Ներկայ Պահուն Սուրիոյ Հողերուն Քառորդը ՔԱԿ-ի Վերահսկողութեան Տակ Է – Կ՛ըսէ Էրտողան

«Ներկայ Պահուն Սուրիոյ Հողերուն Քառորդը ՔԱԿ-ի Վերահսկողութեան Տակ Է, Ինչ Որ Վտանգ Կը Ներկայացնէ Թուրքիոյ Ազգային Անվտանգութեան Դէմ» Կ՛ըսէ Էրտողան

18 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2019 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Անգարայի մէջ մէկ օր առաջ տեղի ունեցած Ռուսիոյ, Թուրքիոյ եւ Իրանի նախագահներու հանդիպումէն ետք, Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Սուրիոյ մէջ ստեղծուած իրավիճակին համար մեղադրած է քրտական ուժերը` մասնաւորաբար Քրտական աշխատաւորական կուսակցութիւնը (ՔԱԿ) եւ անոր ճիւղաւորումները` Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութիւնն ու Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատները, որոնք, ըստ անոր, կը սպառնան Թուրքիոյ ազգային անվտանգութեան: Այս մասին կը հաղորդէ Թուրքիոյ նախագահին պաշտօնական կայքը:

Էրտողան նշած է, որ Եփրատ գետի արեւելեան տարածքներու հարցը եղած է վեհաժողովի քննարկումներուն մէջ, եւ յայտարարած. «Այս հարցը կենսական կարեւորութիւն ունի Թուրքիոյ ազգային անվտանգութեան համար»:

Ան աւելցուցած է, որ ներկայ պահուն Սուրիոյ հողերուն քառորդը ՔԱԿ-ի վերահսկողութեան տակ կը գտնուի:

Թուրքիոյ նախագահը նաեւ նշած է, թէ որովհետեւ տակաւին ՔԱԿ-ը կայ, այդ շրջանը, ուր Թուրքիան կը գտնուի, խաղաղ պիտի չըլլայ:

aztagdaily.com/archives/458428

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail