտութեան մասին ան տեղեկացուց վարոյթ իրականացնող մարմինին, իսկ երբ նախաքննական մարմինը ըսաւ` քննութեան շահերէն չի բխիր հանրապետութենէն անոր մեկնիլը, ան վերադարձուց իր տոմսերը եւ չգնաց: Ասիկա եւս մէկ ու շատ կարեւոր փաստ է` գնահատելու այն հաւանականութիւնը, թէ ի՛նչ կրնայ տեղի ունենալ, եթէ Ռ. Քոչարեանի խափանման միջոցը վերացուի կամ իբրեւ այլընտրանքային խափանման միջոց կիրարկուի գրաւ», ըսաւ Ալումեան:

Փաստաբան Արամ Օրբէլեան իր կարգին նկատել տուաւ, որ այս գործով օրէնսդիր ու գործադիր մարմիններու ներկայացուցիչները դատական իշխանութեան վրայ կը բանեցնեն ճնշումներ, որոնք աւելի կ՛աշխուժանան, երբ կը քննարկուի Ռոպերթ Քոչարեանի կալանքի հարցը: «Վերջին ճնշումները, ըստ էութեան, եղած են երէկ` ձեր կողմէ որոշում կայացնելու նախօրէին: Չեմ ուզեր անդրադառնալ տարբեր մարդոց կողմէ ձեզի տրուած այցելութիւններուն վերաբերող լուրերուն», դիտել տուաւ Օրբէլեան:

Ան նաեւ դատաւորին ուշադրութեան յանձնեց այն հանգամանքը, որ Սահմանադրական դատարանը կարծիք ստանալու համար դիմած է Վենետիկի յանձնաժողովին, ինչ որ կը նշանակէ, թէ առկայ է առերեւոյթ կասկած, որ Քրէական օրէնսգիրքի 300.1 յօդուածը չի համապատասխաներ Սահմանադրութեան, հետեւաբար կը միջնորդեն կիրարկել ազատազրկման հետ կապ չունեցող խափանման միջոց:

Խօսք առաւ նաեւ Ռոպերթ Քոչարեան, որ, անդրադառնալով քննութենէն իր թաքնուելու վերաբերեալ առկայ մտահոգութիւններուն, ըսաւ, թէ, եթէ փախուստ տուող անձնաւորութիւն մը ըլլար, ապա այսօր ազրպէյճանցիք Ստեփանակերտի մէջ թէյ կը խմէին` աւելցնելով, որ կը հասկնայ` շատերուն համար դժուար է ասիկա ըմբռնել:

Քննութեան վրայ ազդելու կամ զայն խոչընդոտելու վերաբերող մտահոգութիւններուն մասին խօսելով` Ռոպերթ Քոչարեան ըսաւ, թէ նման փաստեր գոյութիւն չունին:

Նիստին ներկայ էին նոյն գործին հետ առնչութիւն ունեցող, Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի նախկին ղեկավար Արմէն Գէորգեան, Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան նախկին ընդհանուր քարտուղար Եուրի Խաչատուրով, պաշտպանութեան նախկին նախարար Սէյրան Օհանեան եւ անոնց փաստաբանները:

Որոշումի հրապարակումէն քիչ անց, Ռոպերթ Քոչարեանի փաստաբանները վերաքննիչ բողոք ներկայացուցին Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի որոշման դէմ: Այս տեղեկութիւնը լրագրողներուն փոխանցեց Քոչարեանի փաստաբանական խումբի անդամ Հայկ Ալումեան, իսկ միւս պաշտպան փաստաբանը` Յովհաննէս Խուդոյեան, ներկայացուց իր` պաշտպանեալը գրաւի դիմաց կալանքէ ազատ արձակելու վերաբերեալ միջնորդութիւնը, որուն վերաբերող դատական հայց պիտի հրապարակուի 20 սեպտեմբերին:

Նշենք, որ երբ Ռոպերթ Քոչարեան դատարան հասաւ, անոր դիմաց հաւաքուածները զինք դիմաւորեցին ծափահարութիւններով ու բացագանչութիւններով: Իսկ դատավարութեան ընթացքին, յատկապէս որոշումի յայտարարութեան նախօրեակին, լարուած վիճակ տիրեց դատարանէն դուրս, ուր հաւաքուած Քոչարեանի կողմնակիցներն ու ընդդիմադիրները իրարու հասցէին վիրաւորական խօսքեր ուղղեցին: Հոն էին նաեւ մեծաթիւ ոստիկաններ, որոնք շղթայ կազմեցին` քաղաքացիներուն դէպի դատարան մուտքը արգիլելու համար:

Վճիռի հրապարակումէն ետք Քոչարեանի աջակիցները յայտարարեցին` «Ապօրինի դատարան է»: Ռ. Քոչարեանի աջակիցներէն փաստաբան Վահէ Եփրիկեան ըսաւ, թէ Հայաստանի իրաւական ոլորտի գրեթէ բոլոր մասնագէտները, որոնք իշխանութեան շահերուն չեն սպասարկեր, հաստատած են, որ Ռոպերթ Քոչարեան պէտք է ժամ առաջ գտնուի ազատութեան մէջ, քանի որ Սահմանադրական դատարանի որոշումով ան չի կրնար ենթարկուիլ քաղաքական հետապնդումներու, իսկ խափանման միջոց կալանաւորումը առհասարակ չի կրնար կիրարկուիլ անոր հասցէին: «Պարզ է, որ Սահմանադրական դատարանի որոշման ուժով, Հայաստանի ներպետական օրէնսդրութեան ուժով դատարանի որոշումը բացայայտ ապօրինի է, իրաւախայտառակութեան հերթական դրսեւորում», յայտարարեց ան: Նախկին նախագահին աջակիցները նշեցին, որ աւելի քան մէկ տարի է` Ռոպերթ Քոչարեանի նկատմամբ կը գործադրուի քաղաքական հետապնդում: Բայց եւ այնպէս անոնք հաստատեցին, որ անպայման պիտի յաղթեն, եթէ ոչ այսօր, ապա վաղը կամ աւելի ուշ:

Միւս կողմէ դատարանի դիմաց հաւաքուած այն քաղաքացիները, որոնք դէմ էին Ռ. Քոչարեանի ազատ արձակման, երթով ուղղուեցան Միասնիկեանի արձան` տօնելու դատարանի որոշումը:

aztagdaily.com/archives/458416

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail