ՀՅԴ-ն Պէտք է Որոշակի Վերագնահատումներ Ընէ. Վարչապետը՝ ՀՅԴ՝ ԱՄՆ Արեւմտեան Ափի ԿԿ Ներկայացուցիչներուն
23 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2019 – ՕՐԸ ՕՐԻՆ:
Աշխատանքային այցով Լոս Անճելըս գտնուող ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հանդիպում ունեցած է ՀՅԴ` ԱՄՆ Արեւմտեան ափի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչներու հետ՝ ՀՅԴ բիւրոյի անդամ, դոկտոր Վիգէն Եագուպեանի եւ ՀՅԴ Արեւմտեան ափի կեդրոնական կոմիտէի անդամ Աւետիք Իզմիրլեանի գլխաւորութեամբ։
ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան տեղեկութիւններով՝ ողջունելով ՀՅԴ ններկայացուցիչները՝ Նիկոլ Փաշինեան նշած է. «Յարգելի պարոն Եագուպեան, յարգելի պարոն Իզմիրլեան, յարգելի գործընկերներ, ուրախ եմ ձեզ հանդիպելու այս առիթին համար։ Բարձր կը գնահատեմ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութէան գործունէութիւնը ընդհանրապէս եւ նաեւ հայապահպանութեան գործին մէջ։ Կը կարծեմ, որ այդ առումով ալ մենք նոր փուլի մը հասած ենք, որովհետեւ, ի հարկէ, հայապահպանութիւնը շատ կարեւոր գործունէութիւն է, որ մեզի բերած-հասցուցած է այսօրուան հանգրուանին։ Այսօր մենք կը խօսինք ռազմավարական, հեռանկարային խնդիրներու մասին, պէտք է աւելցնել՝ հայապահպանութիւն ըսելով պէտք է նկատի ունենալ ոչ միայն պահպանում, այլեւ պէտք է արդէն զարգացման մասին մտածենք։
ՀՅԴ-ն Հայաստանի ներքաղաքական կեանքին մէջ բաւական աշխոյժ դերակատարութիւն ունեցած է եւ ունի։ Այդ դերակատարման ընթացքին միշտ չէ, որ ես համաձայն եղած եմ Դաշնակցութեան հետ, միշտ չէ, որ մենք համաձայնութիւն ունեցած ենք, բայց մեր համազգային նպատակներուն ծիրէն ներս ատիկա ոչ մէկ բան կը փոխէ, որովհետեւ այն հարցերը, որոնց վերաբերեալ մենք այդքան ալ համաձայն չենք, այնքան ալ էական չեն, եթէ կան բազմաթիւ ռազմավարական բնոյթի հարցեր, որոնց շուրջ մենք համաձայն ենք։ Ուստի, շատ ուրախ եմ այսօրուան հանդիպման համար։ Ես այս ընթացքին ալ որոշակի շփումներ ունեցած եմ եւ միշտ ալ պատրաստակամութիւն յայտնած, որպէսզի այս շփումները շարունակուին եւ նոր իմաստ ստանան։
Չեմ թաքցուցած եւ կը կարծեմ, որ ՀՅԴ-ն նաեւ պէտք է որոշակի վերագնահատումներ ընէ վերջին շրջանին Հայաստանի մէջ ծաւալած գործունէութեան առնչութեամբ, նկատի ունիմ իբրեւ իշխող համախառն կուսակցութեան անդամ, եւ իմ համոզումը այն է, որ ատիկա շատ կարեւոր պիտի ըլլայ Հայաստանի մէջ նոյնինքն Դաշնակցութեան յետագայ կերպարին եւ գործունէութեան համար»։
ՀՅԴ բիւրոյի անդամ Վիգէն Եագուպեան, հանդիպման մասնակիցներուն անունով ողջունելով վարչապետը ԱՄՆ-ի մէջ, ըսած է. «Մեծարգոյ պարոն վարչապետ, ՀՀ իշխանութեան մեծարգոյ ներկայացուցիչներ, մեծարգոյ գլխաւոր հիւպատոս, մեզի համար մեծ հպարտութիւն է ձեզ այստեղ դիմաւորելը։ Դաշնակցութեան, ինչպէս նաեւ Ամերիկայի Արեւմտեան ափի մեր կազմակերպութեան ներկայացուցիչներուն անունով ձեզի բարի գալուստ կը մաղթեմ։ Մեզի համար իսկապէս նշանակութիւն ունի ձեր ներկայութիւնը այստեղ, մանաւանդ, նկատի ունենալով, որ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած յեղափոխութեան ընթացքին մեր ժողովուրդը իսկապէս հաւաք, միահամուռ ձայն բարձրացուց եւ այդ ձայնին մէջ բիւրեղացուց այն տեսլականը, որ մեր կազմակերպութեան համար պայքարի առարկայ եղած է 128 տարիէն աւելի։ Այդ իմաստով կը նկատենք եւ կը հաստատենք, որ այդ շարժումը, ամէն ինչէ բացի, պահանջատիրութեան, արդար կարգերու հաստատման, տնտեսական կայունութեան, ազգային տեսլականի նկատմամբ յանձնառութեան յոյս արթնցուց՝ յոյս, որ ժողովուրդի վերապրելու համար անյետաձգելի էր եւ կարեւոր։ Մենք ատիկա կը գնահատենք, ինչպէս նաեւ կը գնահատենք ձեր՝ այդ իրականութեան խորհրդանիշը ըլլալը։ Մեզի համար այդ շարժումը ժողովուրդը հաւաքելու, մեր միասնականութեան կանչը ամրագրելու, մեր տեսլականները եւ ժողովուրդի համահայկականութիւնը խարսխելու, արտայայտելու լաւագոյն արտացոլումներէն էր։ Մեր յոյսը եւ ակնկալիքն է, որ այդ համախմբման տեսլականը պիտի շարունակուի ապագային, եւ յոյս պիտի ունենանք, որ հեռու պիտի մնանք մեր ժողովուրդը տարանջատող բաժանարար գիծերէն, սակայն միշտ օրէնքի գերակայութիւնը գնահատելով եւ միշտ Սահմանադրութիւնը ամէն ինչէ բարձր դասելով»։
Համահայկականութեան օրակարգի ձեւաւորման եւ կեանքի կոչման ծիրէն ներս վարչապետը եւ ՀՅԴ Ամերիկայի Արեւմտեան ափի ներկայացուցիչները կարեւոր համարած են Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու օրինականացումը։ Աւետիք Իզմիրլեան տեղեկացուցած է, որ ստեղծուած է Արեւմտեան Ամերիկայի Համահայկական խորհուրդ, որուն մէջ ընդգրկուած են շարք մը կազմակերպութիւններ, եւ աշխատանք կը տարուի կառոյցին մէջ սփիւռքահայերու ներգրաւուածութեան շրջանակը հնարաւորինս ընդլայնելու ուղղութեամբ։ Անոր խօսքով՝ այն ինչպէս լաւ հարթակ է Արեւմտեան Ամերիկայի մէջ բնակող եւ գործունէութիւն ծաւալող հայերու իրաւունքներու պաշտպանութեան համար, այնպէս ալ համազգային հարցերու մէջ՝ Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգութեան ապահովման եւ զարգացման գործին մէջ առաւելագոյն ներդրում ունենալու համար։
Վարչապետ Փաշինեան եւ ՀՅԴ Ամերիկայի Արեւմտեան ափի ներկայացուցիչները քննարկած են Հայաստան-Սփիւռք փոխյարաբերութիւններու բնոյթին եւ վերաիմաստաւորման, համահայկականութեան օրակարգի ձեւաւորման, հայապահպանութեան, յեղափոխութեան ընթացքին կանանց ներգրաւուածութեան, Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան ամրապնդման, տնտեսութեան զարգացման, դատական համակարգի բարեփոխումներու, հասարակական արդարութեան հաստատման, Հայաստանի զարգացման գործընթացին մէջ Սփիւռքի ամբողջական եւ լիարժէք մասնակցութեան ձեւաչափին վերաբերող հարցեր։
yerakouyn.com/2019/09/23/հյդ-ն-պէտք-է-որոշակի-վերագնահատումներ/