Հայաստանի Մէջ Մեկնարկեցին Մեծածաւալ Ռազմավարական Զօրավարժութիւններ
24 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2019 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՊԱՇՏՊԱՆԱԿԱՆ ՀԱՐՑԵՐ:
Հայաստանի մէջ տեղի կ՛ունենան «Զինուած ուժերու ծաւալումը, հակառակորդին յարձակման դիմագրաւումը» թեմայով ռազմավարական զօրավարժութիւն, որուն ընթացքին կ՛օգտագործուին մեծաքանակ սպառազինութիւն եւ ռազմական սարքեր:
Ինչպէս կը յայտնեն ՀՀ ՊՆ տեղեկատւութեան վարչութենէն, զօրավարժութեան մասնակցող 1-ին զօրամիաւորման ստորաբաժանումները դուրս եկած են նախորոշուած շրջաններ եւ պատրաստ են պայմանական մարտական խնդիրներ կատարելու:
Զօրավարժութիւնները պիտի շարունակուին մինչեւ Հոկտեմբեր 5:
yerakouyn.com/2019/09/24/հայաստանի-մէջ-մեկնարկեցին-մեծածաւալ/