Վարչապետ Փաշինեան Ընդունեց Լիբանանի Պաշտպանութեան Նախարարին Գլխաւորած Պատուիրակութիւնը

Վարչապետ Փաշինեան Ընդունեց Լիբանանի Պաշտպանութեան Նախարարին Գլխաւորած Պատուիրակութիւնը

21 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ ընդունած է Լիբանանի պաշտպանութեան նախարար Էլիաս Պու Սաապը:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ողջունած է Լիբանանի պաշտպանութեան նախարարին այցելութիւնը, եւ վերյիշելով 2018-ի աշնան Լիբանան կատարած իր այցելութիւնը, երկրի բարձրագոյն ղեկավարութեան հետ հանդիպումները, ընդգծած է, որ բարձրաստիճան պաշտօնական փոխադարձ այցելութիւնները կը նպաստեն երկկողմանի գործակցութեան խորացման: Վարչապետը նշած է, որ երկու ժողովուրդներուն կը կապէ դարաւոր բարեկամութիւնը, Լիբանանի մէջ կը գործէ կենսունակ հայկական համայնք, երկու երկիրներուն միջեւ առկայ է բարձր մակարդակի քաղաքական երկխօսութիւն, եւ Հայաստանը կարեւոր կը նկատէ Լիբանանի հետ յարաբերութիւններու շարունակական սերտացումը` քաղաքական, տնտեսական, ռազմական, մշակութային, մարդասիրական եւ այլ ոլորտներու մէջ:

Շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան համար` Էլիաս Պու Սաապ նշած է, որ մեծ պատիւ է գտնուիլ Հայաստան եւ Հայաստանի գործընկերներուն հետ քննարկել փոխադարձ գործակցութեան խորացման հեռանկարները: Անոր համաձայն, Հայաստանն ու Լիբանանը մեծ ներուժ ունին զարգացնելու համագործակցութիւնը պաշտպանական, տնտեսական, մշակութային, զբօսաշրջութեան եւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ ոլորտներու մէջ:

Հանդիպումի ընթացքին զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են պաշտպանութեան ոլորտին մէջ փոխադարձ գործակցութեան ամրապնդման, փորձառութեան փոխանակման, միացեալ նախագիծերու իրականացման շուրջ, անդրադարձած նաեւ միջազգային եւ շրջանային անվտանգութեան մարտահրաւէրներուն:

Վարչապետը անդրադարձած է Սուրիոյ մէջ Հայաստանի մարդասիրական առաքելութեան նպատակներուն եւ Լիբանանի հարաւը ՄԱԿ-ի ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութեան հայ խաղաղապահներու մասնակցութեան` ընդգծելով, որ Հայաստանը կարեւոր կը նկատէ շրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատումը: Պու Սաապ ողջունած է Հայաստանի մարդասիրական գործողութիւնները Սուրիոյ մէջ եւ երախտագիտութիւն յայտնած Լիբանանի մէջ հայ խաղաղապահ անձնակազմի մասնակցութեան համար:

aztagdaily.com/archives/458868

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail