Վարչապետ Փաշինեան. «Ես Հայաստանի Առաջին Առաջնորդն Եմ, Որ Կ՛ըսէ` Լուծումը Պէտք Է Ընդունելի Ըլլայ Նաեւ Ազրպէյճանի Համար»

Վարչապետ Փաշինեան. «Ես Հայաստանի Առաջին Առաջնորդն Եմ, Որ Կ՛ըսէ` Լուծումը Պէտք Է Ընդունելի Ըլլայ Նաեւ Ազրպէյճանի Համար»

25 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կը սպասէ, որ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ ընդունի Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման իր առաջարկած բանաձեւը, ըստ որուն որեւէ լուծում պէտք է ընդունելի ըլլայ Հայաստանի, Արցախի եւ Ազրպէյճանի ժողովուրդներուն համար: «Արմէնփրես»-ի փոխանցումով` այս մասին Փաշինեան յայտնած է «Ֆոքս ԼԱ»-ի լրագրող Արաքսիա Կարապետեանի հետ զրոյցի մը ընթացքին:

«Մենք պատրաստ ենք լուծումներ գտնելու Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման համար: Ուղերձս այն է, որ տագնապի որեւէ լուծում պէտք է ընդունելի ըլլայ Հայաստանի, Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի ժողովուրդներուն համար: Ես Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին առաջնորդն եմ, որ կ՛ըսէ, թէ լուծումը պէտք է ընդունելի ըլլայ նաեւ Ազրպէյճանի համար: Այդ պատճառով քննադատուեցայ Հայաստանի մէջ, սակայն ատիկա կարեւոր է տագնապի խաղաղ լուծման համար: Այժմ ես կը սպասեմ, որ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը նոյնպէս ըսէ եւ ընդունի նոյն բանաձեւը», ըսած է վարչապետ Փաշինեան:

Հայաստանի վարչապետը նշած է, որ եթէ իր ազրպէյճանցի գործընկերը ընդունի այդ բանաձեւը, բաւական մօտ կ՛ըլլայ տագնապին խաղաղ լուծումը:

«Միացեալ Նահանգներ Պիտի Ճանչնան Հայոց Ցեղասպանութիւնը»
Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան վստահութիւն յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգները պիտի ճանչնան Հայոց ցեղասպանութիւնը, այս մասին Փաշինեան ըսած է «Ֆոքս ԼԱ»-ի լրագրող Էլեքս Մայքլսընի հետ զրոյցին:

«Անխուսափելի է: Միացեալ Նահանգները պիտի ճանչնան Հայոց ցեղասպանութիւնը: Ես վստահ չեմ, թէ ատիկա ե՛րբ պիտի ըլլայ, բայց վստահ եմ, որ պիտի ըլլայ», ըսած է վարչապետ Փաշինեան:

aztagdaily.com/archives/459158

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail