Տեղի Պիտի Ունենան Մեծ Տարողութեամբ Ռազմավարական Ռազմափորձեր
20 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2019 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՊԱՇՏՊԱՆԱԿԱՆ ՀԱՐՑԵՐ:
19 սեպտեմբերին Հայաստանի կառավարութիւնը որոշում տուաւ Զօրահաւաքային նախապատրաստութեան ու զօրահաւաքի հոլովոյթին մէջ պետական եւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու, կազմակերպութիւններու համաձայնեցուած գործունէութեան կազմակերպման նպատակով 24 սեպտեմբերէն 5 հոկտեմբեր 2019 ուսումնավարժական հաւաքներ եւ մարզումներ կատարել:
Պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան նշեց, որ ռազմավարական ռազմափորձերուն նպատակն է որոշել պետական եւ տարածքային կառավարման մարմիններու, տեղական ինքնակառավարման մարմիններու եւ կազմակերպութիւններու պատրաստութիւնն ու ունակութիւնը` պայմանական իրադրութեան պայմաններուն մէջ զինուած ուժերը եւ այլ զօրքերը պատերազմական ժամանակաշրջանի կազմի եւ կառուցուածքի փոխադրման համար անհրաժեշտ պահեստազօրայիններով ու փոխադրամիջոցներով ապահովելու հոլովոյթին մէջ:
Ուսումնավարժական հաւաքներուն եւ պարապմունքներուն ընթացքին, որոնք կը կրեն ռազմավարական բնոյթ, կարելի պիտի ըլլայ գնահատել ռազմական անվտանգութեան համակարգի զօրահաւաքային կարելիութիւնները, լուսարձակի տակ բերել զօրահաւաքային նախապատրաստութեան խնդրայարոյց հարցերը, ինչպէս նաեւ մշակել գործիքակազմեր` զօրահաւաքային նախապատրաստութեան եւ զօրահաւաքի արդիւնաւէտութեան բարձրացման ուղղութեամբ:
Նախարար Տօնոյեան դիտել տուաւ, որ Հայաստանի մէջ ցարդ այս տարողութեամբ ռազմափորձ տեղի չէ ունեցած:
Իր կարգին, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան դիտել տուաւ, որ օրէնքով սահմանուած պարտականութիւն ունեցողները պէտք է ներգրաւուին այս ռազմափորձին մէջ` շեշտելով, որ այս նախաձեռնութեան նպատակն է բարձրացնել զինուած ուժերուն մարտունակութիւնը:
aztagdaily.com/archives/458708