«Ամերիկային Համար Արաբներուն Քարիւղը Անոնց Արիւնէն Աւելի Կարեւոր Է» Կ՛ըսէ Զարիֆ
21 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաւատ Զարիֆ յայտնեց. «Եմէնի նկատմամբ Ամերիկայի քաղաքականութիւնը ցոյց կու տայ, թէ Ամերիկան քարիւղը մարդոց արիւնէն աւելի կարեւոր կը նկատէ»:
«Արաբներուն արիւնը արաբներուն քարիւղին դիմացը Միացեալ Նահանգներու քաղաքականութեան այբուբենն է, Եմէնի քառամեայ կոյր ռմբակոծում, 100 հազար եմէնցի զոհեր, 20 միլիոն մարդիկ կը տառապին սնունդի պակասէ, 2,3 միլիոն մարդիկ վարակուած են քոլերայի, այդ բոլորը ոճրագործներուն ամբողջական իրաւասութիւն տալ կը նշանակէ», նշեց իրանեան դիւանագիտութեան պետը:
«Այդ բոլորով հանդերձ, Ամերիկան իրենց դէմ յարձակումին քարիւղի պահեստարանները հարուածելու եմէնցիներու հակադարձութիւնը կը նկատէ պատերազմական մերժելի արարք», ըսաւ Զարիֆ:
aztagdaily.com/archives/458876