Խամենէի. «Միացեալ Նահանգներուն Հետ Ոչ Մէկ Մակարդակով Բանակցութիւններ Պիտի Ըլլան»
18 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէի երէկ բացառեց Միացեալ Նահանգներուն հետ որեւէ մակարդակով բանակցութիւններ վարելու կարելիութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ իրանեան «Թասնիմ» լրատու գործակալութիւնը:
«Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւններուն միջեւ ոչ մէկ մակարդակով բանակցութիւններ պիտի ըլլան: Այդպիսի հաղորդակցութիւնները պիտի նշանակեն Իրանի վրայ ճնշումի ամերիկեան քաղաքականութեան յաջողութիւնը», ըսած է Խամենէի:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ապպաս Մուսաւի նախապէս յայտնած էր, որ երկրի նախագահ Հասան Ռուհանին չի ծրագրեր Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի ծիրին մէջ հանդիպիլ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ:
Թրամփ 15 սեպտեմբերին իրականութեան չհամապատասխանող նկատած էր այն տեղեկութիւնը, թէ ինք պատրաստ է Իրանի ղեկավարութեան հետ հանդիպելու առանց որեւէ նախապայմանի: Անցեալ շաբաթ Միացեալ Նահանգներու նախագահը հաւանական նկատած էր սեպտեմբերի վերջաւորութեան Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի հետ հանդիպումը` ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի ծիրին մէջ:
10 սեպտեմբերին, Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարար Սթիվըն Մնուչին յայտարարած էր, թէ Թրամփ պատրաստ է Իրանի ղեկավարութեան հետ հանդիպելու առանց նախապայմաններու, սակայն կը պաշտպանէ Թեհրանի վրայ առաւելագոյն ճնշում գործադրելու քաղաքականութիւնը:
aztagdaily.com/archives/458418