Նիկոլ Դուման. Հայոց ազատամարտի անզուգական Հայդուկապետը
2019/09/24 – ԴԷՄՔԵՐ, ՆՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ:
«Վճռականութիւնը, անսասան կամքը, որոշումների պաղ եւ անյողդողդ կատարումը, կուսակցական պողպատեայ դիսցիպլինը (կարգապահութիւնը) – անհրաժեշտ գծեր են ամէն մի կռւում, եւս առաւել՝ հայոց դաժան յեղափոխական պայքարի մէջ։ Այդ գծերի անձնաւորումն էր ղարաբաղցի հերոսը եւ նրանց համար պատրաստ էր նա ամէն վայրկեան իր կեանքը զոհաբերելու։
Բարոյական ամենաբարձր սկզբունքներն իւրացրած եւ կուսակցութեան անաղարտ դրօշակի նախանձախնդիր՝ նա մարմնացած վեհանձնութիւն էր դէպի թոյլն ու անպաշտպանը – անգամ թշնամի բանակի մէջ -, բայց եւ անհաշտ ու անընկճելի էր, երբ պէտք էր պատժել յանցաւորին, լինէր դա մի թշնամի կամ ցեղակից, մի դաւաճան, մի մատնիչ կամ թէկուզ կուսակցական դիսցիպլինի դէմ մեղանչող մի անհատ»։
«Դրօշակ»ի երկարամեայ խմբագիր եւ Դաշնակցութեան տեսաբան Միքայէլ Վարանդեան այսպէ՛ս բնութագրած է կերպարն ու աւանդը Հայկական ազատամարտի անզուգական հայդուկապետ Նիկոլ Դումանի, որուն ողբերգական վախճանին 97րդ տարելիցը կը լրանայ Սեպտեմբերի այս օրը։
Արդարեւ, 23 Սեպտեմբեր 1914ին, մեր աշխարհէն առյաւէտ հեռացաւ հայ յեղափոխական շարժման ԲԱՐՈՅԱԿԱՆ հսկան, որուն թշնամի փամփուշտը երբեք չկրցաւ խոցել, բայց առողջական վիճակին քայքայումը անբուժելիօրէն հիւծեց եւ Պաքուի մերձակայքը գտնուող առողջարանի մը կազդուրման սնարին գամեց զինք՝ այնպիսի ժամանակ մը, երբ Առաջին Աշխարհամարտի բռնկումին հետ թաւալգլոր անդունդ ինկող ողջ մարդկութեան հետ հայ ժողովուրդը եւս իր պատմութեան օրհասական դժոխքի սեմին կը գտնուէր։
Հայ ժողովուրդի ազատագրութեան եւ ինքնապաշտպանութեան յառաջապահ մարտիկը եւ Հայդուկապետի Աւանդը կերտած Դաշնակցականը, ի տես Արհաւիրք դիմագրաւող սեփական ժողովուրդին պաշտպան կանգնելու իր անկարողութեան, որոշեց սեփական ատրճանակով վերջ տալ այլեւս միայն ակողնի ծառայելու դատապարտուած իր հողեղէն կեանքին… Թէեւ սեփական փամփուշտը եւս չկրցաւ տապալել Գաղափարական հաստաբուն Կաղնին, բայց սրտին փոխարէն թոքերէն խոցուած՝ Նիկոլ Դուման քանի մը օր ետք աւանդեց իր հոգին։
Դումանի անշունչ մարմինը տարուեցաւ Թիֆլիս եւ մեծ շուքով թաղուեցաւ Խոջիվանքի գերեզմանատունը, Սիմոն Զաւարեանի շիրիմին կողքը։
Այո՛, Սիմոն Զաւարեանի կողքին, որուն հետ Նիկոլ Դուման արժանաւորապէս մարմնաւորեց եւ յաւերժին կտակեց Անբասիր՝ Խստակեաց եւ Խստապահանջ Յեղափոխականի դաշնակցական կերպարը։ Կեանքի մէջ եւ հայ ազգային-ազատագրական դաժան պայքարի ընթացքին միեւնոյն մետալին լրացուցիչ երեսները եղան Զաւարեան եւ Դուման, որոնք անդենական իրենց հանգիստին մէջ եւս ճակատագրուած էին կողք-կողք ըլլալու։
