ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ – Անդրադարձ. Աջակցութեան Վերանորոգումն Ու «Աւետիս»-ը
18 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2019 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
9 ապրիլ 2019-ին նախատեսուած խորհրդարանական ընտրութիւններէն 6 օր առաջ եւ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի Ռուսիա այցելութենէն մէկ օր առաջ Իսրայէլ վերատիրացաւ 1982-ին իսրայէլեան բանակի Լիբանան ներխուժման ընթացքին Պեքաայի դաշտին մէջ սուրիական բանակին հետ «Սուլթան Եաաքուպ» ճակատամարտի ընթացքին անյայտացած զինուորներէն Զաքարիա Պոմելի դիակին: 37 տարի առաջ անյայտացած զինուորի դիակի յայտնաբերման թայմինկը բնականաբար զուգադիպութիւն չէր:
Նախքան այդ, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաք եւ բռնագրաւեալ Կոլանի վրայ բռնագրաւող այդ երկրին գերիշխանութիւնը ճանչցաւ: Թրամփ եւ Փութին այդպիսով աջակցեցան Նեթանիահուի թեկնածութեան, սակայն վերջինս ձախողեցաւ համախմբական կառավարութիւն մը կազմել, եւ զինք հետապնդող դատական հայցերու ուրուականէն խուսափելու համար փակեց կառավարութեան կազմութեան պարտականութիւնը այլ քաղաքական դէմքի մը վստահելու դուռը եւ արտակարգ խորհրդարանական ընտրութիւններ հրաւիրեց:
Ապրիլէն հինգ ամիս ետք, 17 սեպտեմբերին Իսրայէլի մէջ դարձեալ տեղի ունեցան խորհրդարանական ընտրութիւններ: Նախքան այդ, Թրամփ վերանորոգեց Նեթանիահուի թեկնածութեան իր աջակցութիւնը` ընտրութիւններէն 3 օր առաջ յայտարարելով. «Այսօր Նեթանիահուի հետ խօսեցայ Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի միջեւ միացեալ պաշտպանութեան ուխտի կնքման մասին»: Ան այդպիսով իր ներդրումը բերաւ Նեթանիահուն իբրեւ Իսրայէլի անվտանգութեան երաշխաւորը ներկայացնող ընտրական քարոզչութեան:
Հետաքրքրականն ու բարացուցականը, սակայն, Ռուսիոյ կեցուածքն է. Փութին 13 սեպտեմբերին` իսրայէլեան ընտրութիւններէն 5 օր առաջ Նեթանիահուի հետ Սոչիի մէջ հանդիպումի ընթացքին իր կարգին վերանորոգեց անոր թեկնածութեան իր աջակցութիւնը` յայտնելով. «Անկեղծօրէն կ՛ըսեմ, որ մեր յարաբերութիւնները, ըլլայ այդ անվտանգութեան կամ զինուորական ոլորտներուն մէջ, նոր որակ ստացան մեծ մասամբ ձեր ջանքերուն շնորհիւ»:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը, սակայն, 11 սեպտեմբերին, քննադատած էր Այսրյորդանանի մէկ երրորդը Իսրայէլին կցելու Նեթանիահուի ընտրական խոստումը: Այլ խօսքով` Մոսկուան զօրակցեցաւ թեկնածուի մը, որուն ընտրական խոստումը քննադատած էր հազիւ երկու օր առաջ, եւ այդպիսով ո՛չ միայն մեծ հարցականի տակ առաւ այդ քննադատութիւնը, այլ նաեւ ամբողջովին շրջեց զայն: Կարելի չէ զօրակցիլ թեկնածուի մը եւ նոյն ատեն մերժել անոր ընտրական ծրագիրը, ուստի Ռուսիոյ կեցուածքը «կ՛աւետէ» «Դարու գործարք»-ի դիմակայման պատրաստուող պաղեստինցիներուն սպասող սեւ օրերու մասին:
aztagdaily.com/archives/458374