Իսրայէլեան Խորհրդարանական Ընտրութիւններու Պաշտօնական Արդիւնքները` Այսօր
18 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Իսրայէլի մէջ երէկ տեղի ունեցան խորհրդարանական արտակարգ ընտրութիւններ, որոնց կը մասնակցէին 30 կուսակցութիւններ: Քնեսեթի մէջ աթոռ ապահովելու համար կուսակցութիւն մը պէտք էր ապահովէր քուէներուն 3,25 առ հարիւրը:
Քուէարկութիւնը վերջ գտաւ գիշերուան ժամը 10:00-ին: Ըստ նախնական տուեալներուն Պենի Կանցի ղեկավարած «Սպիտակ-կապոյտ» դաշինքը ապահոված է 34 աթոռ, իսկ գործող վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի ղեկավարած Լիքուտ կուսակցութիւնը` 33 աթոռ: Պաշտօնական արդիւնքները պիտի հրապարակուին այսօր:
Կուսակցութիւն մը առանձին կառավարութիւն կազմելու համար պարտէր 120 աթոռներէ բաղկացած խորհրդարանին մէջ ապահովել աւելի քան 60 աթոռներ: Կուսակցութեան ղեկավարը կառավարութեան կազմութեան համար ունի 28 օր` հաւանական երկարաձգումով:
Ապրիլին տեղի ունեցած ընտրութիւններէն ետք, նոր կառավարութիւն մը կազմելու Նեթանիահուի փորձերը ձախողեցան, եւ մայիսին սպառեցաւ անոր ժամանակը: Ան նոր ընտրութիւններ պահանջեց, եւ իսրայէլացի երեսփոխանները նկատառելի մեծամասնութեամբ քուէարկեցին ի նպաստ արտակարգ ընտրութեան:
aztagdaily.com/archives/458429