ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – Գործը Կը Խօսի Կամ՝ Ուղղակի Քարոզչութեան Թշուառութիւնը

Հրապարակագիր Նազարէթ Պէրպէրեան

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – Գործը Կը Խօսի Կամ՝ Ուղղակի Քարոզչութեան Թշուառութիւնը

13 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2019 – ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ:

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Խօսքի առատութենէ կը տառապի եւ ուղղակի-քարոզչութեան յորձանքին տակ ինկած է ազգային-քաղաքական մեր կեանքը:

Միտք բթացնող քարոզչութեան եւ գործի չառաջնորդող խօսքի ահագնացումը լճացման դատապարտած է հայու լինելութեան, ինքնահաստատմա՛ն պայքարը:

Խօսքի վաշխառուները արժեզրկած են գաղափարական արժէքներու եւ սկզբունքներու շուրջ բանարկումի (discourse) մշակոյթը, բովանդակութենէ պարպած են գործի աշխարհ բացող եւ միտք հունաւորող բառն ու խօսքը:

Հայ քաղաքական միտքի հրապարակը ինքնանպատակ, ինքնասիրահարուա՜ծ քարոզչական խօսքի աղմուկով լեցուած է այն աստիճան, որ լսելի դառնալու դժուարութիւն ունի մինչեւ անգամ Սիմոն Զաւարեանի զգօնութեան պատգամը՝

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

– «Խօսքը առանց գործի մեռեալ է»:

Խօսքի արժէքին ու կարեւորութեան նկատմամբ ամբողջական համարում եւ յարգանք ունեցողն է, որ ի վիճակի է լիիմաստ ընկալելու եւ գնահատելու հայ յեղափոխական միտքի ընկերային նազովրեցիին գաղափարական կտակը:

Եւ առաջնորդող-խօսքին հաւատացող հասարակական գործիչն է, որ կրնայ գիտակցիլ ուղղակի-քարոզչութեան գործած աւերին՝ ի վնաս նոյնինքն քարոզի արժանի մտածումին ու գաղափարին:

Զանգուածային հաղորդակցութեան ասպարէզին մէջ մասնագիտացող ուսանողները սորված են եւ շատ լաւ գիտեն, որ անուղղակի-քարոզչութիւնը ամէնէն ազդու եւ արդիւնաւէտ եղանակն է որեւէ քարոզչութեան:

Իսկ հակառակը՝ սեփական արժէքային համակարգին եւ դաւանած գաղափարներուն քարոզումին ծանր հարուած կը հասցնէ ուղղակի-քարոզչութեան միտող խօսքը, որ արժանահաւատ աղբիւրներէ չի բխիր եւ, մանաւանդ, համապատասխան գործ շարժման մէջ չի դներ:

Նայեցէք ձեր շուրջը, ի Հայաստան թէ սփիւռս աշխարհի, ուշադիր կարդացէք ու հետեւեցէք համացանցով թէ զանգուածային լրատուամիջոցներով ամէնուր ծաւալած քարոզչական պատերազմին, եւ վստահաբար ձեր կարգին պիտի անդրադառնաք, թէ հայ իրականութեան մէջ դէպի յառաջ շարժում յառաջացնող բանարկումի կենսունակութիւնը ծանրօրէն հարուածի տակ ինկած է, իսկ փոխարէնը՝ կատաղի բանակռիւի հակամշակոյթը անհակակշռելիօրէն թափ առած է եւ համատարած քաղցկեղի պէս կը սպառնայ մեր յառաջընթացին:

Փաստի՞ պէտք կայ:

Վերցուցէք օրինակը Ամուլսարի հանքարդիւնաբերութեան շուրջ ծաւալած քարոզչական ու հակաքարոզչական բանակռիւին:

Երկու ամիսէ ի վեր եւ բոլոր կողմերէ խօսքի փամփուշտ կ՛արձակուի աջ ու ահեակ, բայց Ամուլսարի հանք տանող ճամբաները բանալու կամ հանքը անյապաղ փակելու հակադիր ու անհամատեղելի քարոզչական արշաւներէն անդին՝ քննարկումի եւ երկխօսութեան ո՛չ մէկ հարթակ կ՛առաջադրուի բանակռիւի մէջ մխրճուած բեւեռներուն կողմէ:

Հեգնական ու ողբերգական երեւոյթը ա՛յն է, որ վարչապետը եւ Ամուլսարի ճամբան փակողները իրենց խօսքը կ՛ըսեն եւ գործի կ՛անցնին իրենց մտադրածին ուղղութեամբ, մինչ բանակռիւի կրակին վրայ իւղ թափողները օրը կը գիշերեն… Նիկոլ Փաշինեանի եւ ջերմուկցիներու թեր թէ դէմ իրենց ծաւալած լեզուակռիւով:

Եթէ ուղղակի-քարոզչութեան թշուառութեան մասին յաւելեալ ապացոյցի կարիքը կը զգացուի՝ ահա՛ Հայաստանի երկրորդ նախագահին գայթակղեցուցիչ պարագան:

Նախագահ կամ ոչ, բայց մանաւանդ իբրեւ նախագահ, որ ՀՀ սահմանադրութեան գերագոյն պահապանը ըլլալու կոչումն ունի, Ռ. Քոչարեան ամբաստանուած է ՀՀ դատախազութեան կողմէ՝ սահմանադրութեան դէմ յանցանք գործած ըլլալու մեղքով եւ, ըստ այնմ, կալանքի տակ առնուած է:

Ամիսներէ ի վեր կատաղի ու հայհոյական բանակռիւ կը մղուի Քոչարեանական եւ հակա-Քոչարեանական կողմերու միջեւ:

Քոչարեանականները իրենց արշաւը սկսան՝ ամէն բանէ առաջ եւ վեր շեշտելով, թէ մինչեւ դատաքննութեան աւարտը օրէնքով կարելի չէ կալանքի տակ առնել հանրապետութեան նախկին նախագահ մը, մանաւանդ որ դատաւոր մըն ալ մերժեց կալանքը արտօնել իբրեւ ամբաստանեալին խափանման միջոցը:

Իսկ հակա-Քոչարեանականները ի սկզբանէ իրե՛նք դատած եւ յանցագործ գտած էին Հայաստանի երկրորդ նախագահը՝ անոր կալանաւորումը աւելի քան օրինական եւ արդար հռչակելով:

Այսօրինակ բեւեռացումով սկսած բանակռիւը ոչ միայն կը շարունակուի մինչեւ այսօր, ոչ միայն ժամանակին հետ աւելի թունաւոր եւ ուղղակի քաղաքացիական առճակատման գացող խտութիւն կը ստանայ՝ գործի չառաջնորդող եւ ինքնանպատակ ահագնացող խօսքակռիւի վերածուելով, այլ նաեւ շատոնց դուրս եկած է Քոչարեանի հետ կամ դէմ ըլլալու հունէն՝ Նիկոլ Փաշինեանի հետ թէ դէմ կողմնորոշման բանակռիւի յանգելով:

Պատկերը այս պարագային եւս հեգնական է ու խորապէս ողբերգական, որովհետեւ սեփական հետեւորդները բաւարարելու եւ ապակողմնորոշելու ծառայութենէն անդին ո՛չ մէկ շարժումի կամ քայլի կը նպաստէ երկուստեք բռնկած բանակռիւը:

Մինչ վարչապետը այս հարցով եւս իր խօսքը կ՛ըսէ եւ գործի կ՛անցնի…

Տարբեր ալ չի՛ կրնար ըլլալ, որովհետեւ միշտ ալ գործը կը խօսի, խօսա՜ծ է:

Հայաստանի դժբախտութիւնը ա՛յն է, որ հայ քաղաքական միտքը յայտնուած է աժան բանակռիւի ճահճահուտին մէջ, փոխանակ իր ուղին հարթող բանարկումի հնարաւորութիւններէն օգտուելու:

Արդէն Մայիս 2018էն ի վեր, թաւշեայ յեղափոխութեան թեր եւ դէմ լրջախոհ բանարկումի ձեռնարկելու փոխարէն, հայ քաղաքական միտքի թեւերը մխրճուա՛ծ են եւ իրենց հետ ամբողջ հայաշխարհը պատա՜նդ դարձուցած են սեփական շահէն ու ճշմարտութենէն դուրս ոչ մէկ գերիվեր արժէք դաւանելու բանակռիւի մոլորանքին:

Նոր Հայաստանի փաստին հետ հաշուի նստող բանարկումի փոխարէն, Նիկոլ Փաշինեանի նետած ճիշդ քայլին զօրակցելու եւ սխալ քայլը սրբագրելու յանձնառու խօսքին փոխարէն, հայ քաղաքական հրապարակը ողողուած է վարչապետին ուշ կամ կանուխ ձախողումն ու անկումը մահերգող կամ Փաշինեանէն աւելի արմատական… փաշինեաններ իշխանութեան ղեկին բերելու յոխորտանքներով:

Յեղափոխական ԳՈՐԾի մեր անկրկնելի վարպետը՝ Ռոստոմ թեւաւոր խօսք մը ունի.

– «Այնքա՜ն գործով տարուեցինք, որ խօսիլն անգամ մոռացանք»:

Հայ քաղաքական միտքի այսօրուան առաջնորդները կրնա՞ն քաջութիւնն ու մեծոգութիւնը ցուցաբերել՝ իրենց սխալներու սրբագրումին լծուելու, որպէսզի խօսքի արժէքին թաւալգլոր անկումը կանգ առնէ մեր կեանքին մէջ, եւ վարկաբեկ բառակռիւի փոխարէն՝ մեր ժողովուրդի պայծառ գալիքին ծառայող բանարկումը իր ողջմտութիւնը տարածէ ամէնուր:

Որոշապէս հայ լրագրողներու, հրապարակագիրներու, մեկնաբաններու եւ մտաւորականներու վրայ կը ծանրանայ ներկայ ճահճահուտէն հայութեան նաւը դուրս հանելու պատասխանատուութիւնը:

Ինչպէս որ Արամ վեհափառը, մամլոյ տարուան առիթով, ամիսներ առաջ, ի միջի այլոց կ՛ընդգծէր.

«Մամուլը կոչուած է հասնելու ժողովուրդին՝ զայն զգուշաւորութեան եւ արթնութեան մղելու. իսկ ժողովուրդը, իր կարգին, պարտաւոր է հրաւիրել մամուլը՝ ըլլալու անաչառ ու ուղղամիտ: Եթէ թերթի պատասխանատու խմբագիրը անձի՝ ո՛չ գաղափարի, շահի՝ ո՛չ տեսլականի, կողմի՝ ո՛չ հաւաքականի հետամուտ դառնայ, եւ մամուլը դառնայ հարթակ ժամանակավրէպ, կողմնակալ, գովասանական լուրերու ու նկարագրականներու, անոնք կը կորսնցնեն իրենց վստահելութիւնը՝ հեռանալով ժողովուրդէն եւ, բնականաբար, ժողովուրդն ալ հեռացնելով մամուլէն»:

asbarez.com/arm/354120/Գործը-Կը-Խօսի-Կամ՝-Ուղղակի-Քարոզչութե/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail