Պայմաններ Ստեղծել Խաղաղ Գործընթացի Մէջ Յառաջընթացի Համար. Փաշինեանը ՄԱԿ-ի Ամպիոնէն Կոչով Դիմած է Ալիեւին

Պայմաններ Ստեղծել Խաղաղ Գործընթացի Մէջ Յառաջընթացի Համար. Փաշինեանը ՄԱԿ-ի Ամպիոնէն Կոչով Դիմած է Ալիեւին

26 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորումը առանցքային նշանակութիւն ունի տարածաշրջանի կայունութեան եւ անվտանգութեան համար: Այս մասին, ՄԱԿ-ի Գլխաւոր ասամպլէայի 74-րդ նստաշրջանին ունեցած ելոյթին ընթացքին, ըսած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան.

«Իմ պաշտօնավարման առաջին իսկ օրէն ես քայլեր ձեռնարկած եմ նոյն այս ծիրին մէջ: Այս նպատակով, ես հանդէս եկայ յայտարարութեամբ, ուր կ՝ըսուի, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան ցանկացած լուծում պէտք է ընդունելի ըլլայ Հայաստանի, Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի ժողովուրդներուն համար: Յատկանշական է, որ ես առաջին հայ ղեկավարն էի, որ նման դիրքորոշում յայտնեց հակամարտութեան կարգաւորման վերաբերեալ:

Զիս խստօրէն քննադատեցին իմ երկրին մէջ լուծման այնպիսի բանաձեւի համար, որ հաւասարութեան նշան կը դնէ հակամարտութեան 3 կողմերուն միջեւ: Այդուամենայնիւ, ես կը հաւատամ, որ ատիկա հակամարտութեան խաղաղ լուծման բանալին է, քանի որ անիկա կ՝ենթադրէ փոխզիջման, փոխադարձ յարգանքի եւ հաւասարակշռութեան հնարաւորութիւն: Ես այդ բանաձեւը ներկայացուցի ոչ միայն հանրութեան, այլեւ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահութեան ներքոյ իրականացուող բանակցութիւններու ծիրէն ներս: Առաջ ընթանալու համար ես կ՝ակնկալէի նման յայտարարութիւն նաեւ Ատրպէյճանէն:

Այնուամենայնիւ, Ատրպէյճանի բարձրագոյն իշխանութիւնները մնացին իրենց դիրքորոշման վրայ՝ ձգտելով ղարաբաղեան հիմնախնդրի այնպիսի լուծման, որ ընդունելի պիտի ըլլայ միայն Ատրպէյճանի ժողովուրդին համար: Ի՞նչ կը նշանակէ ատիկա իրականութեան մէջ: Ատիկա կը նշանակէ, որ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները մտադրութիւն չունին լուծելու այս հակամարտութիւնը: Փոխարէնը, անոնք կ՝ուզեն յաղթել Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին: Անոնք չեն ուզեր որեւէ փոխզիջման երթալ:

Անոնց նպատակը վրէժխնդրութիւնն է 1990-ականներուն եւ 2016-ին Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի դէմ յարձակման անյաջող փորձին համար: Այդ իսկ պատճառով՝ անոնք կը բորբոքեն հակահայկական տրամադրութիւններ իրենց ժողովուրդին մէջ, այդ պատճառով անոնք հսկայական միջոցներ կը ծախսեն սպառազինութեան վրայ, այդ իսկ պատճառով հայատեացութիւնը արդէն դարձած է Ատրպէյճանի պաշտօնական քաղաքականութիւնը»,- ըսած է Փաշինեան:

Ան աւելցուցած է՝ փաստօրէն, մեր հակառակորդները կ՝ուզեն ետ բերել Լեռնային Ղարաբաղի խորհրդային ժամանակներու կարգավիճակը: «Բայց ատիկա ապարդիւն ջանք է, քանի որ խորհրդային շրջանին Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզի ժողովուրդը հռչակած է իր անկախութիւնը եւ ինքնորոշում իրականացուցած այնպէս, ինչպէս ատիկա ըրաւ Ատրպէյճանը՝ դուրս գալով Խորհրդային միութեան կազմէն: Ատրպէյճանի այս դիրքորոշումը հաւասարազօր է Խորհրդային միութեան վերականգնման գաղափարին։ Ատրպէյճանի կառավարութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը կը ներկայացնէ իբրեւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ տարածքային վէճ:

Մենք բնաւ համաձայն չենք հակամարտութեան այդպիսի մեկնաբանութեան հետ: Ատիկա վէճ չէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ: Այս վէճը տարածքային պահանջներու մասին չէ: Խօսքը մարդոց մասին է, տղամարդոց, կանանց եւ իրենց հայրենիքին մէջ ապրելու անոնց իրաւունքին մասին, այնպէս, ինչպէս ապրած են իրենց նախնիները դարերու ընթացքին: Ցաւօք, Ատրպէյճանի իշխանութիւնները չեն ուզեր խօսիլ այդ մարդոց հետ եւ բանակցիլ անոնց հետ, քանի որ անոնք կ՝ուզեն ունենալ տարածքներ, բայց ոչ ժողովուրդ: Աւելի ճիշդ` տարածքներ, առանց ժողովուրդի»,- նշած է ՀՀ վարչապետը:

Նիկոլ Փաշինեան կարեւոր համարած է բացատրել, թէ ինչու կ՝անդրադառնայ այդ թեմային: «Կրնայ թուիլ, թէ ես կ՝ուզեմ նպաստել տարածաշրջանին մէջ լարուածութեան աճին: Ի հարկէ՝ ոչ, ընդհակառակը, ես կ՝ուզեմ ըսել, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը շատ բարդ եւ ցաւոտ հարց է տարածաշրջանի ժողովուրդներուն համար, որ անհնար է լուծել առանց ծանր եւ հետեւողական աշխատանքի, առանց փոխզիջման, փոխադարձ յարգանքի եւ հաւասարակշիռ մօտեցման:

Ուստի ես կոչ կ՝ընեմ իմ գործընկերոջ՝ նախագահ Իլհամ Ալիեւին, ընդունելու բանաձեւը՝ պայմաններ ստեղծելու խաղաղ գործընթացի մէջ յառաջընթացի համար: Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան իւրաքանչիւր լուծում պէտք է ընդունելի ըլլայ Հայաստանի ժողովուրդին, Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին եւ Ատրպէյճանի ժողովուրդին համար: Մենք պէտք է միասին աշխատինք՝ այս բանաձեւը իրականութիւն դարձնելու համար»,- եզրափակած է Փաշինեան:

ԴԵՊԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲՆՆՕՐԱՆ

yerakouyn.com/2019/09/26/պայմաններ-ստեղծել-խաղաղ-գործընթացի-մ/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail