Նախարարներ Տօնոյեան Եւ Պու Սաապ Քննարկեցին Լիբանանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Պաշտպանութեան Բնագաւառին Մէջ Համագործակցութեան Զարկ Տալու Կարելիութիւնները

Նախարարներ Տօնոյեան Եւ Պու Սաապ Քննարկեցին Լիբանանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Պաշտպանութեան Բնագաւառին Մէջ Համագործակցութեան Զարկ Տալու Կարելիութիւնները

21 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

20 սեպտեմբերին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան վարչական համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ պաշտօնական հանդիպում Հայաստանի եւ Լիբանանի պաշտպանութեան նախարարներ Դաւիթ Տօնոյեանի եւ Էլիաս Պու Սաապի միջեւ, որմէ ետք անոնք տուին միացեալ մամլոյ ասուլիս մը:

Նախարար Տօնոյեան յայտնեց, որ հայ-լիբանանեան երկկողմանի պաշտպանական համագործակցութիւնը հիմնուած է երկու երկիրներու ժողովուրդներու երկարամեայ բարեկամութեան, փոխադարձ օգնութեան պատրաստակամութեան եւ ընդհանուր մօտեցումներու վրայ, ուստի ունի լուրջ հեռանկարներ:

Ան յիշեցուց, որ 9 նոյեմբեր 2018-ին` նախարար Տօնոյեանի Լիբանան տուած այցելութեան ընթացքին ստորագրուած է Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Լիբանանի Հանրապետութեան միջեւ համագործակցութեան համաձայնագիր, որ ներկայիս երկու երկիրներու խորհրդարաններուն մէջ վաւերացման փուլի մէջ է: «Տեղեկացնեմ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ վաւերացումը աւարտած է, եւ մօտիկ ապագային Հայաստանի նախագահը պիտի ստորագրէ զայն: Այս համաձայնագիրը 2001 թուականէն գործող համաձայնագիրի արդիական տարբերակն է եւ պիտի ընձեռէ ռազմական եւ ռազմական-թեքնիք համագործակցութեան աւելի լայն կարելիութիւններ», շեշտեց Տօնոյեան:

Ըստ անոր, նախարար Էլիաս Պու Սաապի հետ քննարկուած են համագործակցութեան առկայ վիճակը եւ զայն ընդարձակելու կարելիութիւնները:

«Համաձայնեցանք համագործակցութիւն իրականացնել կանոնաւոր եւ ծրագրաւորուած ձեւաչափով: Համագործակցութեան հեռանկարային ոլորտներ կը նկատենք փորձառութեան փոխանակումը ռազմական-թեքնիք տարբեր ուղղութիւններով, միացեալ մարզումները, կրթութիւնը եւ վերապատրաստութիւնը եւ, ամէնէն կարեւորը, ճգնաժամային իրավիճակներու մէջ հետախուզական տեղեկատուութեան փոխանակումը: Յատուկ կարեւորութիւն կու տանք երկու երկիրներու ռազմական մշակոյթի եւ պատմութեան փոխադարձ իրազեկման նախաձեռնութիւններու կազմակերպման», շեշտեց Տօնոյեան:

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարը լիբանանցի իր պաշտօնակիցին ներկայացուց Սուրիոյ մէջ Հայաստանի մարդասիրական առաքելութեան նպատակներն ու խնդիրները: Միեւնոյն ժամանակ նշեց, որ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութեան կազմին մէջ հայկական զօրախումբին մասնակցութիւնը ո՛չ միայն զուտ Հայաստանի միջազգային պարտաւորութիւններու իրականացումն է, այլ նաեւ իւրօրինակ պարտքի վերադարձ լիբանանցի ժողովուրդին` յարատեւ կայունութեան եւ խաղաղութեան հաստատման ջանքերուն համար:

«Մեր հանդիպումին ընթացքին անգամ մը եւս հաստատեցինք նաեւ երկու բարեկամ երկիրներուն միջեւ առկայ քաղաքական բարձր մակարդակի յարաբերութիւնները եւ վերահաստատեցինք միջազգային ու շրջանային անվտանգութեան հարցերու նկատմամբ ընդհանուր մօտեցումները: Անդրադարձանք մեր պետութիւններուն մօտ ընթացող ռազմաքաղաքական զարգացումներուն եւ միացեալ քայլերու ձեռնարկելու մեր կարելիութիւններուն», եզրափակեց Տօնոյեան:

Լիբանանի պաշտպանութեան նախարարը իր կարգին կարեւոր նկատեց Հայաստանի հետ հետախուզական տեղեկութեան փոխանակման ոլորտին մէջ համագործակցութիւնը:

Ան դիտել տուաւ, որ Հայաստան եւ Լիբանան ունին սահմաններու եւ դրացիներու կապուած մարտահրաւէրներ, եւ հետախուզական տեղեկութեան փոխանակումը անպայման օգտակար պիտի ըլլայ ամրապնդելու երկու երկիրներու զինուած ուժերը: «Կը կարծեմ, թէ մեր համագործակցութիւնը, իրօք, կը զարգանայ, քանի որ անիկա կը կատարուի ո՛չ թէ քաղաքական եւ այլ շահերէ մեկնելով, այլ սրտանց: Կը կարծեմ, թէ լաւ ապագայ կը սպասէ մեզ», նշեց նախարարը:

Պու Սաապ յայտնեց, որ ասիկա Հայաստան տուած իր առաջին այցելութիւնը չէ, Հայաստան այցելած է 2015-ին` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով, նաեւ աւելի ուշ` Լիբանանի նախագահի պատուիրակութեան մաս կազմելով: Ան աւելցուց, որ Հայաստան կը գտնուի ընտանեօք, քանի որ ընտանեկան կապեր ունի Հայաստանի եւ հայութեան հետ:

«Սակայն այժմ եկած եմ քննարկելու, թէ` ինչպէ՛ս կրնանք զարգացնել պաշտպանական երկկողմանի համագործակցութիւնը: Հիմա արդէն հասած է ժամանակը, որ մենք կեանքի կոչենք Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Լիբանանի Հանրապետութեան միջեւ համագործակցութեան համաձայնագիրով նախատեսուած ուղղութիւնները», ընդգծեց Պու Սաապ:

Նախարարը աւելցուց, որ, իր կարծիքով, պէտք է ստեղծուի յանձնախումբ մը, որուն մէջ ընդգրկուած պէտք է ըլլան նաեւ այլ նախարարութիւններ, ու համագործակցութիւնը բազմաոլորտ դառնայ: Շնորհակալութիւն յայտնելով ՄԱԿ-ի առաքելութեան ծիրին մէջ Լիբանանի հարաւը հայկական խաղաղապահ ուժերու առաքելութեան համար, Էլիաս Պու Սաապ ընդգծեց, որ իրենք լաւապէս կը գիտակցին, թէ ասիկա Հայաստանի համար զուտ միջազգային առաքելութիւն չէ, այլ յատուկ առաքելութիւն է: Ան բարձր գնահատեց եւ «խելացի որոշում» բնութագրեց Սուրիոյ մէջ հայկական խաղաղապահ առաքելութիւնը` նկատել տալով, որ երիտասարդ սերունդները մարդասիրական, խաղաղութեան ամրապնդման առաքելութիւններ կ՛ակնկալեն:

Պու Սաապ մասնաւորապէս ընդգծեց. «Լիբանանը եւ Հայաստանը իրենց սահմաններուն վրայ կը դիմագրաւեն միեւնոյն հարցերը եւ մարտահրաւէրները: Իսրայէլը միշտ ոտնձգութիւններ կը գործէ մեր հողերուն նկատմամբ, ինչպէս նաեւ շարունակական կերպով կը խախտէ միջազգային որոշումները, որոնցմէ կարեւորագոյնն է թիւ 1701 բանաձեւը: Վերջերս ան երկու անօդաչու թռչող սարքեր ղրկած էր Պէյրութ, մէկը պայթեցաւ, իսկ միւսը վար առնուեցաւ եւ գրաւուեցաւ լիբանանցիներուն կողմէ: Նոյնպէս Հայաստանը կը դիմագրաւէ Ազրպէյճանի կողմէ իր սահմաններուն եւ հողերուն նկատմամբ անօդաչու թռչող սարքերով ոտնձգութեան մարտահրաւէրը: Եւ ասիկա յաւելեալ պատճառ մըն է, որ ապահովական մարզին մէջ իրարու հետ համագործակցինք` ապահովական եւ հետախուզական տեղեկութիւններու փոխանակման միջոցով»:

Էլիաս Պու Սաապ օր մը առաջ` 19 սեպտեմբերին շրջագայեցաւ Երեւանի կեդրոնը` շեշտելով, որ, 2015-ի հետ բաղդատելով, դրական փոփոխութիւններ արձանագրուած են: Ան համոզում յայտնեց, որ Հայաստան «մեծ եւ պայծառ» ապագայ ունի` մանաւանդ երկրի անկախութեան, ինքնուրոյնութեան այն տեսլականներով, զորս իրեն հետ կիսած է պաշտպանութեան նախարարը:

Արեւմտահայերէն-Լրատուական-Կայք «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

aztagdaily.com/archives/458863

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail