ԿԱՐՕ ԱՐՄԷՆԵԱՆ – Հայաստանի Հանրապետութեան Շփոթ Հասցէատետրը

ԿԱՐՕ ԱՐՄԷՆԵԱՆ – Հայաստանի Հանրապետութեան Շփոթ Հասցէատետրը

26 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2019 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ:

ԿԱՐՕ ԱՐՄԷՆԵԱՆ

Չեմ ուզեր ըստ էութեան քննարկել վարչապետ Փաշինեանի Միացեալ այցելութեան հանգամանքները, որոնք կը կարօտին մանրամասն եւ բազմակողմանի վերլուծման:

Կ՛ուզեմ պարզապէս յիշեցնել, որ քանիցս ընդգծած եմ կենսական կարեւորութիւնը Հայաստանի մէջ արտախորհրդարանական ընդդիմութեան: Այսօրուան պայմաններուն մէջ խորհրդարանական ընդդիմութիւնը ի վիճակի չէ ընդդիմութեան բնականոն պատասխանատուութիւնները ստանձնելու: Ան թոյլ է, անկերպարան, տարտղնուած եւ քաղաքականօրէն պատանդ` գործադիր իշխանութեան առաջնահերթութիւններուն

Պէտք է լրջօրէն մտագոհուիլ քաղաքական բեմէն խորհրդարանի այս էական բացակայութեան համար: Վարչապետ Փաշինեան ցարդ գործնական քայլեր չէ առած այս վտանգաւոր բացը գոցելու ուղղութեամբ: Քանիցս յիշեցուցած ենք պր. վարչապետին, որ ներկայիս միայն մէկ միջոց կայ այս մարզին մէջ իրական եւ դրական տեղաշարժ իրագործելու: Խօսի՛լ արտախորհրդարանական ընդդիմութեան (եւ յատկապէս` Դաշնակցութեան) հետ եւ զայն ընդգրկել երկրի քաղաքական գործընթացի բոլոր վճռական փուլերուն մէջ: Վերածե՛լ երկիրը մասնակցային ժողովրդավարութեան եւ հնարաւոր դարձնել, որ երկրի միասնականութիւնը ինքզինք ի նորոյ գոյաւորէ եւ բանայ նոր դարը ՀՀ ազգային համերաշխութեան:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչը իր վերջին ելոյթով կը հաստատէ, որ կառավարութիւնը որեւէ քայլ չէ առած այս մարզին մէջ, եւ քաղաքական ուժերու յարաբերութիւնները կը մնան մեռեալ կէտի վրայ:

Ի փոխարէն` պր. վարչապետը ԱՄՆ-ի ելոյթներու իր բեմէն կը յորդորէ. «…Միացեալ Նահանգներում ՀՅԴ ներկայացուցիչների հետ հանդիպման ժամանակ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան (դիտել կու տայ), որ ՀՅԴ-ն պէտք է որոշակի վերագնահատումներն անի վերջին շրջանում ՀՀ-ում ծաւալած իր գործունէութեան վերաբերեալ»:

Յստակ շփոթ մը կայ այստեղ` վարչապետական պատգամատուութեան ձեւին հետ կապուած, որ անպայման պէտք է սրբագրուի: Վարչապետական հասցէատետրը պէտք է միանգամընդմիշտ յստակացուի: Քաղաքական յարաբերութիւններու բացը երկրի քաղաքական բեմին վրայ է այսօր եւ ոչ` հեռաւոր Ամերիկայի մէջ: Երկրի մայրաքաղաքին մէջն է, որ կողմերը պիտի սկսին սրտբացօրէն խօսիլ իրարու հետ եւ ոչ` Միացեալ Նահանգներու մէջ: Երեւանի մէջ է, որ պէտք է վառել խարոյկը, պր. վարչապե՛տ, որպէսզի անոր բոցերը իսկապէս հասնին քաղաքական բեմի բոլոր ոլորտներուն եւ շղթայազերծեն մեր ազգային մեծ տեղաշարժը, որուն կենսական կարիքը ունինք երկար ատենէ ի վեր:

aztagdaily.com/archives/459259

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail