Փօլ Գրիգորեան Կը Դատապարտէ Փաշինեանի Հանրային Ելոյթը Արգիլելու Պաքուի Ջանքերը

L.A. City Councilman Paul Krekorian speaks to the audience during the anniversary program.

Փօլ Գրիգորեան Կը Դատապարտէ Փաշինեանի Հանրային Ելոյթը Արգիլելու Պաքուի Ջանքերը

18 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Փօլ Գրիգորեան խստօրէն դատապարտեց Լոս Անճելըսի քաղաքամէջը, Կիրակի, 22 Սեպտեմբերին տեղի ունենալիք Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հանրային ելոյթը արգիլելու ջանքերը, որոնք կատարուեցան Լոս Անճելըսի մօտ Ատրպէյճանի հիւպատոսարանին կողմէ։

Արդարեւ, Ատրպէյճանի հիւպատոս Նասիմի Աղաեւ նամակ մը յղած էր Լոս Անճելըսի քաղաքապետ Էրիք Կարսեթիին՝ խնդրելով, որ արտօնութիւն չտայ Երեւանի իշխանութիւններուն, որ »շահագործեն« Լոս Անճելըսի քաղաքամէջը գտնուող »Կրենտ« զբօսայգին, ուր տեղի պիտի ունենայ Փաշինեանի հանրային հաւաքը։

Գրիգորեան շեշտեց, որ Պաքուի կողմէ նման միջամտութիւններ կ՛ոտնակոխեն Միացեալ Նահանգերու սահմանադրութիւնը, որովհետեւ կը ջանան Լոս Անճելըսի քաղաքապետարանը մղել խախտելու արտայայտուելու տարրական ազատութիւնը՝ աւելցնելով. «Մեր երկիրը հաստատուած է այն գաղափարին վրայ, որ կարծիքներու ազատ փոխանակումը աւելի հզօր կը դարձնեն մեզ եւ իրականութեան մէջ, կենսական են ժողովրդավար կառավարութեան մը համար»։

Ատրպէյճանի հիւպատոսին յղած իր նամակին մէջ Գրիգորեան կը գրէ. «Յստակօրէն կ՛ուզեմ յայտնել, թէ վարչապետ Փաշինեան հիւրս պիտի՛ ըլլայ Լոս Անճելըսի քաղաքապետարանին մէջ եւ հանրային ելոյթ մը պիտի՛ ունենայ «Կրենտ» զբօսայգիին մէջ եւ բնականաբար ազատ պիտի ըլլայ ուզածը յայտարարելու, ինչ նիւթի մասին որ փափաքի, առանց որեւէ սահմանափակումի»։

Յիշեցնենք, որ հաւաքը տեղի պիտի ունենայ կ.ե. ժամը 2ին։

Պաքու Նաեւ Ֆրանսացի Խորհրդարանականներուն Արցախ Այցելութիւնը Կը Դատապարտէ
ՓԱՐԻԶ, «Նոր Յառաջ».- Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը, յանձին անոր բանբեր Լէյլա Ապտուլաեւայի՝ Ֆրանսային յղեց բողոքագիր մը, որուն մէջ կ՛ըսուի. «Խստօրէն կը դատապարտենք ֆրանսացի խորհրդարանականներու ապօրինի այցելութիւնը ատրպէյճանական գրաւեալ տարածքը՝ Լեռնային Ղարաբաղ»:

Նամակին մէջ կ՛ըսուի նաեւ, որ նման »ապօրինի« այցելութիւններ անյարիր են Ֆրանսայի »ազատութիւն, հաւասարութիւն, եղբայրութիւն« կարգախօսի արժէքներուն, ինչպէս նաեւ մարդկային հիմնական իրաւունքներուն, զորս պէտք է յարգեն ֆրանսացի խորհրդարանականները:

«Նշենք նաեւ, որ խնդրոյ առարկայ այցելութիւնը կատարեցին ֆրանսահայ լոպիին ազդեցութեան տակ գտնուող երեսփոխաններ, ինչպէս Կի Թեսիէ, որ արդէն կը գտնուի Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան անբաղձալի անձերու ցանկին վրայ: Վալերի Պուայէ, Ժան-Փիեռ Քիւպերթաֆոն, Մոհամմատ Լաքիլա, Տանիէլ Ղազարեան, Կիյոմ Գասպարեան եւ Փիեռ Ուզուլիաս եւս մաս պիտի կազմեն այդ ցանկին», յայտարարեց Ապտուլաեւա:

Այս նոյն հարցին վերաբերեալ արտաքին գործոց նախարարութիւն կանչուեցաւ Պաքուի մօտ Ֆրանսայի առժամեայ գործակատարը, որուն յանձնուեցաւ ֆրանսական կողմին հասցէագրուած բողոքագիր մը: Փաստաթուղթին մէջ յատկապէս կ՛ըսուի հետեւեալը. »Նման ապօրինի այցելութիւններ լրջօրէն կը սասանեն Մինսկի խումբի համանախագահներուն, ի շարս որոնց՝ Ֆրանսայի ջանքերը, որոնք կը փորձեն Լեռնային Ղարաբաղի հայ-ատրպէյճանական հակամարտութիւնը լուծել բանակցութիւններու միջոցով, եւ կը վնասեն այդ գործընթացի միջնորդ Ֆրանսայի հեղինակութեան»:

yerakouyn.com/2019/09/18/փօլ-գրիգորեան-կը-դատապարտէ-փաշինեանի/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail