Հայամէտ Քոնկրեսականներ Նշանակուեցան Արցախի Վերաբերող Առաջարկներուն Ճակատագիրը Վճռող Յանձնախումբին Մէջ

Հայամէտ Քոնկրեսականներ Նշանակուեցան Արցախի Վերաբերող Առաջարկներուն Ճակատագիրը Վճռող Յանձնախումբին Մէջ

20 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2019 – ԱՐՑԱԽ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ:

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Ներկայացուցիչներու տան խօսնակ Նենսի Փելոսի Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան 2020ի ռազմական ամավարկին համար Ծերակոյտին եւ Ներկայացուցիչներու տան առաջադրած տարբերակները համակարգելու յատուկ յանձնախումբին անդամ նշանակեց Քոնկրեսի հայկական համախմբում երեք անդամներ՝ Ֆրենք Փալոն, Ճեքի Սփիր եւ Էտըմ Շիֆ, որոնց քննարկելիք հարցերուն մէջ կան նաեւ Արցախի ապահովութեան վերաբերող երկու առաջադրութիւններ։

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի կառավարական հարցերու վարիչ Թերեզա Երիմեան կը յայտնէ, թէ յոյս ունի, որ երկու առաջադրութիւնները կը մնան վերջնական տարբերակին մէջ, երաշխաւորելու համար Արցախի ժողովուրդին ապահովութիւնը եւ նպաստելու շրջանին մէջ խաղաղութիւն հաստատելու ջանքերուն։

Յիշեցնենք, որ Ներկայացուցիչներու տունը վաւերացուցած էր Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտի օդակայանին ապահովութիւնը երաշխաւորելու նպատակը հետապնդող քոնկրեսական Պրետ Շըրմընի առաջարկը (յաւելուած թիւ 21), որուն նպատակն է արգիլել Ատրպէյճանին վաճառել այնպիսի հակաօդայիններ, որոնք կը վտանգեն քաղաքացիական օդանաւերու ապահով թռչիքները: Փալոն, Սփիր եւ Շիֆ զօրակցեցան այս առաջարկին վաւերացման ջանքերուն:

Ներկայացուցիչներու տունը եւս վաւերացուց Արցախի ապահովութիւնը երաշխաւորելու նպատակը հետապնդող քոնկրեսական Ճուտի Չուի առաջարկը (յաւելուած թիւ 97), որ կը շեշտէ, թէ Արցախի դէմ Ատրպէյճանի ահաբեկչական արշաւին պէտք է վերջ դրուի, յոյժ կարեւոր նկատելով այս նպատակով նախապէս քոնկրեսականներ Էտ Ռոյսի եւ Էլիըթ Էնկելի ներկայացուցած առաջարկներուն գործադրութեան ապահովումը։ Չուի առաջարկը կը պահանջէ Արցախի սահմանէն արձակազէնները եւ ծանր զէնքերը հեռացնել, նոյն ժամանակ պահանջելով, որ յարձակող կողմը բացայայտող յատուկ սարքաւորումներ տեղադրուին հոն, շեշտելով ԵԱՀԿի յաւելեալ դէտեր տեղադրելու կարեւորութիւնը:

Միւս կողմէ, Այտըհոյի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Լիա Բաբայեան, Ամերիկայի Հայ Դատի ատենապետ Րաֆֆի Համբարեան, կառավարական հարցերու վարիչ Թերեզա Երիմեան եւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արմէն Սահակեան հանդիպում մը ունեցան Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբի ատենապետ Ճէյմզ Ռայշի (Հ. Այտըհօ), ներկայացնելով հայութիւնը յուզող հարցերը եւ խնդրելով անոր աջակցութիւնը Քոնկրսին ներկայացուած բանաձեւերուն վաւերացման ջանքերուն մէջ։

Իբրեւ յանձնախումբի ատենապետ՝ ծերակուտական Ռայշ իրաւասութիւնը ունի քուէարկութեան դնելու որեւէ բանաձեւ, ներառեալ Հայոց Ցեղասպանութեան թիւ 150 բանաձեւը, որ Ծերակոյտին ներկայացուած է Պապ Մենենտեզի կողմէ։

asbarez.com/arm/354314/Հայամէտ-Քոնկրեսականներ-Նշանակուեցան/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail