
Խմբագրական. Շարունակել Բազմակողմ Դիւանագիտութիւնը (Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան Տօնին Առիթով)
21 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2019 – ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԻՒՆ:
Անկախութիւնը գաղափարական եւ իրաւական արժէք է աներկբայօրէն: Գաղափարական առումով, կենսափիլիսոփայութիւն է: Յղացքը դաւանանքային տարողութիւն ունի նոյնիսկ: Հաւատամք է եւ` մարդու կենարարութեան պայմանային բաղադրիչ: Մտքով ազատ ու անկախ մարդն է միայն, որ կրնայ ներդրում բերել մարդկութեան զարգացման հոլովոյթին:
Անառարկելիութեան ստորոգելիներ ունեցող այս տեսութիւնը, սակայն, գործնական ընթացքին մէջ նոյն բացարձակութիւնը չ՛ունենար: Յատկապէս քաղաքական ոլորտներու մէջ անկախութիւնը յաճախ իր թէականութիւնը կը զգացնէ, որքան ալ գաղափարական համոզուածութիւնն ու իրաւակարգային կարգավիճակը անկախ ըլլան, այս պարագային` երկրի մը կամ պետութեան մը:
Քաղաքական կեանքի մէջ կան անկախներ եւ աւելի անկախներ. կան կախեալներ, նուազ կախեալներ կամ աւելի կախեալներ, չըսելու համար ոչ անկախներ` իրողապէս: Բացարձակութեան տեսութիւնը, յատկապէս` քաղաքական հասկացողութիւններով, չ՛աշխատիր լիարժէք. նոյնիսկ կարելի է արձանագրել, որ ընդհանրապէս չ՛աշխատիր:
Մեր երկրի անկախութեան ուղղութեամբ գաղափարական համոզուածութիւնը, կարելի է ըսել, համատարած ընկալում է: Իրաւականօրէն նաեւ միջազգային ընտանիքի ճանաչումով Հայաստանի Հանրապետութիւնը համապատասխան կարգավիճակ ունի:
Ինչպէս այլ երկիրներու, մեր երկրին պարագային եւս տնտեսական եւ քաղաքական անկախութիւնը յարաբերական իմաստային երանգներ ունի: Տարածաշրջանային պայմաններ, գերտէրութիւններու մրցակցութիւններ, ազդեցութեան գօտիներու ստեղծման կամ փոխարինման պայքարներ` իրենց անմիջական հետեւանքները կ՛ունենան պետութիւններու իրականացնելիք քաղաքականութեան վրայ:
Պարզ է, որ փակ սահմաններով, սահմանային անվտանգութեան վերահսկողութեան ներկայ դրուածքով, ՀԱՊԿ-ի եւ ԵՏՄ-ի անդամակցութեան իրողութիւններով, ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող ոլորտներու մէջ հիւսիսի պետութեան գերակայ ներկայութեամբ, Հայաստանի Հանրապետութիւնը որոշակի կախեալութեան իրավիճակ կը դիմագրաւէ:
Այդ կախեալութեան մէջ գտնուելով հանդերձ, ԵՄ-ի հետ յատուկ համաձայնագիր կնքելով, համարկման ընթացակարգին մէջ քայլ առ քայլ յառաջանալով, ՆԱԹՕ-ի զօրավարժութիւններուն մասնակցելով, միջազգային խաղաղապահ առաքելութիւններ իրականացնելով, Իրանի հետ բնականոն յարաբերութիւններ շարունակելով, Ուաշինկթընի հետ զանազան ծրագիրներ իրագործելով` պաշտօնական Երեւանը ահաւասիկ տասնամեակներէ ի վեր կը կիրարկէ փոխլրացուցիչ, բազմակողմ եւ հաւասարակշիռ դիւանագիտութիւն եւ արտաքին քաղաքականութիւն:
Կտրուկ շրջադարձերը ծանր հետեւանքներ կրնան ունենալ: Գրգռիչ յայտարարութիւնները որեւէ առաւել չեն բերեր երկրին, մանաւանդ երբ միջոցները կը պակսին այլընտրանքային շառաւիղներու (վեկտորներու) անցում կատարելու: Քաղաքականութիւնը ի վերջոյ ո՛չ միայն կարելիին արուեստն է, այլ նաեւ` իւրաքանչիւր քայլին ունենալիք հետեւանքներու ծանրակշռութիւնը չափելու կանխատեսման հմտութեան տիրապետելը:
Գերիշխանութեան պահպանման համար, ուրեմն, անհրաժեշտ են կշռադատուածութիւնն ու պատասխանատուութեան բարձրագոյն գիտակցութիւնը: Անկախութեան պահպանման արուեստը կ՛ենթադրէ` հմուտ դիւանագիտութիւն, խուսանաւելու առաձգականութեան տիրապետում, նպաստաւոր պահի ընտրութիւն:
Այլապէս, անվերջ գերիշխանութեան բացարձակացման տեսութիւններէն խօսիլը, հայրենիքը գաղութայնացուած յայտարարելը եւ այսօրուան ռազմավարական գլխաւոր գործընկերը գաղութատիրող նկատելը չեն նպաստեր անկախութեան պահպանման:
Պաշտօնական Երեւանը պատճառ չունի փոխլրացուցիչ եւ հաւասարակշիռ ու բազմակողմ դիւանագիտական վարքագիծէն շեղում կատարելու: Այս վարքագիծը կը նպաստէ ներկայ պայմաններուն մէջ յարաբերական անկախութիւնը պահպանելու ընթացքին:
aztagdaily.com/archives/458762





