Փութինն ու Էլիզապէթ Բ․-ը Շնորհաւորական Ուղերձ Յղած են Նախագահ Սարգսեանին Անկախութեան Տօնին Առիթով
21 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2019 – ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԻՒՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան տօնին առթիւ Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանին շնորհաւորական ուղերձ յղած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին: Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն:
Փութինի ուղերձին մէջ կ՛ըսուի.
«Յարգելի Արմէն Վարդանի,
Ուրախ եմ շնորհաւորելով Ձեզ` Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան օրուան առիթով: Մեր երկիրներու յարաբերութիւնները հիմնուած են բազմադարեայ բարեկամութեան աւանադոյթներու, հոգեւոր մտերմութեան եւ փոխադարձ վստահութեան վրայ:
Դաշնակցային յարաբերութիւններու յետագայ զարգացումը, ինչպէս նաեւ տարբեր ուղղութիւններով արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը լիովին կը համապատասխանեն Հայաստանի եւ Ռուսիոյ ժողովուրդներու շահերուն եւ համահունչ են տարածշրջանային անվտանգութեան եւ կայունութեան ամրապնդման:
Ձեզի ի սրտէ քաջառողջութիւն եւ յաջողութիւններ կը մաղթեմ, իսկ Ձեր հայրենակիցներուն` խաղաղութիւն եւ բարեկեցութիւն»:
Նոյն առիթով շնորհաւորական ուղերձ յղած է նաեւ Մեծ Բրիտանիոյ եւ Հիւսիսային Իռլանտայի Միացեալ Թագաւորութեան թագուհի, Նորին Մեծութիւն Եղիսապէթ Երկրորդը:
Ուղերձին մէջ մասնաւորապէս կ՛ըսուի.
«Իմ շնորհաւորանքները կը յղեմ Ձերդ գերազանցութեան` Ազգային տօնին առթիւ եւ երջանկութեան ու բարօրութեան իմ ջերմ բարեմաղթանքները` Հայաստանի ժողովուրդին»:
yerakouyn.com/2019/09/20/փութինն-ու-էլիզապէթ-բ․-ը-շնորհաւորակա/