Ակնարկ. Սոսկալի Կոտորածները Ընդդէմ Ողջակիզումի
27 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2019 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Ցեղասպանութեան հարցով Թել Աւիւ – Անգարա բանավէճը վերարծարծուած է այս անգամ առաջին դէմքերու մակարդակով:
Իսրայէլի վարչապետը խորքին մէջ արձագանգած է Թուրքիոյ նախագահին յայտարարութեան, ուր Իսրայէլը կը մեղադրուէր Կազայի մէջ արաբներու նկատմամբ ողջակիզում իրականացնելու համար:
Իսրայէլի վարչապետին հակազդեցութիւնը չէր ուշանար. Իսրայէլի մասին սուտեր տարածողը, սեփական երկրին մէջ քիւրտեր կոտորողը եւ հայ ժողովուրդի սոսկալի կոտորածը ժխտողը, չի կրնար եւ պէտք չէ դասեր տայ Իսրայէլին. Էրտողա՛ն, վե՛րջ տուր սուտերուդ:
Խնդիրը երկկողմանիօրէն գերքաղաքական ընկալում եւ մօտեցում ունի եւ որեւէ ձեւով ցեղասպանութիւններու ժխտման կամ կանխարգիլման առաջադրանքը չունի:
Պարզ է, որ համաիսլամական-համաարաբական համակրանք վաստկելու վարքագիծի հերթական դրսեւորում է, որ կ՛ունենայ Անգարան` նման ամբաստանութիւն ուղղելով Իսրայէլին: Իրաւաքաղաքական եզրը այստեղ չէ խնայուած. ողջակիզումի ենթարկուած ժողովուրդի պետութիւնը ողջակիզում կը կազմակերպէ այլ ժողովուրդի նկատմամբ: Խորքին մէջ ո՛չ միայն ցեղասպան պետութիւն որակումը կը տրուի Իսրայէլին, այլ նաեւ ժխտողի` մանաւանդ, երբ սուտի մեղադրանքով կը դիմէ Իսրայէլի վարչապետը Թուրքիոյ նախագահին:
Ուշագրաւ է Էրտողանի կողմէ ողջակիզում եզրին օգտագործումը նաեւ այն պատճառով, որ Նեթանիահուն կը շրջանցէ ցեղասպանութիւն բառը, երբ կը խօսի հայկական սոսկալի կոտորածներուն մասին:
Այստեղ պարզ է տրամաբանութիւնը. ցեղասպանութիւնը Քնեսեթին կողմէ չունի ճանաչում, եւ հետեւաբար վարչապետը կը խուսափի զայն օգտագործելէ: Թուրքիոյ պարագային, յայտնաբար նոյն երանգաւորումը պարտադիր չէ: Երկրորդական նշանակութիւն ունի, որ Թուրքիոյ խորհրդարանը իբրեւ ողջակիզում որակած է թէ ոչ արաբներուն նկատմամբ Իսրայէլի պետութեան գործադրած քաղաքականութիւնը. նախագահը որեւէ պահուն կրնայ նման գնահատական տալ Իսրայէլի պետութեան, մանաւանդ երբ քաղաքական բանավէճերուն կ՛ուզէ մագլցողականութիւն ապահովել:
Նեթանիահուն կը հերքէ իր պետութեան դէմ եղած ամբաստանութիւնը, Թուրքիան կ՛ամբաստանէ քիւրտերը կոտորելուն եւ Հայոց ցեղասպանութիւնը գործադրած ըլլալը ժխտելուն համար` առանց եզրոյթի օգտագործման անշուշտ: Այս հիմնաւորումները կը ծառայեն Թուրքիոյ ըսելուն, որ դաս տալու իրաւունք չունի. իսկ «Էրտողա՛ն, վե՛րջ տուր սուտերուդ» կոչը խորքին մէջ ո՛չ միայն Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումին կը վերաբերի, այլ նաեւ Իսրայէլը Ողջակիզում գործադրած ըլլալու Անգարայի մեղադրանքին:
Հակառակ անոր որ հռետորաբանական մակարդակի վրայ նոր նշաձող կարելի է նկատել նման բանավէճին օգտագործուած փոխադարձ մեղադրանքները, այդուհանդերձ կողմերը գիտակից են իւրաքանչիւրի մօտեցման շարժառիթին:
Թել Աւիւ կը գիտակցի, որ արաբական աշխարհին վրայ թրքական ազդեցութեան տարածման մղումն է, որ Անգարան կ՛առաջնորդէ յայտարարութեան առաստաղի բարձրացման. մինչ Անգարան իրազեկ է այս պարագային քրտական գործօնի իսրայէլեան շահարկման նկրտումներուն տարածաշրջանին մէջ անուղղակի վերահսկողութեան քաղաքականութեան իրականացման շրջածիրին մէջ:
Ողջակիզում, սոսկալի կոտորած, ժխտում, սուտ եւ նման բառակապակցութիւններ քաղաքական զինանոցներու մէջ պահուող եւ պահանջուած պահուն օգտագործուող գործիքներ են պարզապէս: Պէտք չէ մոռնալ, որ փոխադարձ մեղադրանքներու խորապատկերին վրայ կը շարունակէ գործել Թել Աւիւ – Անգարա ռազմավարական յատուկ գործընկերութիւնը:
«Ա.»
aztagdaily.com/archives/459446