Տերսիմի Հայերու Կոտորածներուն Մասին Վաւերագրական Ֆիլմ Նկարահանուած Է Թուրքիոյ Մէջ

13 նոյեմբեր 2015

Վանք-գիւղի-հայերու-եւ-տերսիմցիներու-տեղահանութիւնը-1938-ին
Վանք-գիւղի-հայերու-եւ-տերսիմցիներու-տեղահանութիւնը-1938-ին

Թուրքիոյ մէջ վաւերագրական ֆիլմ նկարահանուած է` Տերսիմի Վանք գիւղի հայերու` 1937-38 թուականներու կոտորածներուն մասին: Ըստ ermenihaber.am –ի՝ «Özgur Gündem» թերթի կայքը կը տեղեկացնէ` վաւերագրական ֆիլմը կը կոչուի «Վանքի երեխաները» եւ կը պատմէ Վանք գիւղի, հոն բնակող հայերու ու անոնց դաժան ճակատագրին, տեղի պատմական հայկական վանական համալիրին մասին, որ ռմբակոծուած եւ աւերուած է 1938-ին: Ֆիլմին բեմադրիչը Նեզահաթ Կիւնտողանն է: ֆիլմին մէջ ներկայացուած է նաեւ երեք տարբեր ազգերու եւ տարբեր կրօններու պատկանող երեք եղբայրներու պատմութիւնը: Եղբայրներէն ամէն մէկը ճակատագրի բերումով ապրած է տարբեր ինքնութիւններով` որպէս հայ, թուրք եւ քիւրտ: Անոնցմէ մէկը քրիստոնեայ է, միւսը` իսլամ, երրորդը` ալեւի: Այս պատմութիւնը կը ցուցադրէ Տերսիմի կոտորածներուն ողջ դառնութիւնը:

Լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ֆիլմին ռեժիսորը նշած է, որ Վանք գիւղը ու դարեդար հոն բնակած հայերու պատմութիւնները բացայայտած է պատահաբար, երբ «Տերսիմի կորսուած աղջիկները» ծրագրի ծիրէն ներս կ՛որոնէր տերսիմցի կորսուած հայ աղջկայ մը ազգականները:

Կիւնտողան ընդգծած է, որ հայերը եղած են Տերսիմի դարաւոր բնակիչները, սակայն այսօր այդ բնակավայրին մէջ հայեր գրեթէ չկան: Բոլորը հեռացած են, բնակութիւն հաստատած Թուրքիոյ կամ աշխարհի տարբեր ծայրերու մէջ:

Ըստ բեմադրիչին` «Վանքի երեխաները» ֆիլմի նպատակն է ցոյց տալ 1938-ին տեղի ունեցած դժբախտութիւնները, թրքական պետութեան վարած մարդասպան եւ ձուլման քաղաքականութիւնը, ինչպէս նաեւ պետութեան ու հանրութեան ստիպել առերեսուելու անցեալի հետ:

Վաւերագրական ֆիլմի ցուցադրութիւնը նախատեսուած է 2016 թուականին:

ԵՌԱԳՈՅՆ

http://www.yerakouyn.com/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail