ՀՀ Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ Իսրայէլի Մէջ Դեսպանութիւն Բանալու Նախագիծին

ՀՀ Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ Իսրայէլի Մէջ Դեսպանութիւն Բանալու Նախագիծին

19 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2019 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ:

Հայաստանի կառավարութիւնը հաւանութիւն տուաւ Իսրայէլի Պետութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութիւն ստեղծելու նախագիծին: Դեսպանութեան նստավայրը պիտի ըլլայ Թել Աւիւը: Ըստ Armenpress.am-ի՝ որոշումը կարեւոր կը համարուի հայ-իսրայէլական երկկողմ յարաբերութիւններու կայուն զարգացումը ապահովելու առումով: Դեսպանութեան բացումը կը նախատեսուի հնարաւորինս սեղմ ժամկէտներու մէջ (2019թ. վերջ, 2020թ. սկիզբ):

«Իսրայէլի մէջ ՀՀ դեսպանութիւն ստեղծելը, եւ այդպիսով երկկողմ յարաբերութիւններուն նոր զարկ տալը ուղղուած է տարածաշրջանին մէջ Հայաստանի շահերը առաւել արդիւնաւէտ պաշտպանելուն: Դեսպանութիւն հիմնելը միտուած է նաեւ պետական մակարդակով ներգրաւուելու բազմադարեայ հայկական ներկայութեան, հարուստ պատմա-մշակութային ժառանգութեան, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ՝ Սուրբ վայրերու իրաւատէր ըլլալու պահպանման»,- ըսուած է հիմնաւորման մէջ:

Արտաքին գործերու նախարար Զոհրապ Մնացականեան նշած է, որ դեսպանութեան բացումը կրնայ որոշ ժամանակ տեւել: «Ես կը խուսափիմ որոշակի ժամկէտ նշելէ, որովհետեւ այստեղ կայ միւս կողմը»,- ըսած է ան:

yerakouyn.com/2019/09/19/հհ-կառավարութիւնը-հաւանութիւն-տուաւ/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail