Կանխուած է Թշնամիին Ներթափանցման Փորձը
23 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2019 – ՕՐԸ ՕՐԻՆ:
Սեպտեմբեր 22-ին` մօտ ժամը 16:15-ին, արցախա-ատրպէյճանական սահմանագիծին հարաւ-արեւելեան հատուածին մէջ տեղակայուած մարտական դիրքերէն մէկու մը ուղղութեամբ հակառակորդը ձեռնարկած է խոտորեցնող ներթափանցման փորձ, կը հաղորդէ “Մեդիամաքս”-ը։
ՀՀ ՊՆ խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեան տեղեկացուցած է, որ ՊԲ դիրքապահ անձնակազմի գրագէտ գործողութիւններու արդիւնքով` հակառակորդը, չէզոք գօտիին մէջ ձգելով մէկ դիակ, ետ շպրտուած է իր դիրքերը: Պշատպանութեան բանակը ոեւէ կորուստ չէ ունեցած:
Դէպքին մանրամասնութիւնները կը ճշդուին:
Ներթափանցման փորձի որոշ դրուագներ արձանագրուած են ՊԲ տեսանկարահանող սարքերու կողմէ, աւելցուցած է Արծրուն Յովհաննիսեան:
yerakouyn.com/2019/09/23/կանխուած-է-թշնամիին-ներթափանցման-փոր/