ՀՀ Վարչապետը Աշխատանքային Այցով Պիտի Մեկնի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
17 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Սեպտեմբեր 21-ին, աշխատանքային այցով պիտի մեկնի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ:
ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝ Նիկոլ Փաշինեանի այցը ԱՄՆ պիտի սկսի Լոս Անճելըսէն. Կիրակի՝ Սեպտեմբեր 22-ին, վարչապետը պիտի մասնակցի Լոս Անճելըսի կեդրոնը գտնուող Կրանտ Փարք վայրին մէջ նախատեսուած հանրահաւաքին, ուր հանդէս պիտի գայ ելոյթով: Նիկոլ Փաշինեան նաեւ հանդիպումներ պիտի ունենայ Քալիֆորնիոյ եւ Լոս Անճելըսի ղեկավարութեան, ԱՄՆ արեւելեան ափի հայ համայնքի հոգեւոր եւ աշխարհիկ կառոյցներու ղեկավարներուն եւ հայկական լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ: Կը նախատեսուի գործարար համաժողով, որուն պիտի մասնակցին տեղի գործարար շրջանակներու ներկայացուցիչներ:
Լոս Անճելըսէն վարչապետը պիտի այցելէ Սան Հոզէ՝ Սիլիքոնեան հովիտ, ուր պիտի հանդիպի բարձր ճարտարագիտութիւններու ոլորտի ընկերութիւններու ներկայացուցիչներու, ինչպէս նաեւ հայ մասնագէտներու հետ:
Այնուհետեւ, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Նիւ Եորքի մէջ պիտի մասնակցի Միաւորուած ազգերու կազմակերպութեան Գլխաւոր ասամպլէայի 74-րդ նստաշրջանի աշխատանքներուն եւ հանդէս պիտի գայ ելոյթով: Կը նախատեսուի Հայաստանի վարչապետին հանդիպումը ՄԱԿ Գլխաւոր քարտուղար Անթոնիօ Կուտերեշի հետ, տեղի պիտի ունենան նաեւ շարք մը երկկողմ հանդիպումներ տարբեր երկիրներու գործընկերներու հետ: Նիւ Եորքի մէջ, Նիկոլ Փաշինեան պիտի հանդիպի տեղի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ, պիտի այցելէ Թաւշեայ յեղափոխութեան նուիրուած ցուցահանդէս եւ Քոլումպիայի համալսարան:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ԱՄՆ այցին ծիրէն ներս կը նախատեսուի համագործակցութեան մասին յուշագրերու ստորագրում:
yerakouyn.com/2019/09/17/հհ-վարչապետը-աշխատանքային-այցով-պիտի/