«Եթէ Ամերիկան Երկխօսութիւն Կ՛ուզէ, Ապա Պէտք Է Ատոր Համար Անհրաժեշտ Պայմանները Ապահովէ» Կ՛ըսէ Ռուհանի

«Եթէ Ամերիկան Երկխօսութիւն Կ՛ուզէ, Ապա Պէտք Է Ատոր Համար Անհրաժեշտ Պայմանները Ապահովէ» Կ՛ըսէ Ռուհանի

26 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի յայտարարեց, որ իր ամերիկացի պաշտօնակից Տանըլտ Թրամփ պէտք է իրենց միջեւ որեւէ հանդիպումէ առաջ վերականգնէ երկու երկիրներուն միջեւ վստահութիւնը: Ան այս մասին յայտնեց ամերիկեան «Ֆոքս Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին:

«Թրամփ Միացեալ Նահանգները իրանեան հիւլէական համաձայնագիրէն դուրս բերելու իր որոշումով ականահարեց այդ վստահութիւնը», ըսաւ Ռուհանի` աւելցնելով. «Վստահութեան վերականգնումի ուղին իրանեան պետութեան ու ժողովուրդին դէմ հաստատուած պատժամիջոցներուն վերջ տալն է»:

Ան շեշտեց, որ Իրանի դէմ հաստատուած պատժամիջոցները ջնջելը «անշուշտ հարցերը պիտի փոխէ»:

«Եթէ ամերիկեան կառավարութիւնը երկխօսութիւն կ՛ուզէ, ապա պէտք է ատոր պայմանները ապահովէ», յայտարարեց Իրանի նախագահը:

Միւս կողմէ, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի նախագահներուն հետ իր հանդիպումէն ետք յայտնեց. «Բանակցութիւններու շուտափոյթ վերականգնման համար պայմանները պատրաստ եղան: Այժմ Իրանին եւ Միացեալ Նահանգներուն կը մնայ առիթը օգտագործել»:

Մաքրոն նախապէս նշած էր, որ այս շաբաթ Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 74-րդ նիստի ծիրին մէջ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի եւ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի միջեւ հանդիպում տեղի չունենալը պիտի ըլլայ «կորսուած առիթ» մը:

aztagdaily.com/archives/459340

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail