ՎԻԳԷՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ – Երբ Վարչապետը Գայ Լոս Անճըլըս՝ իբրեւ Հայաստանի վարչապետ

ՎԻԳԷՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ – Երբ Վարչապետը Գայ Լոս Անճըլըս՝ իբրեւ Հայաստանի վարչապետ

20 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2019 – ՕՐԸ ՕՐԻՆ:

ՎԻԳԷՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ

Քանի մը օրէն, Նիկոլ Փաշինեան իր անդրանիկ այցելութիւնը պիտի տայ Լոս Անճըլըս՝ իբրեւ Հայաստանի վարչապետ: Հայաստանէն դուրս եթէ ոչ միակ ամէնէն կազմակերպուած համայնքը, Երեւանէն ետք եթէ ոչ ամէնէն, հայահոծ քաղաքը, ապա ուրեմն այն բազմամարդ, բայց նաեւ կազմակերպուած հայկական համայնքն է Լոս Անճելեսի համայնքը: Այս այցելութեան մասին ցարդ հազար եւ մէկ ակնկալութիւններ ու մտահոգութիւններ յառաջ քաշուած են, եւ հաւանաբար ալ տակաւին շատ բան պիտի ըսուի ու գրուի անոր աւարտէն ետք: Պարզ է արդէն, որ այս այցելութեան նպատակը արտաքին-քաղաքական չէ, եւ բնական է, որ պետութենէ պետութիւն այցելութեան մը ժամադրավայրը երկրի մայրաքաղաքը պիտի ըլլար միայն: Այսուհանդերձ, պէտք չէ սխալիլ ու պէտք է ճիշդ գնահատել, թէ վարչապետին այցելութիւնը լոսանճելըսահայ համայնքին, ինչպէս նաեւ այս այցելութեան որակը, ինչպէս նաեւ իրեն ցուցաբերուած ընդունելութեան տարողութիւնը անպայման որ քաղաքական արժէք պիտի ունենան: Աւելին, վարչապետին առաջադրելիք պատգամներն ու միտքերը անպայման որ մեծ հնչեղութիւն պիտի ունենան Ուաշինկթընի, նաեւ Մոսկուայի, Անգարայի եւ Պաքուի պետական- քաղաքական շրջանակներուն մօտ: Այցելութեան թողած տպաւորութիւնները իրենց լուրջ ազդեցութիւնը պիտի ունենան առաւել չափով նաեւ ազգային, ներքաղաքական հարթութեան վրայ:

Վարչապետը պիտի գայ եւ անկասկած որ ան պիտի արժանանայ հայավայել պատշաճ ընդունելութեան, ինչպէս վայել է Հայաստանի ոեւէ պաշտօնական ներկայացուցիչի, երբ ան օտար ափեր կ՛այցելէ:

Այսուհանդերձ, մենք եւ մանաւանդ ինք՝ վարչապետը ակնթարթի մը համար անգամ մտահան պէտք չէ ընենք պարունակը այս այցելութեան: Լոս Անճելըս այցելութիւնը որեւէ այլ հայկական համայնքի, մինչեւ իսկ այլ բազմամարդ համայնքներու այցելութեան չի նմանիր: Այս համայնքը, քանակական ուժ ներկայացնելու կողքին, իր դրուածքին եւ բնոյթին շնորհիւ, անտարակոյս որ եղած է Հայաստանով ապրող, ամէնօրեայ կապերով, այցելութիւններով, գործարքներով հայրենիքին կապուած, եւ ամէնէն կարեւորը՝ ակնկալութիւններո՛վ դէպի Հայաստան նայող համայնքը: Մէկ կողմէ, Հայաստանէն այստեղ հաստատուած ազգակիցներու ընտանեկան-բարեկամական ամէնօրեայ կապերուն շնորհիւ, միւս կողմէ, հոս հասակ նետած բայց ազգային դպրոցներու եւ կառոյցներու ազգային շունչին տակ թրծուած հայորդիներու հայրենանուէր պատրաստակամութեան բերումով, այս համայնքը ամէնժամեայ հեւքով կապուած է հայրենի իրադարձութիւններուն, զարգացումներուն:

Այս համայնքը հպարտութեամբ եւ արդարացի կերպով ինքզինք համարած է «հայկական պահանջատիրութեան մայրաքաղաք»:

Եւ իր այդ յաւակնութիւնը իր գործով եւ դերակատարութեամբ ցոյց տուած է: Արդարեւ, ան եղած է Արցախի ազատագրական պայքարին անվերապահ մասնակիցը եւ զօրակիցը՝ աննախնթաց տարողութիւններով: Ան եղած է թրքական պետական ֆաշիզմին դէմ 160,000ով բռունցքը վեր բարձրացնողը, եւ աշխարհի հզօրագոյն պետութեան՝ Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւններէն հետեւողական պահանջատէրը՝ յօգուտ Հայաստանի եւ Հայ Դատի առաջնահերթութիւններուն: Այս համայնքն է, որ 1988ի երկրաշարժի օրերէն սկսեալ եւ մանաւանդ Հայաստանի անկախութենէն այս կողմ, հարիւր եւ աւելի միլիոն տոլարներու օժանդակութիւններուն կցեց իր սիրտն ու յոյսերը եւ ուղղարկեց հայրենիք: Այս համայնքն է որ 2014ին՝ ի վկայութիւն համայն աշխարհին, Քալիֆորնիա նահանգին (աշխարհի 6րդ ամենախոշոր տնտեսութիւնը) բերաւ ճանչնալու Արցախի անկախութիւնը, բան մը, որ անակնկալի բերաւ նոյնիսկ օրուան Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը: Այս համայնքը անմասն չէ մնացած պահանջատէր ներկայանալու նաեւ Հայաստանի իշխանութիւններուն՝ անոնցմէ ակնկալելով ազգի շահերուն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի քաղաքացիներու շահերուն համար արդար եւ խղճամիտ ծառայութիւն: Ու երբ այս վերջինի խաթարումը նկատած է, իր մամուլով եւ իր քայլերով տեղին ու պատշաճօրէն իր ցասումը արտայայտած է:

Շատերուս յիշողութեան մէջ վառ է այն պահը, երբ յանձին Սերժ Սարգսեանի, Հայաստանի բարձրագոյն ներկայացուցիչը կ՛այցելէր Լոս Անճելըս՝ հայ-թրքական արձանագրութիւններուն մասին համայնքային ղեկավարութեան հետ »խորհրդակցութիւն« ունենալու: Կը յիշենք, թէ ինչպէս համայնքը, որ հասկցած էր արդէն »փրոթոքոլներ«ու իսկական եւ կործանիչ բնոյթը, փողոց իջաւ իր ցասումի եւ բողոքի ձայնը բարձրացնելու Հայաստանի իշխանութիւններուն ուղղուած՝ նախագահին ուղղուած »Մի՛ Դաւաճանիր« պատգամով: Այդ պատմական պահն ու բողոքի արարքը, որքան ալ անհրաժեշտ՝ հպարտութեան առիթ չէր կրնար ըլլալ ոեւէ հայու համար, որ ճարահատ բայց սկզ-բունքին կառչած՝ օտար ափերու փողոցներուն մէջ իր հայրենիքի մէկ ներկայացուցիչին դէմ բողոքելու իջած էր:

Տայ Աստուած, որ նման վիճակ եւ առիթ այլեւս երբեք չկրկնուի, ու մեզմէ ոեւէ մէկը, ոեւէ հայ անհատ վերոյիշեալ բարոյական պարտադրանքին տակ չզգայ ինքզինք՝ օտարերկրեայ փողոցներուն մէջ բողոքի բռունցք ճոճելու իր հայրենի ներկայացուցիչի այցին առիթով: Սակայն եւ այնպէս, ա՛յս է ահա պահանջատէր մեր համայնքը, այդքան նուիրաբերող ու յանձնառու, բայց նաեւ այնքան պահանջատէր: Ծով նուիրումով ու համբերութեամբ տոգորուած, սակայն նաեւ երկաթեայ վճռակամութեամբ, որ գիտէ իր նեղ նախասիրութիւններէն վեր դասել ազգի շահերը, եւ խանդավառութեամբ դիմաւորած իր հիւրը, մէկ այլ առիթով նաեւ իր բողոքի ձայնին արժանացնել:

Այս համայնքը, ինչպէս նաեւ նոյն երազանքով միլիոնաւոր ազգակիցներ ի սփիւռս աշխարհի, ուշադրութեամբ պիտի հետեւին այցելութեան ընթացքին վարչապետին խօսքերուն, պատգամին եւ աւելի՛ն՝ մանաւանդ փաստարկներուն: Թաւշեայ յեղափոխութեան խոստումով տոգորուած, բայց իսկական յեղափոխական ու ազգային-համահայկական հենքով քայլեր սպասող հայութիւնը, կրնայ որոշ յոգնածութեամբ դիմաւորել իր երկրին վարչապետը: Քանզի յեղափոխութեան հաւատացող ու ազգը իր սեփական շահերէն վեր դասող հայութիւնը, իր հայրենի իշխանութիւններէն կ՛ակնկալէ եւ պիտի ակնկալէ վճռական ու յեղափոխական քայլեր: Ան պիտի ուզէ տեսնել ու շօշափել այն փաստերը, որոնցմով կրնայ ինք ամոքել իր պահանջատէրի հոգին եւ հայու խիղճը: Փաստ է, որ այսօր անցած են մեղրալուսնի եւ վառ խանդավարութեան օրերը, եւ եկած են թէկուզ ամէնէն լաւատես հայուն համար՝ զգուշաւոր ակնկալութիւններու շրջանը: Վարչապետը մեծ գործ ունի ընելիք յոյսերը թարմ պահելու համար այստեղ, եթէ անշուշտ իրեն համար կարեւոր է այս համայնքը, որ դժբախտաբար իր այցելութիւններու շարքին առաջին տեղը չեղաւ, ոչ ալ երկրորդը, ոչ երրորդը, ոչ ալ չորրորդը…

Օրինակի համար, վստահ եմ, որ մենք՝ իբրեւ համայնք պիտի ակնկալենք, որ խօսքն ու խօսակցութիւնը, բայց նաեւ ներկայացուած քայլերը անդի՛ն անցնին Հայաստան-Սփիւռք »յարաբերութիւններ«ու հինցած, մաշած, սնանկացած դիսկուրսէն (ճառէն): Օրերը այդ բալասանին, որ 30 տարիներ սրսկուեցաւ մեր ու առհասարակ սփիւռքահայութեան մօտ՝ վաղուց անցած են: Յարաբերութիւնները կան, եղած են, և պիտի ըլլան, և հոն արդէն ոչինչ ունին ընելիք իշխանութիւնները կամ պաշտօնական մարմինները: Հայաստանի մէջ ու Հայաստանէն դուրս ապրող հայ մարդիկ, իրենց բնազդով եւ ամէնօրեայ ազգային գործունէութեամբ փաստած են արդէն թէ »յարաբերութիւն« հաստատելու վերահսկուող եւ պոլշեւիկեան ժառանգ օրակարգը սպառած է շատոնց: Ոչ ոք այլեւս հրաւէր կամ արտօնութիւն կը սպասէ հայաստանցիի եւ սփիւռքահայու միջեւ »յարաբերութիւն« հաստատելու համար:

Հիմա այլեւս, մենք բոլորս եւ մանաւանդ մեր պետութեան ներկայացուցիչը, պէտք է խօսինք «գործընկերութեան» մասին, պէտք է խօսինք լիարժէք գործընկերութեան մասին ու զայն որակաւորելու մասին, բան մը որ իրականութիւն կրնայ դառնալ միմիայն իսկական համահայկական-համազգային օրակարգի մը ներքոյ: Այս օրակարգը այլեւս անդին պիտի անցնի հռետորաբանութենէն եւ լօզունգներէն, ու պէտք է խօսի համահայկականութիւնը իրականութիւն դարձնելու իրակա՛ն քայլերու մասին: Պիտի քանդենք այն պատերը, որոնք Հայաստանի կարեւորագոյն ռազմավարական գործընկերը՝ այսինքն սփիւռքահայութիւնը, (ո-րուն ներուժը, կարողականութիւնը, բայց մանաւանդ անկեղծութիւնը շատ աւելին է քան որեւէ գերպետութեան ներուժը), դուրս կը պահեն հայաստանեան կեանքէն: Ամենայն պատասխանատուութեամբ կարելի է հաստատել, թէ սփիւռքահայութեան կարողականութեան եւ ներուժին ջնջին մասն է որ մինչ այսօր պեղուած է, եւ այս ոչ թէ անպայման դժկամութիւններու բերումով, այլ սփիւռքահայութիւնը չհասկնալու, ու անոր հանդէպ առնուազն անճիշդ քաղաքականութիւն վարելուն պատճառով: Վարչապետը վստահաբար կը հասկնայ, ու եթէ ոչ՝ ապա ուրեմն մեզի կ՛իյնայ իրեն եւ բոլորին հասկցնել, թէ մեր ազնուութիւնը »հարիֆ«ութիւն չէ, իսկ մեր համբերութիւնը պարզապէս ազգին եւ հարենիքին հանդէպ մեր ամբողջական նուիրումի արտայայտութիւնն է:

Իւրաքանչիւր հայ, ու այս պարագային իւրաքանչիւր սփիւռքահայ, ռազմավարական արժէք է Հայաստանի եւ անոր հզօրութեան համար. իւրաքանչիւր սփիւռքահայ զինուոր է ազգի իտէալներու իրականացման համար: Ա՛յս պիտի ըլլայ անկիւնաքարը ազգի համահայկական ներուժը հաւաքելու գաղափարախօսութեան, եւ սա շատ աւելին է՝ քան բառերու շարան մը, աւելին է՝ քան ցանկութիւն կամ երազանք: Այս արդէն օրուան հրամայականն է. անիկա կուռ, քայլ առ քայլ ծրագիրն է, որ ի մի պիտի բերէ համաշխարհային հայ ազգի իւրաքանչիւր տարրը, և իւրաքանչիւրին պիտի փոխանցէ իր հայու առաքելութիւնը յանուն ազգին եւ հայրենիքի հզօրութեան եւ պատմական իրաւունքներուն:

Իսկ որո՞նք են այդ քայլերը: Անոնց մասին պիտի խօսի՞ վարչապետը: Համահայկական օրակարգի մը նախադրեալները պիտի որդեգրէ՞ ան: Ազգային գաղափարախօսութեան ներքոյ (բան մը, որ բազմիցս շահարկուած է քաղաքական մարդոց կողմէ, որոնք դոյզն գաղափարն անգամ չունին, որ սա շովինիզմի կամ ազգապաշտութեան հետ ոչ մէկ աղերս ունի, այլ ընդհակառակն) համահայկական օրակարգը պէտք է ցուցանիշ ունենայ շատ գործնական եւ շօշափելի քայլեր:

Եւ այսպէս օրինակ՝

Վարչապետը պիտի խօսի՞ Հայկական Աշխարհի իւրայատկութիւններուն մասին, ուր համահայկական օրակարգը շատ պարզ ու շատ յստակ քայլերով պէտք է պատկերացնել, եւ հոն, ըստ արժանւոյն պիտի խօսի՞ սփիւռքահայ անհատի ինքնութեան խորքէն բխող, բայց նաեւ մեր ազգային տեսլականներուն խարիսխը հանդիսացող Հայ Դատի պահանջատիրութեան մասին:

Վարչապետը պիտի խօսի՞ համընդհանուր գործին մէջ սփիւռքահայերու իրաւունքներուն եւ ակնկալութիւններուն մասին, թէ անգամ մը եւս, ինչպէս նախկիները՝ մեզի դաս պիտի շնորհէ, թէ մեր հայու պարտաւորութիւնները որոնք են՝ գալու հասնելու համար հոն՝ թէ ինչպիսի տնտեսական ներդրում պէտք է կատարել հայրենիքի մէջ: Պիտի խօսի՞նք ձեւերուն մասին, թէ ինչպէս լիարժէք խօսք եւ դերակատարութիւն պիտի տրուի Հայաստանը հզօրացնելու ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ նպատակին ուղղութեամբ:

Վարչապետը պիտի խօսի՞, ու խօսքէն անդին պիտի ցոյց տա՞յ քայլեր, թէ ինչպէ՛ս պէտք է քանդել ներկայ Հայաստանի Սահմանադրութեան բոլոր այն դրոյթները, որոնք կ՛արգիլեն սփիւռքահայերուս լիարժէք մասնակցութիւնը Հայաստանի պետականաշինութեան գործին: Սփիւռքահայերուն մէջ պիտի տեսնէ՞ երկրի կառավարման գործին մէջ լիարժէք գործընկերները:

Վարչապետը հասկացողութիւն պիտի ցուցաբերէ՞ այն մասին, թէ »հայրենադարձութիւն«ը անպայման ֆիզիքական փոխադրութեան մասին պէտք չէ ըլլայ, այլ ներգործօն նուիրուածութեան դէպի ազգ, դէպի հայրենիք, ու մէկ խօսքով դէպի երկիր: Մեր այս պարունակին մէջ, հայրենադարձութիւնը նախ եւ առաջ հոգեփոխութիւն է, յանձնառութիւն է եւ առաքելութիւն է:

Պիտի խօսի՞ վարչապետը այն մասին, թէ ինչպէ՛ս կը նախատեսէ օրէնքի դաշտ բերել Սփիւռքի մէջ ապրող Հայաստանի քաղաքացիներուն քուէարկելու իրաւունքը. իրաւունք՝ որ անկասկած համապատասխան պարտաւորութիւններով պէտք է պայմանաւորուի:

Պիտի խօսի՞ վարչապետը այն մասին ու պիտի խոստանա՞յ երկքաղաքացի դառնալու գործընթացը աւելի պարզացուած, հրաւիրող, ու նուազ վանողական դարձնելու մասին, որպէսզի իմ աչքով վկայած օրինակով՝ հայ եկեղեցւոյ սպասաւորը կարիքը չունենայ ամիսներ շարունակ փաստելու, թէ ինք հայ է: Պիտի ստանա՞նք խոստումներու կողքին շօշափելի յանձնարարականներ՝ ուղղուած պատկան մարմիններուն:

Վարչապետը պիտի խօսի՞ այն լեզուով, որ բաւարարէ իր այստեղի ազգակիցները, որոնք անցկութեամբ եւ մեծ ակնկալութեամբ կ՛ակնկալեն ազգային արժէքներու ամուր պահպանման քայլեր՝ երկրի կառավարման գործընթացի բոլոր մակարդակներուն եւ ոլորտներուն մէջ: Սուտ է, արդէն մաշած քարոզչութիւն է այն, թէ հայապահպանումը միայն սփիւռքահայութեան համար կարեւոր է: Վկա՛յ Հայաստանէն արտագաղթը, որ հայապահպանման հարուածող գլխաւոր իրականութիւններէն մին է, եւ սկզբնաղբիւրը ապագայ ձուլումին: Հայապահպանումը այսօր արդէն պաշտպանողական ռազմավարութիւն չէ, այլ ազգային անվտանգութեան հրամայական է, տեսակ մը հայակերտումի եւ հարենակերտումի առաջին քայլ մըն է, որուն դէմ պայքարի շղթան նաեւ Հայաստանէն պէտք է սկսի:

Վարչապետը ցոյց պիտի տա՞յ, թէ ինչպիսի՛ շօշափելի, համբերատար, եւ համադրողական քայլերով պիտի կարողանանք ազգովին վերադառնալ Յեղափոխութեան առաջին օրերու յոյսերուն ու վերակենդանացնել համախոհութեան օրակարգը՝ յանուն ազգի համահայկական իտէալներուն եւ մարտահրաւէրներուն: Եւ այս, որպէսզի իրօք թացը չորէն զանազանուի, եւ որպէսզի իսկապէս ու ամբողջականօրէն վերանան բոլոր այն ուժերը, որոնց նպատակները խաւարէն եւ պառակտումէն կը սնին:

Պիտի բաւարարէ՞ վարչապետը մեր ակնկալութիւնները Ամուլսարի հանքին շուրջ եւ առհասարակ հայրենիքի բնապահպանութեան շուրջ ծաւալած քննարկումներուն գծով, ու պիտի ցոյց տա՞յ, թէ ինչպէ՛ս կառավարութիւնը պիտի երաշխաւորէ հանրային շահի գերակայութիւնը, որ այս պարագային ազգային շահ է նաեւ այսինքն ամբողջական, մասնագիտական ու թափանցիկ քննարկումներով զինելով հասարակութեանը, ու անոր տալու իր հողի ապագան ճշդելու խնդիրը: Ինչո՞ւ, օրինակ, հայ անհատը վերջնական խօսք պիտի ունենայ Արցախի ապագայի գծով (եւ անպայմա՛ն պէտք է այդ ունենայ), եւ որոշիչ խօսք ու քուէ պիտի չունենայ իր հողին, շնչած օդին, եւ խմած ջուրին որակներուն մասին:

Վարչապետը իր լոսանճելըսեան ազգակիցներուն ցոյց պիտի տա՞յ, թէ իր վարչակազմը ինչպիսի շօշափելի քայլերու եւ ծրագիրներու պիտի ձեռնարկէ արդարութիւն հասցնելու մանաւանդ այն չքաւոր եւ վտանգուած խաւերուն, որոնց հասնելու համար վերջին 30 տարիներուն ընթացքին այնքան բան ըրած ու զոհած է այս համայնքը, իր կազմակերպութիւններով ու անանուն մնացած շարքայինի լումայով:

Լոսանճելըսի հայութիւնը նոյն ցաւերը, նոյն երազանքը, եւ մանաւանդ նոյն ակնկալութիւնները ունի կապուած Հայաստանի եւ Արցախի առնչութեամբ, ինչ որ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին ապրող քաղաքացիները կամ որեւէ այլ սփիւռքահայերու հաւաքականութիւն: Սակայն այսօր, ամէն ժամանակներէ աւելի հասունցած եւ փորձուած համայնք մըն է, որ պիտի դիմաւորէ Հայաստանի վարչապետը: Այս համայնքը այսօր իր ուսերուն կը զգայ հայավայել եւ պատշաճ ձեւոր ընդունելու վարչապետը, բայց նաեւ անհրաժեշտութիւնը այս առիթը բաց չթողնելու, եւ անոր հաղորդելու մեր ակնկալութիւնները, մեր սպասումները, մեր պահանջները:

Վստահ եմ, թէ սահմանաբակ տրամաբանութեան տէր հայն անգամ շատ լաւ կը գիտակցի այսօր, թէ ինչպիսի ծանր բերան տակ պէտք է որ ըլլան մեր հայրենիքին ծառայելու կոչուած պետական գործիչները: Բոլորս ալ կը հասկնանք, թէ ինչպիսի՛ անշնորհակալ գործ է հանրային ծառայութեան աշխատանքը, մանաւանդ երբ այնքան բան կայ ընելիք, վերակառուցելիք: Իսկապէս որ տարիներու վրայ կուտակուած եւ մինչեւ իսկ լինելութեան համար մարտահրաւէրներով լեցուն օրակարգ մը շատ դժուար է համակարգել, արդիւնաւորել, մանաւանդ երբ այդ գործընթացը ինքնաբերաբար որոշներու կեանքը կը խախտէ կամ իրաւունքները կը զսպէ:

Պարզ է, այս բոլորը լաւ կը հասկնանք. բայց նաեւ կը հասկնանք, թէ մենք մեր խիղճին հետ հաշտ ըլլալու համար, ազգի ապագային գծով անզիչող յանձնառութեամբ զինուած ըլլալու համար, մենք պահանջատէր պիտի ըլլանք վարչապետ Փաշինեանէն ու իր գործակիցներէն, որպէսզի անոնք մեզ ցոյց տան նոյն նախախանձախնդրութիւնը, նոյն առաջնահերթութիւնները, զորս օրին մեզ բոլորիս հաղորդեցին: Վերջապէս, առաջին հերթին, վարչապետը ինք պէտք է ակնկալէ մեր պահանջները իրմէ, եթէ ինք իսկապէս հաւատարիմ է օրին իր արտայայտած տեսութիւններուն, և անշուշտ եթէ ազնիւ են մեր պահանջները եւ զուգորդուած են մեր կողմէ համապատասխան յանձնառութիւններով:

Կասկած չունիմ, որ այս համայնքը իր բոլոր խաւերով ազնուութեամբ պիտի հանդիպի իր պետութեան գլխաւոր ներկայացուցիչին հետ եւ անոր մէջ պիտի չափէ պետական գործիչի ունակութիւնները, բայց նաեւ անոր մէջ ու իր պատգամներուն մէջ պիտի ուզէ տեսնել այն հայը, որ կարողութիւնը ունի պատկերացնելու, թէ որքան աւելի ծաւալուն, որքան աւելի խոր, որքան աւելի ընդգրկուն, բայց նաեւ որքան աւելի խոստմնալից են ազգի՛ն համահայկական գործերը:

Ազգը եւ անոր համահայկական օրակարգը, որոնք վերջապէս իմաստ կու տան մեր գոյութեան՝ որպէս հայեր, նպատակ կը հաղորդեն աշխարհացրիւ ազգին եւ անոր կարողականութեան հաւաքագրման գործին, ու այո, որոնք լիցք կը հաղորդեն Լոս Անճելըսէն ու ամէն կողմէ դէպի Երեւան ու դէպի Արարատ մեր հայեացքներուն:

asbarez.com/arm/354301/Երբ-Վարչապետը-Գայ/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail