Եգիպտոս Միջազգային Ընտանիքին Կոչ Կ՛ուղղէ` Դատելու Էրտողանը
27 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ահմետ Հաֆեզ միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղեց` հաշուետուութեան ենթարկելու Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը իր գործած ոճիրներուն, մասնաւորաբար Սուրիոյ եւ շրջանին մէջ ահաբեկչութեան աջակցելով, զանոնք զինելով, ահաբեկիչներուն ապահով թաքստոց տրամադրելով ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի որոշումները խախտելուն, ինչպէս նաեւ «իր ժողովուրդին դէմ գործած ոճիրներուն» համար:
Ան զարմանք յայտնեց Էրտողանի` Եգիպտոսի եւ անոր ժողովուրդին նկատմամբ ատելութեան եւ ոխի արտայայտութիւն եղող յայտարարութիւններ կատարել շարունակելուն նկատմամբ: Ան հեգնական նկատեց Էրտողանի` արդարութեան արժէքներու պաշտպանութեան երեւոյթով յայտարարութիւնները, երբ ան շրջանին մէջ ահաբեկչութիւնը կը հովանաւորէ ապաստան տրամադրելով Իսլամ եղբայրներուն եւ կը շարունակէ Եգիպտոսի եւ ամբողջ շրջանին մէջ անոնց քանդիչ գաղափարները տարածել:
Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը նաեւ նշեց, որ Էրտողանի` Սուրիոյ մէջ ահաբեկչութեան աջակցիլը պատճառ դարձաւ սուրիացի ժողովուրդի զաւակներու արեան հեղման: Ան աւելցուց, որ Էրտողան ահաբեկիչներուն դէպի շրջանի երկիրներ, Եւրոպա, Ափրիկէ եւ Ասիա անցք տրամադրեց, որպէսզի անոնց կայունութիւնը քայքայուի, եւ ծայրայեղական գաղափարները տարածուին:
«Եգիպտոս շարունակ դատապարտած է Էրտողանը», նշեց ան:
aztagdaily.com/archives/459341