Եթէ Զաւարեան խիղճն էր Դաշնակցութեան, Դուման հանդիսացաւ հայ ֆետայիին եւ յեղափոխական մարտիկին մէջ դաշնակցական խղճմտութեամբ ապրելու, մտածելու եւ գործելու արժէքները սերմանող ԲԱՐՈՅԱԿԱՆ ռահվիրան։
– Խանասորի արշաւանքին ձօնուած ժողովրդական երգի բառերով՝ թշնամիին դէմ անխնայ գտնուելու, բայց «կանանց երբեք ձեռք չտալու» վեհոգութիւնը սորվեցուց իր մարտիկներուն։
– Ազգերու միջեւ հրահրուած թշնամանքին եւ հակամարտութեանց դէմ կանգնեցաւ ամբողջ ուժով, ազգամիջեան խաղաղութեան եւ համերաշխութեան անվհատ դրօշակիրը մնաց, բայց երբեք մտահան չըրաւ նաեւ կեանքի դաժան իրականութիւնը եւ շարունակ պատգամեց, որ «ինչ էլ լինի, թէ՛ թշնամուն եւ թէ բարեկամին յարգանք ու պատկառանք ներշնչողը, դժբախտաբար, դեռ կոպիտ ուժն է։ Եւ մի ազգ – եթէ ուզում է մնալ յարգուած, եթէ չի ուզում կորչել – պէտք է լինի զէնքի ընդունակ, միշտ պէտք է լինի կազմ ու պատրաստ ինքնապաշտպանութեան համար, մանաւանդ քաղաքական ցնցումների վայրկեաններում»։
– Բնաւ չհանդուրժեց նիւթական, կենցաղային կամ ընկերային սայթաքումները, մեծ թէ փոքր, յեղափոխականի կոչման անարժան այն գործիչներուն, մանաւանդ մարտական հերոսի պատմուճան հագած պատեհապաշտներուն, որոնք իրենց վստահուած պարտականութիւններն ու գործերը փորձեցին ծառայեցնել իրենց գձուձ եսի շահախնդրութեանց… Նմաններու դէմ էր Դումանի կատաղի պոռթկումը՝ 1893ի Մարտին Ռոստոմի ուղղուած իր մէկ նամակին մէջ, ուր հետեւեալ ամօթանքը կը խարանէր անոնց ճակտին. «մեզ, որպէս ժառանգութիւն, մնացել է նրանցից …մանէթ պարտ եւ բարոյական անկում, որ այժմ փարատել ենք տքնում։ Խօմ սուտ չէ, որ ասում են՝ Հարք կերան զազոխ եւ որդւոց ատամունք առան»։
Բարոյական այսօրինակ հսկայ էր Արցախի Խաչէն գաւառի Ղշլաղ գիւղի ծնունդ Տէր-Յովհաննիսեան քահանայի որդի Նիկողայոսը։ Ծնած 1867ին, նախնական կրթութիւնը գիւղի դպրոցին մէջ‘ իր հօր մօտ ստանալէ ետք, յաճախած էր Շուշիի թեմական վարժարանը, որ այդ ժամանակաշրջանին հայեցի դաստիարակութեան եւ ընդհանրապէս ուսման կարեւորագոյն օճախներէն մէկն էր հայ իրականութեան մէջ։ Շուշիի թեմական վարժարանը նաեւ յեղափոխաշունչ հայ երիտասարդութեան կազմաւորման հնոցն էր, ուր թրծուեցան Նիկոլ Դումանի, Արամի ու Վանայ Իշխանի օրինակով բացառիկ գործիչներ։
Դպրոցական տարիքէն, յեղափոխական գաղափարներով տոգորուած, Նիկոլ աշխոյժ մասնակցութիւն բերաւ աշակերտական ինքնազարգացման խումբերու կազմութեան եւ աշխատանքին։ Թրքահայոց ազատագրութեան դատին զինուորագրուելու, Երկիր անցնելու եւ կենդանի կռուին նուիրուելու գաղափարը համակած էր բոլորին։ 1887ին ուսումը աւարտելէ ետք, Նիկոլ քանի մը տարի քարտուղարական եւ ուսուցչական պաշտօններ վարեց Շուշիի թեմական իշխանութեանց մօտ։ Բայց երազը Երկիր անցնիլն էր, որ իրականութիւն դարձաւ 1891ին, երբ Նիկոլ միացաւ նորակազմ Դաշնակցութեան, որուն Պարսկաստանի վրայով Երկիր առաքուած առաջին ծիծեռնակներէն մէկը հանդիսացաւ։
1891ի աշնան Նիկոլ հասաւ Թաւրիզ, ուր կոչուեցաւ ուսուցչական պաշտօնի եւ այդ հանգամանքով կրցաւ իր շուրջ համախմբել տեղւոյն երիտասարդները‘ անոնց հետ ազգային¬հայրենասիրական ինքնազարգացման խմբակներ կազմելով, բայց մանաւանդ զինավարժութիւն սորվեցնելով ու ռազմական պատրաստութիւն ջամբելով։ Թաւրիզի մէջ Նիկոլ ցուցաբերեց ե՛ւ մտաւորական իր շնորհները, ե՛ւ ռազմական իր բնատուր տաղանդը, ե՛ւ մանաւանդ կազմակերպական իր կարողութիւնները։ Նիկոլի անձին շուրջ եւ իր ճամբով յեղափոխական գործին նկատմամբ ստեղծուած խանդավառութիւնը այնքան մեծ էր, որ Նիկոլ ուղարկուեցաւ Սալմաստ‘ նաեւ սահմանը անցնողներուն հետ նախապատրաստական նոյն աշխատանքը կատարելու համար։ Այդ շրջանին էր, նաեւ, որ Նիկոլ կարեւոր ներդրում ունեցաւ Դաշնակցութեան Սալմաստի զինագործարանի կազմակերպման եւ անոր գործունէութեան ղեկավարման մէջ։
Երկիր մուտքի Նիկոլի երազանքը իրականացաւ հազիւ 1895ի աշնան, երբ աւելի քան յիսուն հոգինոց խումբով անցաւ սահմանը եւ հասաւ Վան։ Խումբը մեծ ու փոքր ընդհարումներ ունեցաւ ճամբու ամբողջ տեւողութեան, իսկ Նիկոլ ցոյց տուաւ կռուի դաշտին վրայ քաջ ու խիզախ մարտիկի իր բացառիկ ընդունակութիւնը, ինչպէս նաեւ խումբի ղեկավարման զինուորական հրամանատարի բնածին տաղանդը։ Իր քաջագործութիւնները ուղղակի առասպելական ազդեցութիւն գործեցին քիւրտերուն եւ թուրքերուն վրայ, որոնք «դուման» (փոթորիկ) կոչեցին զինք։
Վանի եւ յատկապէս գաւառի մէջ կազմակերպական աշխատանքներ կատարելէ ետք, Նիկոլ Դուման Մայիս 1896ին վերադարձաւ Սալմաստ. ճանապարհին դարձեալ ընդհարումներ ունեցաւ, բայց բոլոր կռիւներէն ալ յաղթական դուրս եկաւ‘ դաշնակցական ֆետայիի հերոսական քաջութեան եւ անպարտելիութեան հռչակին արժանանալով։ Այդ կռիւներու շարքին լայն արձագանգ գտաւ Դերիկի վանքին կռիւը։
Դուման նոր վերադարձած էր Սալմաստ, երբ ռուս-թրքական սահմանին վրայ տեղի ունեցաւ Վանէն հեռացող հարիւրաւոր հայ երիտասարդներու՝ Պետոյի, Մարտիկի եւ Աւետիսեանի խումբերուն կոտորածը Շարաֆ բէկի Մազրիկ ցեղախումբի ձեռամբ։ Դուման յղացաւ մեծ արշաւախումբով մը սահմանը կտրելու, Մազրիկ ցեղը պատժելու եւ ընդհանրապէս Երկրի հայութեան կորովը վերականգնելու գաղափարը։ Հակառակ տարբեր շրջաններէ հնչած առարկութիւններուն, Նիկոլ Դուման ամբողջ ամիսներ հետեւողական ճիգ թափեց, որպէսզի իր առաջարկին շուրջ համախոհութիւն առաջացնէ։ Ի վերջոյ Դաշնակցութեան բարձրագոյն ժողովներուն եւ մարմիններուն կողմէ ստացաւ անհրաժեշտ համաձայնութիւնը եւ 1897ի գարնան ձեռնարկեց Խանասորի արշաւանքի կազմակերպումին։ Թէեւ տեղը չէ Խանասորի արշաւանքին ըստ էութեան անդրադառնալու, բայց Նիկոլ Դումանի անձին եւ գործին վրայ կարեւոր լոյս կը սփռեն արշաւանքին առընչուող երկու շեշտադրումներ։
Առաջինը‘ կը վկայէ Նիկոլ Դումանի խստակեաց նկարագրին, անոր համեստ ու անանձնական, ցուցամոլութիւնը մերժող խառնուածքին մասին։ Հակառակ անոր, որ Խանասորի արշաւանքը իր սեփական մտայղացումն էր եւ իր զինուորական ընդունակութեամբ ու քաջ եւ խիզախ մարտիկի արժանիքներով Դուման յարմարագոյն անձը պիտի ըլլար արշաւախումբի ընդհանուր հրամանատարութեան, այսուհանդերձ՝ յանուն ընդհանուր գործի յաջողութեան, Դուման անտրտունջ համաձայնեցաւ, որ Վարդանի եւ Իշխանի (Յովսէփ Արղութեանի) յանձնուին այդ պատասխանատուութիւնները, իսկ ինք բաւարարուեցաւ յիսնապետի աստիճանով։
Երկրորդը՝ կը վերաբերի Դումանի յեղափոխական վեհ սկզբունքներուն։ Կրկնութեան գնով կþարժէ շեշտել, որ Դումանի կը պատկանի Խանասորի երգով յաւերժացած այն պատգամը, ըստ որուն՝ «կանանց երբեք ձեռք տալու չէ վրիժառու ջան ֆետան»։ Գաբրիէլ Լազեանի վկայութեամբ, արշաւախումբի յարձակման պահուն, Դուման իր մարտիկներուն դիմած էր հետեւեալ բառերով՝ «Տղերք ջան, կանանց ու երեխաներին ձեռք մի՛ տաք, բայց տղամարդկանց անխնայ մորթոտեցէք»։
Խանասորի արշաւանքէն ետք Նիկոլ Դուման անցաւ Պաքու, ուր հիմնական դերակատարութիւն ունեցաւ թէ՛ Քրիստափորի կողքին «Փոթորիկ»ի կազմակերպման, թէ՛ 1905ի հայ¬թաթարական ընդհարումներու ժամանակ Կովկասի հայութեան ինքնապաշտպանութեան կազմակերպման աշխատանքներուն մէջ։ Երկաթեայ խստութեան տէր ռազմիկի Դումանի հռչակը այդ կռիւներուն տարածուեցաւ Կովկասով մէկ, երբ ի գործ դրաւ «ակն ընդ ական»ի մարտավարութիւնը՝ պատահական կամ անզէն հայու մը թաթարներու կողմէ սպանութեան հակադարձելով մէկէ աւելի թաթարներու սպանութեամբ…
Ցարական հրահրումով բռնկած եւ թաթարներու կրօնամոլական հայատեացութեամբ ծաւալած ազգամիջեան այդ արիւնալի ընդհարումներէն ներշնչուեցաւ Դումանի գրած «Ուղեցոյց ժողովրդային ինքնապաշտպանութեան» գրքոյկը, որ գաղափարական իր հիմքով եւ ռազմավարական իր արեւելումով‘ դասական մեծ ներդրում մը կը մնայ հայ ռազմավարական մտքի գանձարանին մէջ։
Բարձրահասակ, ջղուտ եւ խստաբարոյ յեղափոխականին առողջական վիճակը, սակայն, արագօրէն կը վատթարանար։ Երկար տարիներու վրայ իր ապրած անձնուրաց ու չարքաշ կեանքի պայմանները, սեփական հանգիստին եւ բժշկական խնամքի նկատմամբ անտարբերութիւնը ուղղակի քայքայեցին Դումանի առողջութիւնը։
Եւ երբ 1909ին ծայր առաւ ցարական հալածանքը Դաշնակցութեան դէմ, Դումանի յանձնարարուեցաւ հեռանալ Կովկասէն։ Անցաւ Պոլիս, հոնկէ՝ Եգիպտոս, ապա՝ Պուլկարիա։ 1910ին, Միքայէլ Վարանդեանի հետ Դաշնակցութիւնը ներկայացուց Ընկերվար Միջազգայնականի Քոփենհակընի Համագումարին, որու ընթացքին ռուս յեղափոխականներու հետ լայն բանակցութիւններ ունեցաւ՝ հակացարական շարժումներուն միջեւ ուժերու համակարգում ստեղծելու առաջադրանքով։
1911ին վերադարձաւ Երկիր. եղաւ Տրապիզոն, Կարին ու Վան, ուր մտադիր էր նուիրուելու կազմակերպական գործունէութեան։ Բայց Վանի ռուս հիւպատոսը, թուրք կուսակալին համոզելով, Դումանը հեռացնել տուաւ Վանէն։ Դուման անցաւ Պարսկաստան եւ հաստատուեցաւ Թաւրիզ, ուր Ռոստոմի յանձնարարութեամբ ամբողջապէս նուիրուեցաւ Սահմանադրական շարժման պաշտպանութեան‘ սահմանադրական ուժերուն եւ դաշնակցական մարտիկներուն հետ ղեկավարելով քաղաքի ինքնապաշտպանութեան կռիւները միապետական զօրքերու յարձակման դէմ։
Բայց Դումանի առողջական վիճակը շարունակ կը վատթարանար։ Կեղծ անցագրով Պարսկաստանէն անցաւ Թիֆլիս, ուր կուսակցութեան ճնշումով մտաւ հիւանդանոց՝ յառաջացած թոքախտը դարմանելու համար։ Այդ պայմաններուն մէջ անգամ ցարական իշխանութիւնները, դատական քննիչ Լըժինի հրահանգով, հիւանդանոցէն ձերբակալեցին եւ Մետեխի բանտը նետեցին մեծ յեղափոխականին՝ 1914ի Մայիսին։ Բժիշկներու միջամտութեամբ եւ երաշխաւորութեամբ, Դուման ազատ արձակուեցաւ բանտէն եւ մտաւ Թիֆլիսի Արամեան հիւանդանոցը։ Կարճ ժամանակ անց, փոխադրուեցաւ թոքախտի դէմ դարմանման Կովկասի առողջարանները՝ Պաքուի մերձակայքը։
Ֆիզիքական հիւծման հետ ու անկէ աւելի՝ արագ անկումի մէջ էր Դումանի հոգեկան վիճակը։ Օրը օրին կը հետեւէր բռնկող մեծ պատերազմի լուրերուն։ Տեղեակ էր, որ կուսակցութիւնն ու զէնքի իր ընկերները տենդագին լծուած էին Հայ Կամաւորական Շարժման կազմակերպումին, բայց ինք ուժ չունէր եւ ի վիճակի չէր այլեւս իր ներդրումը բերելու քաղաքական եւ ռազմական այդ բախտորոշ խմորումներու դիմագրաւման պատասխանատու գործին։
Դառնութեան, յուսահատութեան, անզօրութեան եւ այլեւս պիտանի չըլլալու զգացումները հոգեմաշ դարձուցին երբեմնի անզուսպ, անպարտելի՛ հերոսին, որ հռչակուած էր Դուման, Փոթորի՜կ։
Եւ 47 տարեկանին, Նիկոլ Դուման որոշեց սեփական ատրճանակով ինքնասպան ըլլալ…
Եւ այդպէս Նիկոլ Դուման հեռացաւ իր պաշտած ժողովուրդէն ճիշդ այն պահուն, երբ Հայաստանն ու հայութիւնը դէմ յանդիման կանգնած էին աշխարհաւեր պատերազմի մը մութ ու մռայլ հորիզոնին, Երբ Նիկոլ Դուման անունով հայոց աշխարհով մէկ հռչակուած ԲԱՐՈՅԱԿԱՆ մեծ հսկան այնքան վճռորոշ դեր ունէր կատարելու հաւաքական մեր ճակատագրի դարբնումին մէջ։
Նիկոլ Դումանի մահով մեր կեանքէն հեռացաւ յեղափոխականի անկոտրում կամքն ու մարտական անպարտելի տաղանդը մարմնաւորող անզուգական Հայը, որ գաղափարական դպրոց մը եղաւ դաշնակցական սերունդներուն համար։
www.arfd.am/news/3424/?fbclid=IwAR1jUerwuHkE73fnXJLNBQFuhDVbaokacB7JLI9Gk0mVuwVEUF69VdY4n-w